Պատրիարքութիւն Հայոց - Ermeni Patrikligi

  • Home
  • Turkey
  • Fatih
  • Պատրիարքութիւն Հայոց - Ermeni Patrikligi
Directions Website Contact the place of worship

Պատրիարքութիւն Հայոց - Ermeni Patrikligi © OFFICIAL PAGE ©

ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 8 Հոկտեմբեր 2026, Հինգշաբթի, ընդունեց Ֆրանսայէն Պանք Փո...
08/10/2026

ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 8 Հոկտեմբեր 2026, Հինգշաբթի, ընդունեց Ֆրանսայէն Պանք Փոփիւլէրի վարիչներու բազմանդամ խումբը: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան:

Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին մեր Հոգեւոր Պետին սոյն ընդունելութեան համար:

Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ տեղեկութիւններ տուաւ Պոլսոյ Հայ համայնքին ու անոր հոգեւոր կեդրոն Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան եւ այժմու վիճակի, ինչպէս նաեւ համայնքի ընկերային եւ մշակութային կեանքի մասին։

Այցելութեան աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ մեկնեցան:

ԵԹՈՎՊԱՑԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Հոկտեմբեր 2026, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին, ը...
08/10/2026

ԵԹՈՎՊԱՑԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Հոկտեմբեր 2026, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին, ընդունեց քաղաքս ծառայող Եթովպացի երկու հոգեւորականներու՝ Ապա Միքայէլ Վրդ.ի եւ Ապա Կեպրէմարիամ Վրդ.ի քաղաքավարական այցելութիւնը։ Վարդապետներուն կ’ընկերանային Բրշ. Քիտուս Սէրթսու Սրկ. եւ Եկեղեցւոյ օժանդակ յանձնախումբէն Էլիզապէթ Թատեսսէ։ Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Հիւրերը յայտնեցին, որ Հ. Միքայէլ Վրդ. աւարտած ըլլալով իր ծառայութեան շրջանը, ի մօտոյ պիտի մեկնէր Եթովպիա, իսկ Հ. Կեպրէ Վրդ. արդէն իսկ ձեռնարկած է իր պաշտօնին։ Անոնք մասնաաւոր շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայ եւ Եթովպական եկեղեցիները Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին մաս կազմելով, դաւանակից են։ Քաղաքս բնակող Եթովպացիներ իրենց եկեղեցին չունենալով, տարիներ առաջ դիմած էին Աթոռոյս եւ Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ համալիրի Ս. Յարութիւն Մատուռը պաշտամունքի համար տրուած էր իրենց։

Մեր Հոգեւոր Պետը ուրախութեամբ դիմաւորեց դաւանակից Եթովպական եկեղեցւոյ հայրերն ու սարկաւագները եւ շեշտեց միջեկեղեցական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը՝ յատկապէս քոյր եկեղեցիներու միջեւ։ Շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար ու շնորհաւորեց երկու հոգեւոր հայրերը։

Տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։

ԱՐԵԱՆ ԱՄՈԼԻ ԱՅՑԸՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Հոկտեմբեր 2026, Չորեքշաբթի, ընդունեց լրագրող, Ժամանակ օրաթերթի աշխատակ...
07/10/2026

ԱՐԵԱՆ ԱՄՈԼԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 7 Հոկտեմբեր 2026, Չորեքշաբթի, ընդունեց լրագրող, Ժամանակ օրաթերթի աշխատակից եւ Արեւելք կայքէջի տէր Սագօ Արեանն ու կողակիցը՝ գրող Անուշ Թրուանցը։

Այցելուներ, որ քաղաքս կը գտնուէին, փափաքած էին ներկայանալ Նորին Ամենապատուութեան եւ ստանալ մեր Հոգեւոր Պետին օրհնութիւնը:

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց իրենց։

ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 7 Հոկտեմբեր 2026, Չորեքշաբթի առաւօտ ընդունեց Ս. Աստ...
07/10/2026

ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 7 Հոկտեմբեր 2026, Չորեքշաբթի առաւօտ ընդունեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Հրանդ Մոսքոֆեանի։

Եկեղեցւոյ վարիչները յայտնեցին, որ այս այցելութեամբ եկած էին խնդրել Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան հանդիսութեան, որ պիտի կատարուի 11 Հոկտեմբեր, Կիրակի առաւօտ։

Մեր Հոգեւոր Պետը խոստացաւ ընդառաջել եղած հրաւէրին, նաեւ ստացաւ եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր Վարժարանի հետ առնչուած տեղեկութիւններ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց արձանագրուած յաջողութեանց համար։ Ըրաւ հայրական թելադրութիւններ եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 6 Հոկտեմբեր 2026, Երեքշաբթի, ընդունեց ...
06/10/2026

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 6 Հոկտեմբեր 2026, Երեքշաբթի, ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Միջին Արեւելքի վերապատուելիներու այցը։ Խումբը կը բաղկանար Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վերապատուելի Տքթ. Յարութիւն Սէլիմեանէ եւ Յունաստանի-Աթէնքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանէ: Իրենց կ’ընկերանար Ստանպուլի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն:

Վերապատուելի հիւրերը յայտնեցին, որ քաղաքս այցելութեան առթիւ փափաքած էին այցելութիւն մը տալ Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունենալ Նորին Ամենապատուութեան հետ:

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար: Ծանօթացուց մեր համայնքն ու համայնքային կառոյցը, հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ համայնքի հոգեւոր կեդրոն Պատրիարքական Աթոռոյ եւ համայնքի պատմութեան ու այժմու վիճակին մասին:

Այցելութեան աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը յաջողութիւն եւ արդիւնաբեր ծառայութիւն մաղթեց վերապատուելի հիւրերուն: Իսկ հիւր վերապատուելիներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ արեւշատութիւն ու կարողութիւն մաղթեցին Նորին Ամենապատուութեան։

ՓՐՕՖ. ԱԲՐԱՀԱՄ ՏԷՐԵԱՆԻ ԱՅՑԸ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 6 Հոկտեմբեր 2026, Երեքշաբթի, ընդունեց ծանօթ գիտնական, աստուածա...
06/10/2026

ՓՐՕՖ. ԱԲՐԱՀԱՄ ՏԷՐԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 6 Հոկտեմբեր 2026, Երեքշաբթի, ընդունեց ծանօթ գիտնական, աստուածաբան, հայագէտ եւ բանասէր Փրօֆ. Տքթ. Աբրահամ Տէրեանը։

Փրօֆ. Տէրեան, որ Իզմիրի մէջ միջազգային համագումարի մը մասնակցելու համար ժամանած է Թուրքիա, նախ այցելած է Ստանպուլ եւ կը հիւրասիրուի Պատրիարքարանի երդիքին տակ:

Մեր Հոգեւոր Պետը բարի գալուստ մաղթեց յարգելի հիւրին եւ տուաւ իր օրհնութիւնները։ Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ տուաւ Աթոռոյ եւ համայնքի պատմութեան եւ այժմու վիճակին մասին։

Փրօֆ. Տէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ արեւշատութիւն ու կարողութիւն մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։

ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Հոկտեմբեր 2026, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ...
06/10/2026

ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Հոկտեմբեր 2026, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Երէց՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի եւ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հերման Կիւրճեանի։

Թաղային Խորհուրդի անդամները Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին նախագահելու իրենց անուան տօնախմբութեան, որ պիտի կայանայ 17 Հոկտեմբեր 2026, Շաբաթ։ Անոնք Պատրիարք Հայրը տեղեակ պահեցին նաեւ իրենց գործունէութեանց մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը լսեց հիւրերուն փոխանցած տեղեկութիւնները եւ տեղի ունեցաւ գաղափարի փոխանակում։ Այս առիթով, Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն մաղթեց այցելուներուն իրենց աշխատութեանց մէջ։

ԳԵՐՄԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 5 Հոկտեմբեր 2026, Երկուշաբթի միջօրէին, Սուիս Հիւր...
06/10/2026

ԳԵՐՄԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 5 Հոկտեմբեր 2026, Երկուշաբթի միջօրէին, Սուիս Հիւրանոց-Պոսֆորուս Ստանպուլի մէջ մասնակցեցաւ Գերման Միութեան Օրուան առթիւ սարքուած ընդունելութեան:

Ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը Գերմանիոյ Ստանպուլի Աւագ Հիւպատոս Տքթ. Ռեճին Կրինպերկէրի անձին մէջ շնորհաւորեց Գերման Միութեան Օրը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն առաքելութեան մէջ:

Ընդունելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Արժ. Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեան:

ՊԱԼԱԹՈՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 4 Հոկտեմբեր 2026, Կիրակի առաւօտ, Պալաթու Ս. ...
05/10/2026

ՊԱԼԱԹՈՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 4 Հոկտեմբեր 2026, Կիրակի առաւօտ, Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ մէջ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց։

Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ներկայ էին Արժ. Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեան, ծանօթ ակադեմական Աբրահամ Տէրեան, Մարի Գավաֆեանի գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդը։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյ դպրաց խումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Լեւոն Գարատաղի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզեց «Ինչո՞ւ տրտում ես անձն իմ, ինչու կը խռովիս: Յուսա՛ Աստուծոյ» (Սաղմոս 42.5, 11) բնաբանով: Մարդ եթէ հաւատք ունի, պէտք չէ տխուր ըլլայ, քանի իր կեանքին մէջ Աստուած կայ: Առօրեայ կեանքի ընթացքին մարդ կը խօսի ինքն իր հետ: Մենք մեր սրտին մէջ կը խօսինք եւ ի մտի պէտք է ունենանք, որ մեր մէջ խօսող մը կայ: Կան խօսքեր, որոնք օգտակար են եւ կան խօսքեր, որոնք վնասակար են: Մեր ներքին խօսքերն են, որ կ’արտացոլան մեր կեանքին ու գործերուն: Կարեւոր է մեր սրտին մէջ լաւ խօսքեր, լաւ բաներ ունենալ: Այդ խօսքերն են մեր ճակատագիրը: Մենք մեր սրտին մէջի լաւ ու բարի գանձերը ի յայտ պէտք է բերենք: Մենք բարի բաներ կրկնելու, բարի բաներ խորհելու եւ խօսելու համար ջանք պէտք է թափենք եւ ո՛չ թէ ասոր համար հրեշտակներ կամ այլ անձեր սպասենք:

Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեանը, Մարի Գավաֆեանի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդը եւ Լեւոն Գարատաղի վարած երկսեռ մանուկ եւ երիտասարդներէ բաղկացեալ դպրաց խումբը, որոնք կը սիրով կը ծառայեն Աստուծոյ փառքին եւ Պալաթու Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար:

Եկեղեցական հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ:

Արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան:

Լուսանկարներ՝ ԼՐԱԲԵՐ

ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒՆ.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Հոկտեմբեր 2026, Շաբաթ, բացումը կատ...
04/10/2026

ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Հոկտեմբեր 2026, Շաբաթ, բացումը կատարեց Թրքահայ Ուսուցչաց Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Արամ Գամպուրեան մշակոյթի կեդրոնին:

Նկատի ունենալով հանգուցեալ Արամ Գամպուրեանի ճարտարագէտ մը ըլլալն ու Հայ ճարտարապետ եւ ճարտարագէտներէ բաղկացեալ Հայճար խումբի պատուոյ անդամութիւնը, Հիմնարկի առած նոր յարկաբաժնին մէջ հաստատուած ժողովրդային մշակոյթի կեդրոնի մէջ մաս մը յատկացուեցաւ Հայճարի: Նոյն օր, մշակոյթի բացման հետ բացումը կատարուեցաւ նաեւ Հայճարի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայ լուսանկարիչներու աչքով Պալեաններու կառոյցները լուսանկարչական ցուցահանդէսի:

Յանուն Հիմնարկի բացման խօսք արտասանեց Մարիամ Տրամէրեան, իսկ յանուն Հայճարի՝ Նատին Փիլիկօղլու:

Հայճարի ընդհանուր քարտուղար Լառա Թաշ տեղեկատուութիւն մը կատարեց Պալեան ընտանիքի եւ անոնց գործերու մասին:

Հուսկ բանքը արտասանեց մեր Հոգեւոր Պետը եւ գնահատեց Հայճարի երիտասարդներէ բաղկացեալ վարչութիւնը եւ Ուսուցչաց Հիմնարկը: Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց երիտասարդութեան կարեւորութիւնը եւ հայահոծ այս շրջանին մէջ կազմուած մշակոյթի կեդրոնին կենսականութիւնը:

Խօսելով նաեւ Հիմնարկի վարչութեան բազմամեայ անդամ եւ բարերար Արամ Գամպուրեանի, գործին, բարերարական եւ մտաւորական վաստակին մասին, մեր Հոգեւոր Պետը յարգանքով յիշեց զայն եւ գնահատեց իր անունը անմոռաց պահելու ջանքը: Նոյն առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը բացաւ արուեստագէտ Էրօլ Սարաֆեանի կողմէ պատրաստուած Գամպուրեանի կիսանդրիին:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն:

Address

Sevgi Sokak 6, Kumkapı
Fatih
34130

Opening Hours

Monday 09:00 - 17:00
Tuesday 09:00 - 17:00
Wednesday 09:00 - 17:00
Thursday 09:00 - 17:00
Friday 09:00 - 17:00

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Պատրիարքութիւն Հայոց - Ermeni Patrikligi posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Place Of Worship

Send a message to Պատրիարքութիւն Հայոց - Ermeni Patrikligi:

Shortcuts

Share