30/08/2026
ՍՈՒՐԲ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ ԹՈՎՄԱՍԻ, ՅԱԿՈԲՈՍԻ ԵՒ ՇՄԱՒՈՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐ
Սուրբ Առաքեալներ Թովմասի, Յակոբոսի եւ Շմաւոնի յիշատակութեան առթիւ, Եկեղեցւոյս մէջ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց եւ խրատական խօսեցաւ Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Առաւօտեան Ժամերգութեան եւ Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյս Երաժիշտ Բրկ. Սեւան Ուր. Դպ. Ճիհանկիւլեանի առաջնորդութեամբ եւ կամաւոր դպրաց կողմէ։
Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին՝ Բրշ. Հրաչեայ Սրկ. Սուրէնեան, Բրկ. Սեւան Կսրկ. Քըրանեան, Բրկ. Սարգիս Ուր. Դպ. Բարսեղեան եւ Նաթան Քըրանեան։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։
Սիրոյ սեղանի աւարտին Տէր Հայրը գնահատանքի եւ շնորհաւորութեան խօսք ուղղեց եկեղեցւոյս հետեւորդներէն Արտա Եուրդէրիի, որ Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանէն փայլուն յաջողութեամբ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ընդունուած է Մարմարա Համալսարանի Ճարտարարուեստական Ճարտարագիտութեան բաժինը։
Տէր Հայրը շնորհաւորեց սիրելի Արտան եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոր համալսարանական կեանքին եւ ուսման ճանապարհին մէջ։
Այս առթիւ Տէր Հայրը անդրադարձաւ նաեւ նախկին Կէտիկբաշացի, այժմ Արժանթինաբնակ Բրշ. Հրաչեայ Սրկ. Սուրէնեանի եկեղեցանուէր ծառայութեան։ Շնորհակալութիւն յայտնեց անոր՝ Սուրբ Սեղանին իր ծառայութիւնը բերած ըլլալուն համար եւ բարի վերադարձ մաղթեց։
Այսօր մեր մէջ ունենալու ուրախութիւնը ունեցանք նաեւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ լուսարար Բրկ. Սեւան Կսրկ. Քըրանեանը, որ կը պաշտօնավարէ Ճերրահփաշայի Բժշկական Համալսարանի տարրալուծարանի բաժնին մէջ։ Ան իր իննամեայ դստեր՝ Էլիզապէթի եւ եօթնամեայ որդւոյն՝ Նաթանի հետ մասնակցեցաւ Եկեղեցւոյս Սուրբ Պատարագին։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք իրենց այս գեղեցիկ մասնակցութեան համար։
Ուխտաւորները Տէր Հօր վերջին աղօթքով արձակուեցան՝ իրենց հետ տանելով օրուան հոգեւոր ուրախութիւնն ու օրհնութիւնը։
Տէրը օրհնէ բոլորը, պահէ ու պահպանէ եւ իրենց յաջողութիւնները մշտատեւ դարձնէ։
29 Օգոստոս 2026, Շաբաթ