Catholicosate of Armenia Major & Armenia Minor

Catholicosate of Armenia Major & Armenia Minor Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from Catholicosate of Armenia Major & Armenia Minor, Religious organisation, Glendale, CA.

Propagating a new religion per our two inspired Bibles in Western Armenian. ՄԵՀԵԱՆ ԲԱՂԴԱՍԱՐՈՅ—Մեծ եւ Փոքր Հայքի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն—ԱՐՄԷՆ Ա., Ամենայն Հայոց Առաջին Կաթողիկոս—«ՀԱՅԱՇՈՒՆՉ. Մարդկութեան Ապագայ Աստուածաշունչը. ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ԲԱՂԴԱՍԱՐՈՅ»։

09/15/2026

Այս բոլորը քիչ մը արմատական ձեւով կը փոխանցենք՝ ըսելու համար մեր ըսելիքը, որ հեռու է վերջնական ըլլալէ, քանզի ինքներս դեռեւս շատ մը հարցեր ունինք, մեզի համար անպարզ, Կանտի իմաստասիրութեան վերաբերող, որոնց մասին չենք ուզեր վերջնական հաստատումներ ընել առանց աւելի խոր եւ համակողմանիաւրէն ուսումնասիրելու առկայ եւ յարակից խնդիրները։ Նիցչէ կարդալը դիւրին է. Կանտ, Հեգէլ ու Հեյդեգգեր՝ ոչ այդքան։ Կանտ այն իմաստասէրներէն է, որուն մասին ամէն ոք կը սիրէ խաւսիլ (առաւելաբար քննադատելու նպատակաւ) առանց կարդացած ըլլալու անոր գործերը։ Իսկ անոր գլխաւոր գործերը պէտք է լուսարձակի տակ առնել անոր հետագայ գործերուն ընդմէջէն։ Իսկ սա մեծ գործ է։ Չես կրնար Կանտի մասին կարգին գիրք մը գրել՝ առանց լիովին ութ թէ տասն տարի յատկացնելու, իսկ սա ա՛յն պարագային, եթէ արդէն իսկ իմաստասիրական լուրջ կրթութիւն կամ նոյնքան լուրջ պատրաստուածութիւն ունիս, այլապէս քսան տարին աչքդ առ։ Շարք մը իմաստասէրներու եւ վերջապէս Հեգէլի կողմէ Կանտի իմաստասիրութեան ժխտումէն ի յայտ կու գան անշրջանցելի խնդիրներ անոր իմաստասիրութեան մէջ։ Բոլորը կը փորձեն կարդացած երեւիլ՝ հոսկէ-հոնկէ մէջբերումներ ընելով այս իմաստասէրներուն մասին կամ աւգտագործելով մէկ ուրիշ կարդացածի կամ չկարդացածի մը եզրակացութիւնները։ Յոյսով ենք, որ Կանտի եւ Հեգէլի իմաստասիրութիւնները ուսումնասիրելու հնարաւորութիւնն կ’ունենանք ձեր վարժարանային Ժ. եւ ԺԱ. դասարանի՝ Ընծայարանի Ա. եւ Բ. տարիներուն համապատասխանող դասագիրքերով։ Ամէն պարագայի, բնանդրա−
բանութեան ուսումնասիրութեան ընթացքին աւելի խոր կերպով պիտի առնչուիք այս խնդիրներուն։

Այսքանը ըսելէն ետք գոնէ սա ալ ըսենք, որ վերոնշեալ իմաստասէրները ա՛յդքան ալ խելացի մարդիկ չեն, որքան որ կը կարծուի իմաստասիրութեան ասպարէզին մէջ։ Անոնց՝ Կանտի, Հեգէլի, Հեյդեգգերի (նոյնպէս եւ Նիցչէի) առաւելութիւնը այլ իմաստասէրներու վրայ մասամբ այն բանի մէջ է, որ իրենց նիւթին քիչ թէ շատ համընդհանուր ձեւով կանուխ տարիքէն տիրապետելու հնարաւորութիւն ունեցած են եւ ապա ձգտած համապարփակ ընդհանրացումներու։ Սա ինքնին, անտարակոյս, գործ է իմացական հսկայի, որ միաժամանակ ունեցած է այդ գործը կատարելու հնարաւորութիւնը։ Սակայն այս երեք իմաստասէրներն ալ, թաթխուած ըլլալով իրենց հասարակութիւնները կլանող քրիստոնէական ըմբռնումներու ծովուն մէջ, չեն կրցած դուրս գալ ատկէ։ Այս ձախողումը այն սահմանափակումն է, որ յաճախ իբրեւ գերագոյն չափանիշ կարելի է աւգտագործել՝ արժեւորելու համար իմաստասէրի մը գործը, մանաւանդ երբ ատիկա կը զետեղուի ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր հասարակութիւնը կլանող գաղափարախաւսութիւնը սկսած է ճարճատիլ։ Նիցչէ միակն է, որ կրցաւ քարուքանդ ընել զինք կաշկանդող շղթաները, սակայն ի վիճակի չեղաւ նոր ճանապարհ մը բանալու՝ հակառակ իր ենթադրութիւններուն այդ մասին։ Մեր մէջ առկայ է համոզում առ այն, որ ան չէ՛ հասկցած մարդկութեան մեծագոյն խնդիրները։ Սակայն ըրածն ալ անկրկնելի գործ է, եւ ակնկալելի է, որ տարիներ շարունակ իմացական սիրահարութեան մը բռնուիք զինք կարդալով։ Այդպէս ալ պէտք է։ Մեր կատարած վերապահումները այս իմաստասէրներուն հանդէպ չեն միտիր զանոնք արժեզրկելուն կամ զանոնք հեռու պահելուն ձեր ուշադրութենէն։ Ընդհակառակն։ Նախ պէտք է ոչ թէ սիրէք զանոնք, այլ սիրահարիք ողջ էութեամբ։ Եւ ալ սովորաբար կը սիրահարի՛ք զանոնք կարդալով։ Ձեր հասունութեան շրջանը այդ սիրահարութենէն տասնամեակ մը կամ տասնամեակներ անց է, որ պիտի կենսաւորուի։ Եթէ փորձէք պայմանականաւրէն սիրել՝ համաձայնագրային “սիրով մը”՝ “տեսնենք շահս ի՛նչ պիտի ըլլայ քեզմէ. ակնկալութիւններս պիտի արդարացնե՞ս իմ աւրէնքներուս մինչեւ վերջին մանրամասնութեան թոյլ տուած պայմաններուն մէջ՝ երկու աննշան բացառութիւններով”, պիտի դառնաք մեծամիտ ապուշներ։ Պիտի անպայմանականաւրէն սիրահարիք այս իմաստասէրներուն եւ իւրացնէք անոնց գործերը, նախքան հնարաւորութիւն ունենալը այդ գործերը անդրանցելու։ Եթէ փորձէք խորամանկութիւն ընել՝ ըսելով ՝ “ես գիտեմ ընելիքս. քեզի կարդամ, որ յետոյ ալ լաւ մը քննադատեմ՝ ապացուցելով խելացութիւնս, եւ անուն շահիմ”, պիտի մնաք սոխի գլուխ կամ, լաւագոյն պարագային, դառնաք խռպոտ ձայնով թռչուն մը։ Առանց այս մեծ իմաստասէրներու իմաստասիրութեանց լիակատար ու անվերապահ ըմբոշխնումին, ատոնց խորագոյն իմացումին, պիտի չկարենաք անդրանցել անոնց իմաստասիրութիւնները։ Այդ պարգեւը ձեզի պիտի տրուի, ձեր մէջ ինքնաբերաբար պիտի ծնի՝ ո՛չ իբրեւ իրաւունք ու պահանջ։

Ահա, կը տեսնէք, որ լաւագոյն հինգ կամ վեց իմաստասէրներէն երեքը թէ չորսը գերմանացիներ են։ Կան նոյնպիսի արժէքով այլ գերմանացի իմաստասէրներ եւս այս թէական տասնեակին մէջ։ Թէեւ ցանկալի բան մը չէ իմաստասէրներու այդպիսի դասակարգում մը կատարելը, այս յանցանքը թող մեզի ներուի, որպէսզի կարենանք հակիրճ փոխանցել մեր պատգամը։ Եւ այս լաւագոյն հնգեակին երեքը կը բանին քրիստոնէական աշխարհակարգի ըմբռնումներով։ Ի՞նչ կը նշանակէ սա։

Կարելի է, աւրինակ, առարկել այն իմաստով, թէ ո՛չ ամէն բան, որ քրիստոնէական է, սխալ է։ Աւրինակ՝ սէրը։ Մէկ կողմ թողելով այս բազմաշերտ յղացքին քննարկումը՝ ըսենք այնքանը, որ կա՛ն համընդհանուր մարդկային ըմբռնումներ, որոնք, առկայ ըլլալով նաեւ քրիստոնէութեան մէջ, այն պատրանքը կը ստեղծեն, թէ այն ամէնը, որ տիեզերական է, քրիստոնէական է, եւ թէ այս իմաստասէրները, արտայայտելով տիեզերականը, պիտի անխուսափելիաւրէն արտայայտած ըլլային քրիստոնէականը, եւ հետեւաբար հնարաւոր չէ քրիստոնէականը անդրանցել։ Սա իրականութեան մէջ ոլորական, ապակողմնորոշիչ միտք է, որ ինքզինքին կը վերադառնայ. արդարաբանութիւն է, աւելի՛, քան իմաստասիրական նկատողութիւն։ Աւելին, կը մատնէ այդպիսի ըմբռնումներու ո՛չ սոսկ քրիստոնէական ըլլալը, որով ալ անիմաստ կը դառնայ տուեալ կրաւնքէն կառչումը, բան մը, որ գաղափարախաւսա−
կան նկարագիր ունի։

Այս երեք գերմանացի քրիստոնեայ իմաստասէրներուն առկայութիւնը լաւագոյն հնգեակին թէ եւթնեակին մէջ, ամէն այլ իմաստաւորումի կողքին, թերեւս կարենայ նշանակել, թէ երեքին ալ փոխարինումը հնարաւոր է ուրիշներով յառաջիկայ հարեւրամեակներու կամ հազարամեակներու ընթացքին, եւ ինչպէս որ այսաւր միջնադարեան՝ քրիստոնէական կամ իսլամական համարուած արդարաբանութիւնները իրենց տեղը կը զիջին ԺԹ. եւ Ի. դարերու շարք մը իմաստասէրներու, մանաւանդ նշեալներուն, նոյնպէս եւ հնարաւոր պիտի ըլլայ նշեալներուն փոխարինումը այնպիսի մեծ իմաստասէրներով, որոնք կը կարենան ամբողջովին դուրս գալ մեր դարերը տակաւին ղեկավարող կրաւնագաղափարախաւսութեան մը աղերսուող ու ատով կապկապուած առասպելաքաղաքական համակարգի մը տակէն։ Եւ ցանկալի է, որ փոխարինուին ուրիշներով, քանզի երեքն ալ թունաւորած են մարդու մտածումի եւ իմաստասիրութեան ոլորտը իրենց զազրելի յուդաքրիստոնէական նախապաշարումներով ու շատ յաճախ սքողուած թէ բացայայտ առասպելաբանական, խորհրդանշաբանական եւ գաղափարախաւսական քարոզչութեամբ, որոնց հանրագումարը քաղաքական է եւ զեղծարարապաշտական։ Այս պատճառաւ ալ դժուար է որեւէ տեղ կարգին ուսում ստանալը, քանզի դասախաւսներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը ձեր խոհարանին մէջ պիտի թխմէ իմաստասիրութեան պիտակի ներքոյ անոնց քարոզած կրաւնաքաղաքական եւ խորհրդանշաբանական խոհային ստրկատիրութիւնը. ոմանք նոյնիսկ նպատակադրաբար։ Ոմանց խորագոյն քաղաքական չյայտարարուած երա՛զն իսկ ատիկա է. համալսարանները շահագործել տարածելու եւ համաշխարհայնացնելու համար իրենց քաղաքական նպատակներէն դիասնուող առասպելաբանութիւններն ու խորհրդանշաբանութիւնները։ Շատ աւելի յոռի է պարագան Արեւելահայաստանի Մեռելապետութեան մէջ, ուր ստրկապաշտ աւանակներու ուսուցչական եւ դասախաւսական երամակ մը, դեռ չըսենք՝ փիղոնական, գիշեր-ցերեկ ձեր ուղեղներուն մէջ կը վերարտադրէ իր իսկ մէջ ներբեռնուած այդ առասպելաքաղաքական ծրագիրները՝ “հայոց եկեղեցիի”, աւանդապաշտութեան եւ ազգայինի պիտակներուն ներքոյ ձեզ կախարդելով ու վերածելով այդ համաշխարհային կուռքերու ինքնագործ սպասարկուներուն։ Իսկ որպէսզի այսպիսիներուն աղբը դադրիք որոճալէ, արդէն իսկ պէտք է գտնուիք այնպիսի բարձունքի մը վրայ, որ զերծ կարենաք մնալ անոնց խորհրդանշաբանական քարոզչութեան ազդեցութենէն։

Հոս կը կարեւորուի ձեր ուսուցիչին թէ դասախաւսին իմացական խորքն ու տաղանդը։ Ան պէտք է կարենայ ձեզի փոխանցել առկայ իմաստասիրութիւնները այնպիսի ձեւով, որ զոհն ու խաղալիքը չդառնաք նշեալ եւ այլ իմաստասէրներու խորհրդանշաբանական ու առասպելաքաղաքական ստրկատիրութեան եւ միեւնոյն ատեն ձեռք բերէք բարձր իմաստասիրական կրթութիւն։ Այդպիսի դասախաւսներ գտնելը գրեթէ անհնար է։ Ոչ միայն դասախաւսներ, այլեւ դարուս մէջ բազում անուանի իմաստասէրներ, որոնք գրաւած են իմաստասիրութեան լսարանը ողջ աշխարհի տարածքին, կը մտածեն նո՛յն խորհրդանշաբանութեանց բառերով, նո՛յն առասպելաբանութեանց հովանիին ներքոյ նո՛յն մտածումի եղանակներով։ Այդ ճանապարհը դո՛ւք է, որ պիտի բանաք։ Իսկ այս մեծ իմաստասէրներու կրաւնաքաղաքական ստրկատիրութենէն ազատագրուելու ջանքին ընթացքին իւրաքանչիւր քիչ թէ շատ կայացած ազգ թէ կրաւնք ինքզինք պիտի փորձէ տեսնել միտքի նոր ջահակիրներու շարքերուն մէջ։ Սակայն անոնց բոլորին ալ ըրածը, եթէ դատենք այժմու փորձերէն, կը թուի, թէ պիտի ըլլայ աւելի նուաստ ու կեղծ, քան այս մեծութիւններուն ըրած գործը։ Պղատոն ու Արիստոտէլ պիտի մնան այս հնգեակին թէ եւթնեակին մէջ տակաւին բազում հազարամեակներ, իսկ ուրիշներ պիտի գան ու երթան։ Առաջին եւթնեակին յաջորդ հի՛նգ իմաստասէրներն ալ կրնան գալ ձե՛ր շարքերէն, եթէ . . .

(շարունակելի)

Հատուած արեւմտահայ միակ իմաստասէր ու հոգեւոր հազարամեակ կերտող ռահվիրա ԱՐՄԷՆ Ա.-ի Լիբանանի հայ ինքնայորջորջեալ գրեթէ բոլոր կրթական եւ մշակութային հայասպան հաստատութեանց կողմէ սարսափելի ատելութեամբ 2.800 հատոր աղբանոց թափուած ՀՆԱԳՈՅՆ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԲԱՐՈՅԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ--ՔԱՂԱՔԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ մատեանի ԹՐԱՍԻՒՄԱՔՈՍ ՔԱՂԿԵԴՈՎՆԱՑԻԻ իմաստասիրութեան վերաբերող գլուխէն:

Մատեանը կը կարենաք առայժմ անվճար ներբեռնել մեր էջին վրայ տեղադրուած յղումով:

Վերջին զգուշացում եւ առիթ փրկելու ձեր պատիւը հայոց պատմութեան յաւիտենական դատաստանէն. եթէ տպարանը արդէն իսկ մնացեալ հատորները ոչնչացուցած չէ, կրնաք զանոնք տպարանէն ձեռք բերել ու վերջնական կորուստէ փրկել:

09/14/2026

Երբ կ’ապաւինինք բացարձակին կամ կը ժխտենք բացարձակը, արդէն իսկ ոտք դրած կ’ըլլանք իմաստասիրութեան երկու տարբեր եւ յաճախ իրարու անհաղորդելի ուղղութիւններէն մէկուն կամ մեւսին մէջ։ Հոս առկայ է տրամաբանական տարրական խնդիր մը։ Երբ երկու անկախ յղացքներ իրարու հետ յարաբերութեան մէջ կը դնենք յարաբերութեան եզակի պայմանով մը, այս պարագային՝ ըլլալու կամ չըլլալու պայմանը, կ’ունենանք չորս հնարաւոր արտադրեալներ։ Սա տարրական թուաբանական խնդիր է, որուն աւելի ընդհանրական ընկալումը կը գտնենք “հաւաքներու տեսութիւն” անուանուած ուսողութեան գերդաշտին մէջ։ Եթէ երեք ըլլար յղացքներուն թիւը, կ’ունենայինք ութ հնարաւոր արտադրեալներ։ Եթէ այս յղացքները անկախ են իրարմէ, ապա կրնանք ենթադրել հետեւեալ հնարաւոր յարաբերակցութիւնները.
Աստուած կայ, Բացարձակը կայ։
Աստուած կայ, Բացարձակը չկայ։
Աստուած չկայ, Բացարձակը կայ։
Աստուած չկայ, Բացարձակը չկայ։
Լայն հաշիւով մը իմաստասիրութեան երկու գլխաւոր ուղղութիւնները կը պատկանին առաջին եւ վերջին տրամաբանական յարաբերակցութեանց։ Քիչ են մարդիկ, որոնք, դուրս գալով այս յարաբերակցութիւններէն, կը թեւակոխեն երկրորդ կամ երրորդ յարաբերակցութեանց ոլորտները։ Կրնանք ենթադրել, թէ առաջինին եւ չորրորդին պատկանող մարդիկ պարզապէս քարամտութեան մէջ են, քանզի ահա մեր առջեւ կը տեսնենք չորս հնարաւոր տրամաբանական յարաբերակցութիւններ, իսկ ատոնք մեր մտածումը կ’աղքատացնեն՝ չորսէն երկու հնարաւորութիւնները դուրս թողելով եւ ապա մեզ ներքաշելով մտածումի իրենց զոյգ բեւեռներուն ոլորտը։ Ցանկալի չէ շտապել մեր եզրակացութեանց մէջ՝ Կիւրակէն Ուրբաթէն առաջ բերելով։ Թերեւս անտեղի պիտի չըլլայ ենթադրել, թէ առաջինին եւ չորրորդին յարող մարդիկ ոչ թէ տիեզերական ճշմարտութիւններու է, որ հասու կ’ըլլան, այլ իրենց միտքի բանտին մէջ այլընտրանք չունին այս չորս՝ առաւելաբար ուսողական եւ տրամաբանական հնարաւորութիւններէն դուրս։ Այս չորսէն դուրս գալու փորձը կրնայ թուիլ քաջագործութիւն։ Բայց եթէ ատիկա իրաւամբ անհնար է, ապա պիտի բախինք բնազանցութեան մը պատին, զոր ճեղքելը անհնար պիտի ըլլայ։ Այս հարցը մեզ կրնայ տանիլ բնանդրաբանութեան ոլորտը։ Սակայն բնանդրաբանութիւնը եւս դժուար թէ կարենայ անդրանցել անդրանցականը եւ ի պարտադրանքէ կը վերադառնայ այս չորս հնարաւորութեանց ասպարէզ։

Ի՞նչ է այս անդրանցականի պատը։ Այս նիւթը քննարկելու հնարաւորութիւն կ’ունենաք աւելի բարձր դասարաններու մէջ։ Սակայն մեր մէջբերած աւրինակով իսկ կրնանք նախնական պատկերացում մը կազմել անդրանցականի մասին։ Պարզ մեկնութեամբ մը անդրանցականը այն է, որ փորձառութեամբ հասու չէ։ Եթէ կը յիշէք մեր նախորդ տարուան դասագիրքէն, Պարմենիդէս Հայեղեցիի էաբանութեան մէջ այս խնդիրին թեթեւակի անդրադարձանք։ Պարմենիդէսի Է-ն անընկալելի է զգայարանային փորձառութեան միջոցաւ. անհաղորդելի։ Տեսանք, թէ ի՛նչպիսի արմատական մտայղացում մըն էր սա, որ ունէր աւելի խոր հետեւանքներ, քան սոսկական հայեացքով կրնար թուիլ։ Արդեւք որեւէ բան կը մնա՞յ ընկալելի, եթէ ճանաչողութիւնը պարպենք զգայարաններով մեզի հաղորդուած իրականութենէն։ Սա այն գլուխ կոտրող հարցն է, որուն առայսաւր ոեւէ իմաստասէր չէ կրցած համոզիչ կերպով պատասխանել, որուն պատճառաւ ալ յուսալքեալ իմաստասէրներու մեծ փաղանգ մը կը տիրէ իմաստասիրութեան ասպարէզին, որ մերժելով բնանդրաբանականը՝ ոխերիմ թշնամութեամբ եւ անձնական վիրավորանքներով կը վերաբերի իւրաքանչիւր հակառակը պնդող իմաստասէրի։ Զոյգ փաղանգներուն մաս կազմող իմաստասէրներն ալ իմաստասիրութեան վերջին դարերու պատմութեան լաւ չեն տիրապետեր։ Սա ի յայտ կու գայ անոնց կողմէ ինչ որ բաներ ապացուցելու եւ խնդիրներ քննարկելու փորձերէն, խնդիրներ, որոնք քննարկուած են ու պատասխանուած ոչ-անյայտ իմաստասէրներու կողմէ։

Պարմենիդէս Հայեղեցիի իմաստասիրական մասունքներէն կրցանք ենթադրաբար հաստատել, որ Էութիւնն ու Բանականութիւնը անանջատելի էին անոր համար։ Սակայն երբ կը բախենք մարդու անդրանցականէն ելքի դարպասը, աւելի՛ ահռելի իրականութիւն մը մեզի կրնայ դիմակայել այն մէկէն, որուն Պարմենիդէսի իմաստասիրութեան մէջ հանդիպեցանք։ Եթէ հարցը դնենք այսպէս՝ թէ ինչո՛ւ պէտք է սահմանափակուիլ Բանականութեամբ, խնդիրը կը ստանայ տգեղ երես մը։ Պարմենիդէսի Է-ն, ըլլալով էաբանութիւն մը, ընկալելի է Բանականութեամբ։ Բայց երբ յանդուգն փորձ մը կատարենք փլելու անդրանցականի պատը, միթէ որեւէ էաբանութիւն պիտի չդադրի՞ մեզի աւգնելէ։ Կարելի է հարցին նայիլ այսպէս. միթէ Բանականութիւնը մարդկային փորձառութեան վերացականացում մը չէ՞։ Կարելի՞ է կեանքը պատկերացնել առանց մարդու։ Կարելի է։ Կարելի՞ է Տիեզերքը պատկերացնել առանց մարդու։ Նոյնպէս կարելի է։ Երկու պարագաներուն ալ, սակայն, կան վերապահումներ, այն իմաստով, որ երբ պատկերացնողը չկայ, պատկերացուածը եւս չկայ, կամ թէ պատկերացուածը սոսկ պատկերացնողի ընկալումն է այն աշխարհին, որ մեզմէ կը վրիպի. իսկ երբ պատկերացնողը չկայ, պատկերացուածը եւս որեւէ յենարան չունի առկայ ըլլալու, քանզի որեւէ այլ յղում չունի Տիեզերքի մէջ։ Այսինքն՝ չկա՛յ փորձադաշտ մը, որ պարփակէր պատկերացնողին պատկերացուցածը, որ եւ գոյատեւէր, երբ պատկերացնողը անգոյանար։ Սակայն եթէ մենք մեզի քիչ մը նեղենք, թերեւս սա ալ կարենանք յաղթահարել եւ ըսել, որ Տիեզերքը կարելի է պատկերացնել առանց մարդու։

Երբ կը խաւսինք պատկերացման մը մասին, արդէն գործ ունինք կենսաւոր, զարգացած էակի մը հետ։ Ի՞նչ է ա՛յն անդրանցականը, որ պայմանաւորուած չէ պատկերացում կազմող էակներով։ Կարելի՞ է ընդհա՛նրապէս խաւսիլ անդրանցականի մասին այս պարագային։ Թէ՞ պէտք է բաւարարուինք բնազանցականի յղացքով։ Հոս է, որ խնդիրը կը սկսի բարդանալ։ Քանզի բանական ո՛րեւէ ընկալում ունենալու համար անբանական բնանդրաբանականի մը մասին այլ ելք չունինք՝ բացի անբանական բնանդրաբանականը բանականացնելէ. ոչ թէ արհեստականաւրէն բանականութիւն կարելէ անբանականին, աւրինակ՝ Աստուծոյ կամ վերջինիս յղացքը գործածելով մարդկայնացնել թէ բանականացնել անբանական եւ յարաւրէն պայմանական բնանադրաբանականը, այլ սոսկ բանականութեամբ իւրացնելով էափոխել անբանականը։ Կարելի է ըսել, թէ այս երկուքը նոյն բան են։ Թերեւս, ի վերջոյ։ Զոյգ կարելիութիւններն ալ, յամենայն դէպս, ոյժականութիւնը ունին իմաստասիրական նոր դուռներ բանալու՝ առ այսր անըմբռնելի, եւ թեւակոխելու գիտակցութեան նոր դաշտեր։ Թերեւս մեզի է, որ այդպէս կը թուի։ Սակայն ասով կարելի է առնուազն հարց տալ. միթէ բնանդրաբանականը բանականութեամբ ըմբռնելը մեծագոյն հետեւանքներ ունեցող պատմական սխալ մը չէ՞ հնագոյն յունական իմաստասիրութիւններէն ակունքուող, ապա խորացուող դասական շրջանի իմաստասիրութիւններուն մէջ, ապա եւ միաստուածեան կրաւնքներու միջոցաւ մարդու իմացական կարողականութիւնը բանտարկող, ապա գերմանական շարք մը արդի իմաստասիրութիւններու մէջ իրենց ծաղկումը ապրող, սխալ մը, որ պայմանաւորուած է բանական էակներու պատմայնականութեամբ։ Հեգէլ, աւրինակ, պիտի ըսէ՝ ոչ, եւ ապա ստեղծէ խոր ու շատերու կողմէ դեռեւս անըմբռնելի իմաստասիրութիւն մը՝ իր ողջ կեանքը տրամադրելով Կանտի իմաստասիրութեան հիմնարար ենթադրեալներու հերքումին ու այդ հերքումէն իսկ սերելով իր իմաստասիրութիւնը։ Վստահ եղէք, որ իմաստասիրութեան դասախաւսներուն առնուազն 95 տոկոսը անոր գործերը կարդացած չէ,— դեռ չըսենք՝ այս հարցերուն անդրադարձող ոչ նուազ կարեւոր, բայց ոչ հանրահռչակ այլ իմաստասէրներու գործերը,— նոյնիսկ այն պարագային, երբ իբր թէ կը հերքեն անոր իմաստասիրութիւնը, որուն տակ պարզապէս պէտք է հասկնանք՝ կը հաստատեն իրենց նախապաշարումները, եթէ պարզապէս չեն որոճար հոսկէ-հոնկէ հաւաքած իրենց նիւթը գրողներուն նախապաշարումները։ Սակայն եթէ պահ մը ընդունինք, թէ սխալ մըն է, ապա գործ պիտի չունենա՞նք, ուրեմն, եղելութենական սահմանափակութեան մը հետ, զոր բեկանելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ թեւակոխել անդրբնանդրաբանական ոլորտ մը, ուր մեր բոլոր անդրանցական եւ բնազանցական առ այսր ենթադրեալ կայունութիւնները, կարելի է ըսել, կը թափին սեւ խոռոչի մը մէջ։ Եւ դուրս կու գան ատկէ իբրեւ նոր պայմանական կայունութիւններ եւ էաբանանութիւններ (նոյնիսկ եթէ այս պատկերը գիտականաւրէն չհամապատասխանէ սեւ խոռոչներու բնոյթին. զայդ կը գործածենք միտքը փոխանցելու համար)։ Եւ սա՝ յաւերժաւրէն։ Այլաբանաւրէն՝ գործ չունի՞նք արդեւք ծուռ ու անբանական, տիեզերական Բաղդասարի անդրէութեան հետ, որուն ահարկու հզաւրութիւնը ծածուկելու փորձ մը եղած են առ այսաւր առկայ բոլոր կրաւնքներու եւ քաղաքակրթութիւններու նկրտումները իրենց սանասարական դիմագիծներով։

Կա՞ն, արդեւք, անդրանցութեան աստիճանական ոլորտներ, թէ՞ անդրանցութիւն ըսելով պէտք է հասկնանք բացարձակ անդրանցութիւն մը, որ ո՛չ մէկ բանով է պայմանաւորելի։ Սովորաբար այս վերջինն է, որ կը հասկցուի անդրանցութեամբ։ Սակայն չէ եղած ոեւէ իմաստասէր, որ բացարձակ անդրանցականի իր քննութեան մէջ տեղ մը անպայման չսայթաքի եւ ձեւով մը տեղ մը պայմանականութիւն չմտցնէ։ Երբ կը խաւսինք անպայմանական անդրանցականի մասին, խաւսած կ’ըլլանք ամենաքիչը Ժամանակէն իսկ առաջ կամ դուրս առկայ հնարաւորի մը մասին, ոչ միայն մարդկային, մոլորակային ժամանակէն, այլեւ բոլոր հնարաւոր ժամանակներէն։ Այս խնդիրին մասին հանգամանալի քննարկում ունի ԺԸ. դարու գերմանացի իմաստասէր Կանտ։ Կանտի նշած անդրանցականէն բխող խնդիրներու շրջանցումին միտող փորձ մըն է, նման փորձի մը երախայրիքներէն է, ոչ առաջինը, յամենայն դէպս, Հեգէլի եւ աւելի ուշ Ի. դարու իմաստասէր Հեյդեգգերի իմաստասիրութիւնը։ Վերջինս իմաստաւորելով եւ ընդհանրացնելով հանդերձ խնդիրը, իրականութեան մէջ թերեւս խորքային ըսելիք չունի։ Սակայն Հեյդեգգեր կ’առնէ կարեւորագոյն քայլ մը։ Ա՛յն, ինչ որ առ այսր ըմբռնուած է իբրեւ անդրանցական ան կը վերածէ պայմանականի՝ պայմանականութեան ոլորտը ընդարձակելով ու ատոր մէջ ներառելով մարդկային անդրանցականը։ Սա որակապէս քիչ մը տարբեր քայլ է առ այդր հաստատուած անդրանցական պայմանականութիւններէն։ Եթէ այս տրամաբանութիւնը կարենաք իր յանգումին տանիլ, պիտի կարենաք առ այսր անըմբռնելի նոր իմաստասիրական ոլորտներու դուռները բանալ։ Կանտ կը խաւսի ի յառաջագունէ անբեկանելիներու մասին։ Բայց երբ ուշադրութեամբ կարդանք այդ անբեկանելիները, կը տեսնենք, որ ատոնք սոսկ հաստատումներ են՝ առանց ապացոյցի, եւ ատոնց մէկ մասը, հակառակ Կանտի պնդումներուն, պայմանական՝ մեր Տիեզերքի աւրինաչափութիւններով կառավարուող, իսկ այլապէս՝ կրկնաբանութիւններ։ Ապացուցելի կամ ոչ, թերեւս էական ալ չէ, ինչպէս որ էական չէ Եւկղիդեան չափագիտութեան անապացուցելի հաստատումներու ապացուցման խնդիրը առհասարակ։ Եթէ բախտաւոր ըլլանք, աւր մը այս մասին խաւսելու առիթը կ’ունենանք։ Սակայն այս քննադատութիւնները տեղին ու ժամանակին ուղղուած են Կանտի դէմ տարբեր իմաստասէրներու եւ իմաստասիրութեան նրբահայեաց դասախաւսներու կողմէ, որոնք գրեթէ տող առ տող բզիկ-բզիկ ըրած են անոր իմաստասիրութիւնը։ Այդ բոլորը մոռցուած են շատերու կողմէ, որոնք վերջին մէկ դարուն նոր բան մը յայտնաբերողի պէս քննադատելու կ’ելլեն Կանտի իմաստասիրութիւնը, ոմանք ալ այդպիսով ՝ իբրեւ թէ նոր ճանապարհ բանալու իմաստասիրութեան մէջ։ Որոնց ալ իմաստակութիւնները դուռ-դրացի-բարեկամ-ընկեր-կրաւնակից-գաղափարակից-նպատակակից-դասակից դասախաւսներու, ինչպէս նաեւ այսպիսիքին սպասարկող նորելուկներու, տէրտէրներու եւ բարձրահասակութեան մարմաջով տուայտող ու կայսրութիւններու աղբով կերակրուող տեղական ինքնակարգ հիւպատոսներու կողմէ կը հրամցուին ձեզի իբրեւ շողշողուն ու նոր իմաստասիրութիւններ։

Կանտի պարագային կայ, սակայն, մէկ այլ հարց նաեւ։ Անոր իմաստասիրութեան մէջ իբրեւ ենթահող կը գերակշռեն քրիստոնէական որոշ ըմբռնումներ։ Իմաստասիրական պաճուճանքով հանդէս եկող շարք մը իմաստակութիւններ կը նկրտին կործանելու կանտեան իմաստասիրութիւնը կա՛մ ուղղակի քաղաքական նպատակներով, կա՛մ իրենց կրաւնաքաղաքական նախապաշարումներուն տեղի տուած կամ զոհը դարձած ըլլալով։ Սա չի նշանակեր, թէ Կանտ քննադատութեան տեղ չունի, ինչպէս որ նշեցինք։ Այլ ներկայ դարու քննադատութիւնը առհասարակ քաղաքական եւ գաղափարախաւսական մղումներէ թելադրուած քննադատութիւն է եւ կամ յաւերժական կրկնաբանութիւն։ Իսկ սա մեծ հարց է իմաստասիրութեան պատմութեան հոլովոյթին համար, քանի որ մեր նախանշած հինգ մեծագոյն իմաստասէրներէն՝ Կանտ, Հեգէլ, Հեյդեգգեր, երեքն ալ գերմանացիներ, երեքն ալ կը բանին քրիստոնէական բնազանցութեան մը կարելիութեան մը պարուրանքին մէջ նշեալ իսկ հերթականութեամբ՝ այդ պարուրանքին ենթակայ ըլլալու տարողութեան մէջ։ Թերեւս ամենաշատ նախապաշարեալը այս առումով Կանտն է, երկրորդը՝ Հեգէլ։ Հեյդեգգեր կը փորձէ իբրեւ թէ դուրս գալ այդ պարուրանքէն, ըստ մեզի՝ առանց լիարժէք յաջողութեան։ Թերեւս աւր մը միտքերնիս փոխենք այս մասին։ Սա մեր ընդհանուր տպաւորութիւնն է առայժմու։ Իսկ այս երեքն են, որ կան Պղատոնի եւ Արիստոտէլի կողքին։ Վերջին երկու դարերու իմաստասիրութիւնները, ընդունին կամ ոչ, առհասարակ կը սերին այս երեքէն։ Ա՛յդ իսկ պատճառաւ առանց գերմաներէնի լիակատար իմացումին դժուար թէ իմաստասէրներ կարենաք դառնալ։ Քանի մը հազարամեակ անց, եթէ մարդկութիւնը մինչ այդ իր ծոցէն բերած ըլլայ նոր ու մեծ իմաստասիրութիւններ, որոնք արմատաւորուած չըլլան քրիստոնէական գաղափարական ենթահողին մէջ, թերեւս նշեալ երեք իմաստասէրներուն կարեւորութիւնը նուազի կամ խամրի։

Մեր դարուն, սակայն, չէք կրնար իմաստասիրութիւն ընել՝ առանց տիրապետելու այս երեքի իմաստասիրութիւններուն. ձեր ըրածը պիտի ըլլայ չորրորդ դասարանի զբաղում։ Ազատագրման առումով Նիցչէ (դա՛րձեալ գերմանացի) անփոխարինելի է եւ զինք անվարան կրնանք ներառել լաւագոյն տասնեակին մէջ, եթէ կայ այդպիսի բան մը։ Սակայն Նիցչէ շուտ մահացաւ, եւ չենք կրնար ըսել, թէ ան պիտի կարենա՛ր արդեւք նոր իմաստասիրութիւն մը մէջտեղ բերել, թէ ոչ։ Բանասէրներու եւ գրականագէտներու մէջ փոխանցիկ հիւանդութիւն մը կայ, որմէ վարակուողը ամպագոռգոռ յայտարարութիւններ կ’ընէ, թէ այսի՛նչ կամ այնի՛նչ կանխահասաւրէն մահացած հեղինակը ոչ մէկ բան ունէր աւելցնելու իր գործերուն վրայ, քանզի արդէն սպառած էր ինքզինք։ Ուրտեղէ՞ն գիտես, ապո՛ւշ։ Կ’ենթադրենք, թէ հայ միտքի եւ մշակոյթի 99,99 տոկոսը գերեզմանին մէջ է, դեռ չծնած՝ սպաննուած հանճարներու եւ կանխահասաւրէն մահացած (որ նո՛յնն է՝ սպաննուած) հանճարներու չհեղինակուած գիրքերուն մէջ։ Հայ միտքին դէմ այս տիեզերական սպանդը կազմակերպողները առաջին հերթին այն կայսրութիւններն են, որոնք իրենց մանկլաւիկներուն միջոցաւ գերիշխած են հայ ազգին վրայ, որուն մէջ նաեւ մեծ բաժին ունեցած է եւ մինչեւ աւրս յամառաւրէն կը շարունակէ ունենալ հայոց եկեղեցին հայոց իշաբարոյ ու ծնրադրապաշտ քաղաքական եւ մշակութային կազմակերպութիւններուն՝ ինքզինքնին անկախ կարծող անբուժելի ստրուկներուն հետ խորագոյն համերաշխութեամբ։ Այս ժառանգական ստրկութեան վառ ապացոյցներէն է աւտար կայսրութեան մը կողմէ իբրեւ հոգեւոր սատրապ նշանակուած կաթողիկոսի մը առջեւ համազգային քծնանքը բաւանդակ կղերական դասին, բաւանդակ գրող-մրող կոչուած պոռնիկներու բանակին, համայն լրագրողաց եւ առհասարակ քաղաքական ու ակադեմական դասին կողմէ, պատմաբամատմաբան կոչուած տզրուկներդ ներառեալ։ Նոյնն է պարագան հոն, ուր կաթողիկոսդ աներեւոյթ սատրապն է աւտար գաղափարախաւսական եւ խորհրդանշաբանական համակարգի մը։ Ինքնակամ գործակալը։

Առկայ իմաստասիրութեանց մասին Նիցչէի քննադատութիւնները մեծ արժէք ունին։ Թէեւ արդէն երկու տասնամեակ առաջ կարդացած ըլլալով անոր գրեթէ բոլոր գործերը՝ կրնանք, յամենայն դէպս, ըսել, որ ոչ միայն իմաստասիրութեան, այլեւ մարդկային եղելութենականութեան համար անոր թելադրանքները թելադրանքներ ըլլալէն այն կողմ հազիւ թէ անցնին։ Նիցչէ, ամէն պարագայի, 40 տարեկան երեխայի խելք ունէր, ինչպէս որ Չարենց։ Հանճարի մը մեղքը չէ, եթէ շուտ մահացաւ կամ սպաննուեցաւ։ Հնարաւոր է, որ տասնամեակ մը անց յղանար այն ուղին, որուն հազիւ ուրուագիծը կը տեսնէր՝ ունենալով հանդերձ տեսանկիւնային մեծ սխալներ։ Չենք կրնար որեւէ լուրջ դատողութիւն ընել այդ մասին։ Մէկ բան պարզ է, որ այդ ուղին մնաց չյղացուած։ Սակայն այդ առնչութեամբ ան ոեւէ մէկուն պարտական չէ։ Կատարեց իր գործը, գոնէ առաջին կէսը, որ մարդու միտքի պատմութեան հոլովոյթին առումով կենսական նշանակութիւն ունէր։ Ձեր առջեւ մեծ ճանապարհ կայ բաց, եթէ լրջաւրէն հետեւիք իմաստասիրութեան, զոր պէտք է սկսիլ շատ կանուխ տարիքէն, այնպէս, ինչպէս, որ նուագելը պէտք է սկսիլ շատ կանուխ տարիքէն՝ լաւ երաժիշտ դառնալու համար։ Նիւթը անսպառ է։ Իմաստասիրութիւնը կը ծաղկի սոսկ հոն, ուր միջավայր կայ ծաղկելու։ Այդ միջավայրը առհասարակ կը ստեղծեն պետութիւնները, իսկ առաւելաբար՝ կայսրութիւնները. եւ պատմականաւրէն ատիկա եղած է մի՛շտ ուրիշի հաշուոյն։ Իմաստասիրութիւնները ծաղկած են աշխարհակալական լեզուներով։ Սա իսկ, դեռ չհաշուած աշխարհակալական քաղաքականութեանց այլ աւերները անոնց ենթակայ թէ անոնց իշխանութեան լուսարձակին ներքոյ յայտնուած ժողովուրդներուն հանդէպ, բաւարար պատճառ է հաստատելու, որ բոլո՛ր իմաստասիրութիւնները ծաղկած են ուրիշներո՛ւ հաշուոյն։ Այս պարունակին մէջ այդ իմաստասիրութիւններուն մեծ մասը ա՛յլ գունաւորում եւ արժեւորում պիտի ունենար, քան որ այսաւր կը տրուի ատոնց՝ աշխարհակալական ակադեմիաներու եւ համալսարաններու մէջ աշխարհակալական լեզուներով աշխարհակալական հրատարակչատուներու կողմէ, որոնց արտադրանքը, կաթկթելով նշեալ աղբեւրներէն, կը լիացնեն աշխարհի ժողովուրդներու մտածումի ամբարները մեկնաբանական նո՛յն աղբը տառացիաւրէն որոճացող դասախաւսներու եւ գրողներու միջոցաւ։

Հատուած արեւմտահայ միակ իմաստասէր ու հոգեւոր հազարամեակ կերտող ռահվիրա ԱՐՄԷՆ Ա.-ի Լիբանանի հայ ինքնայորջորջեալ գրեթէ բոլոր կրթական եւ մշակութային հայասպան հաստատութեանց կողմէ սարսափելի ատելութեամբ 2.800 հատոր աղբանոց թափուած ՀՆԱԳՈՅՆ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԲԱՐՈՅԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ--ՔԱՂԱՔԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ մատեանի ԹՐԱՍԻՒՄԱՔՈՍ ՔԱՂԿԵԴՈՎՆԱՑԻԻ իմաստասիրութեան վերաբերող գլուխէն:

Մատեանը կը կարենաք առայժմ անվճար ներբեռնել մեր էջին վրայ տեղադրուած յղումով:

Վերջին զգուշացում եւ առիթ փրկելու ձեր պատիւը հայոց պատմութեան յաւիտենական դատաստանէն. եթէ տպարանը արդէն իսկ մնացեալ հատորները ոչնչացուցած չէ, կրնաք զանոնք տպարանէն ձեռք բերել ու վերջնական կորուստէ փրկել:

09/14/2026

«Ոչ միայն «հայ իրականութիւն» յորջորջեալ համաշխարհային ախոռին մէջ, այլեւ թերեւս բովանդակ «մարդկութիւն» յորջորջեալին, առնուազն Ամերիկոյ Միացեալ Նախիրներուն մէջ գրականութիւնը մտած է դամբարան։ Բովանդակ գրական աշխարհը կը ղեկավարուի հաշիւ ու շահ ունեցող հայվաններով ու հայվանուհիներով, սրիկաներով ու բոզերով։ Անգղիերէն Catabasis գիրքս աչքէ կ՚անցընեմ նախքան հրատարակումը ու կը մտածեմ՝ որո՞ւ համար եմ ես գրած այս արդէն 25 տարիէ ի վեր խմորուող գիրքը։ Եթէ կը կարծէք, թէ Ամերիկայի մէջ այս գիրքը ընթերցելու ունակութիւնը ունեցող մարդիկ կան, ապա չարաչար կը սխալիք։ 10.000-էն կամ 50.000-էն հազիւ մէկ մարդ որեւէ բան կը կարենայ հասկնալ այս գիրքէն, գնահատել ատոր արժէքը՝ ատիկա ալ մասնակի, քանզի ոեւէ մէկը չի կարենար ամբողջական գնահատականը տալ բազմաշերտ այս մատեանին։

Արեւելահայոց մէջ ես միայն մէկ մարդ կը ճանչնամ, որ կը կարենայ հասկնալ այս գիրքին առնուազն գրական արժէքը. երբեմնի բարեկամս, ինքնին տաղանդաւոր գրող Կարէնը։ Տարիներէ ի վեր կապ չունիմ հետը պարզ այն պատճառաւ, որ չեմ ուզեր իր էջին վրայ յաճախ երեւցող արեւելահայ խորթլախներուն պատկերները տեսնել (մա՛նաւանդ երբ կը գիտակցիս, որ այդ՝ իբրեւ «գրող» հանդէս եկող խորթլախները աքսորիդ մասնակիցները, մեղսակիցներն ու շահառուներն են, որոնք, սատկին ալ, բերաննին չեն բանար նոյնիսկ մէկ բառ ըսելու իրենց գրչեղբաւր աքսորին մասին)։ Նոյնն էր պարագան մտերմագոյն ընկերոջս Սեւին։ Բարեբախտաբար Սեւը ատենէ մը ի վեր թոյլ չի տար իր էջին վրայ այդ մարդոց պատկերներուն զետեղումը։ Սա հոգեւոր խնդիր է, որ կը կարենայ հասկնալ միմիայն հոգեւոր խոր ճանապարհ անցած մարդը։ Նոյնը կը վերաբերի բազմաթիւ չնաշխարհիկ ու գիտակից հայ կանանց, որոնք հալած շաքարի նման փակչած են զիրենք շրջապատող հասարակութեան կարմային ու իրենց հետ այդ ժահրը կը բերեն ու անդադար կը լեցնեն հոգիիդ մէջ։ Մեր մենութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը։

Այս մատեանի բազմաթիւ շերտերուն մէջ կայ նաեւ հայկական շերտ, զոր ի վիճակի է գոնէ մասամբ ըմբռնելու համալսարանական գրական կամ գրականագիտական բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող ամերիկացի հայը, որ բնականաբար միաժամանակ խորագոյնս կը տիրապետէ անգղիերէնին։ Այս մարդիկ սակաւաթիւ են, բայց կան, քանի մը հոգին շատ հեռուէն կը ճանչնամ, ուստի կ՚ենթադրեմ, թէ իրենց նման ուրիշներ ալ կան։ Այս մարդիկ կը կարենան ամերիկացի գրականագէտին կամ գրականութեան նուիրեալին առջեւ բանալ այդ մութ շերտերը։ Արդեւք կ՚ընե՞ն։ Ո՞վ գիտէ։ Կ՚ապրիք, կը տեսնէք։ Մինչ աւրս գոնէ մեր ճանչցածները խուսափած են մեզմէ՝ իրենց անձնական ու պաշտաւնային շահերը գերադասելով հայ հանճարի հետ բարեկամութենէն կամ առնուազն անոր գործերուն վրայ նուազագոյն արձագանգէ։ Այս մասին թերեւս աւր մը առանձին գրեմ։ (Ի դէպ, ինքնագնահատականը հայ գրողին ձեռքը մնացած միակ բանն է, քանզի ամէն բան խլուած է անկէ, ճանչցուելու ու ըստ արժանւոյն գնահատուելու ամենայն կարելիութիւն բովանդակ «հայ իրականութիւն» կոչուած գերեզմանին մէջ. հայոց գրական եւ մշակութային բոլոր միութիւններուն առաքելութիւնը հայ հանճարին ոչնչացումն է ու անոր փոխարինումը սեպհական գէոթերով ու բոզերով)։

Անշուշտ որ կա՛ն մարդիկ, որոնք շատ բան կը կարենան հասկնալ այս մատեանէն, նոյնիսկ եթէ չկարենան բոլոր ծալքերը հասկնալ ու գնահատել։ Չափազանց քիչ։ Իսկ զանոնք գտնելը գրեթէ անհնար, քանզի գիշեր-ցերեկ թիրախ են երկրորդական գրական աղբի։

Հայերը միմիայն կը կարդան «համաշխարհային» հնչեղութիւն ունեցող գէոթերու ու բոզերու գիրքերը, քանզի իրենք ոչ միայն գէոթուբոզ են, այլ ա՛յդքանն ալ չեն. անուղեղ նախիր են, որոնց ուղեղը կը մտնէ միմիայն հնչեղութիւն վաստակած հայվանանոցի քարոզչութիւնը։ Հայը ուղեղ չունի եւ երբեւէ չէ ունեցած. անոր «ուղեղը» աւտարի քարոզչութեան մեռելատուն է։

Իսկ որպէսզի իսկապէս ու ինքնեամբ արժէքաւոր գիրք մը «աւտարի» գնահատանքին արժանանայ, պէտք է անցնի հազարապատիկ դժուարութիւններէ գրողասպան սրիկա դռնապաններու բանակներու մէջէն, որոնք գրողի իւրաքանչիւր քայլափոխին նպատակային կերպով հետամուտ են ոչնչացնելու զայն ու անոր գրականութիւնը, որպէսզի անոր իւրայատուկ ձայնը երբեք չլսուի իրենց սեպհական նախիրին մէջ։

Catabasis-ի նման գիրք չէք գտներ բովանդակ ամերիկեան գրականութեան մէջ առնուազն վերջին 50 տարիներուն ընթացքին։ Անոնք որոնք այս գիրքին արժէքը չեն կրնար տեսնել, մեղադրելի չեն։ Սակայն անոնք որոնք կը տեսնեն ու իրենց սարսափէն կը փորձեն զայն ոչնչացնել (եւ որոնք կը կազմեն թէ՛ հայոց եւ թէ՛ ամերիկեան գրական քրէախումբին 99.9 տոկոսը) գրականութեան պատմուճան հագած՝ գրականութեան թիւ մէկ ոխերիմ թշնամիներն են, մարդկութեան մշակութասպանները, ապագայասպաններն ու ցեղասպանները։

Իսկ հայ ինքնայորջորջեալ գրականամերձ հայվանը կը կարդայ սոսկ այս ճիւաղային քրէախումբի մաղէն անցուածը՝ յաւիտեան թաղելով ու ոչնչացնալով իր իսկ հազարամեակ կերտող հանճարները։

Հայը ամսականեալ գործաւորն ու յաւիտենական ստրուկն ու ինքնակամ սպասարկողն է այս համաշխարհային քրէախումբին։

Արմէն Մելիքեան
Հեղինակ

Ի դէպ գիրքը կրնաք հիմա ալ (նախքան հրատարակութիւնը) ապսպրել Ամազոնէն։ Նախքան հրատարակութիւնը ապսպրուած գիրքերը աւելի՛ կ՚աւգնեն հեղինակին, քան յետ հրատարակութեան ապսպրուածները։»

—հեղինակին էջէն

Առաւաւտեան «ՏՈՒՆ ՏԻՏԱՆԱՑ—Սասմայ Տան Երեք Պատում՝ Նոր Մեկնութեամբ» առասպելավիպական մատեանը ձեռքս առի ու թերթեցի։ Վատ չէր։...
09/14/2026

Առաւաւտեան «ՏՈՒՆ ՏԻՏԱՆԱՑ—Սասմայ Տան Երեք Պատում՝ Նոր Մեկնութեամբ» առասպելավիպական մատեանը ձեռքս առի ու թերթեցի։ Վատ չէր։ 2020-ի Յունուարին լոյս տեսած նախահրատարակչական աւրինակն էր, թէեւ հեղինակուած 2015-16-ին։ «Երզնկայ Հրատարակչատունը» հիմնադրուեցաւ 2019-ին եւ ապա նո՛ր միայն կարելի դարձաւ գիրքին հրատարակութիւնը։ Այդ տարիներուն՝ 2015-16, դեռ ահագին արեւելահայ ազդեցութիւն կար վրաս։ Հիմա կը տեսնեմ ու կը ժպտամ. ա՛յս աստիճանի անզգալաբար տեղի ունեցած ազդեցութիւն։ Սա առաջին արեւմտահայերէն փորձս էր՝ լեզուէն 33-ամեայ հեռաւորութենէ մը։ Մանրուքներ են, կ՚ուղղուին։

Բացի ծրագիրը՝ այն յոյսով, որ սկսիմ ուղղել եւ յանձնել «Երզնկայ»-ին՝ գոնէ առցանց հրատարակութեան համար։ Շատ-շատեր կ՚ուզեն ձեռք բերել այս առասպելական «կախարդական» մատեանը, բայց գիրքը չկայ. սպառած է։ Կան աւրինակներ Արեւելահայաստանի գրադարանները։ Ամէն պարագայի՝ եղածն ալ նախահրատարակչական եւ սահմանափակ քանակով տպուած աւրինակն է։

Այսաւր կամ վաղը խաւսիմ «Երզնկայի» տնաւրէններու խորհուրդի անդամներուն հետ՝ գոնէ առցանց հրատարակութեան մասին։ Այս ամիս «Երզնկան» կարեւոր ժողով ունի՝ ապագայի քայլերուն վերաբերեալ։ Չեմ սպասեր ատոր. փորձեմ այսաւր պարզել։ Հետեւեցէ՛ք գրոյթներուս, տեղեակ կը պահեմ արդիւնքէն։ Չեմ կարծեր, որ ոեւէ մէկը անհամաձայն ըլլայ, մանաւանդ որ տպագրական ծախսեր չկան, ըլլալիք առնչակից ծախսերն ալ, եթէ ըլլան, համեմատաբար խիստ չնչին են։

Եթէ կարենամ աւրը ժամ մը գոնէ կամ քիչ մը աւելի տրամադրել, ապա 1-2 եւթնաւրեակէն կարծեմ կ՚աւարտեմ։ Մեծ խնդիրը արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի հոլովներուն տարբերութիւնն է։ Արեւմտահայերէնի հայցական հոլովը արեւելահայերէնի մէջ սեռական հոլով է, որ կը դիւրացնէ յանգակերտումը։ Բայց արեւմտահայերէնի պարագային կը դժուարացնէ։ Ըստ երեւոյթին, այս խումբին պատկանող հարեւրաւոր պարագաներ կան, որոնք արեւմտահայերէնի իրենց հարազատ ձեւերուն վերածման պարագային բովանդակ յանգակազմութիւնը կը խախտեն եւ պէտք է փոխուին տողային նոր շարահիւսութեամբ։ Կան նաեւ ներքնայարդարման հետ կապուած խնդիրներ, որոնց մասին նոյնպէս վաղը կը գրեմ։ Անգամ մը զրուցեմ մեր տնաւրէններուն հետ, տեսնեմ ինչ կ՚ըսեն։

ԱՐՄԷՆ Ա.
Ամենայն Հայոց Առաջին Կաթողիկոս
ՄԵՀԵԱՆ ԲԱՂԴԱՍԱՐՈՅ

2025 Սեպտեմբեր 13

Արդէն առցանց հրատարակուած է. կրնաք ներբեռնել մեր այլ գիրքերու յղումներու ցանցին միջոցաւ։

Address

Glendale, CA
91209

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Catholicosate of Armenia Major & Armenia Minor posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Shortcuts

Share