08/24/2026
ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արքեպս. Խաչերեանի տնօրինումով Կիրակի, 23 Օգոստոս, 2026ին, Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Սուրիոյ Ճէզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ՝
Հոգշ Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։ Քարոզէն առաջ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան հաւատացեալներուն ներկայացուց Հայր Սուրբը եւ անոր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ այցելութեան նպատակը՝ Գամիշլի քաղաքի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ նորոգութիւնը։ Հաւատացեալներ իրենց սրտաբուխ նուէրները կատարեցին եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը կոկիկ գումար մը յանձնեց Հայր Սուրբին։ Ս. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Արժ. Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան։