24/03/2026
ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ՄԷՋ ՍՐԲԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ
Մեծ Պահոց Գալստեան Կիրակին, 22 Մարտ 2026, հոգեւոր ուրախութեան առիթ դարձաւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ համար: Պատմութեամբ հարուստ, եւ այսօր Հայութենէ նօսրացած թաղը հոգեւոր վերանորոգութեան օր մը ապրեցաւ:
Կիրակնօրեայ արարողութեան հանդիսապետեց թաղի քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան առաջնորդութեամբ Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպ. Պաղտասարեանի:
Յաւարտ արարողութեանց, քարոզեց Հայր Սուրբը «Բայց ես Տիրոջ պիտի սպասեմ, իմ փրկութեանս Աստուծոյն պիտի յուսամ, իմ Աստուածս ինծի պիտի լսէ» (Միքիա Է.7) բնաբանով եւ շեշտը դրաւ միշտ արթուն եւ պատրաստ ըլլալու վրայ:
Հայր Սուրբը իր քարոզի աւարտին, անդրադարձաւ նաեւ Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ մէջ գտնուող սրբանկարներու մասին եւ գովեց տարիներու հոլովոյթով հինցած այս արժէքներու հանդէպ ցուցաբերուած բծախնդրութիւնը։ Յայտնենք, թէ անցեալ ամիսներուն նորոգուած էր Եկեղեցւոյ աւագ խորանի Տիրամօր ու մանուկ Յիսուսի սրբանկարը: Իսկ այժմ, նոյն վարպետներու ձեռամբ, նորոգուած էին մեծ ու պզտիկ վեց սրբանկարներ եւս: Հայր Սուրբը նշեց նաեւ, թէ պիտի սրբագործուին եւս երկու սրբանկարներ՝ Եկեղեցւոյ համեստ սպասաւոր Հրաչ Օհանեանի կողմէ գծագրուած: Ան այս առթիւ մաղթեց, որ ուխտաւորներ այցելեն եկեղեցին եւ սրբապատկերները շարունակեն պաշտամունքի առարկայ դառնալ աւելի պայծառ գոյներով։ Գնահատեց Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը ու բոլոր ներդրում ունեցողները եւ ծառայողները։
Ապա, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ հրամանով, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. կատարեց Եկեղեցւոյ վերանորոգեալ վեց գեղեցիկ ու պատմական սրբանկարներու, ինչպէս նաեւ երկու նոր սրբանկարներու օծումը: Պատմական սրբանկարները միջոց մը առաջ նորոգութեան եւ վերականգնման ենթարկուած էին Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին կողմէ:
Հայր Սուրբը կանոնական աղօթքներով ու Սրբալոյս Միւռոնով վերաօծեց Ս. Կոյս Աստուածածնի փոքրիկ, Ս. Կոյս Աստուածածնի մեծադիր, Ս. Նիկողայոսի մեծադիր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչի, Հայր Աստուծոյ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի եւ Ս. Աստուածածնի եռեակ նկարները, որոնք ուխտաւորներու այցելութեան ու պաշտամունքին վերաբացուեցան: Օծուեցան նաեւ նորակերտ երկու գծագրութիւններ՝ Համբարձման եւ Գեթսեմանիի աղօթքի պաստառները: