Քեսապի Ս. Միքայէլ Եկեղեցի

Քեսապի Ս. Միքայէլ Եկեղեցի Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from Քեսապի Ս. Միքայէլ Եկեղեցի, Church, Քեսապ, Kassab.

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ։ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՋԵՐՄԵՌԱՆԴՈՒԹԻՒՆ։Ս. Վարդարանի Աղօթքը Աստուածամօր հետ։Երկուշաբթի- Շաբաթ՝ երեկոյեան ժամը 6-ին։Պաշտօ...
27/04/2026

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ։
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՋԵՐՄԵՌԱՆԴՈՒԹԻՒՆ։
Ս. Վարդարանի Աղօթքը Աստուածամօր հետ։
Երկուշաբթի- Շաբաթ՝ երեկոյեան ժամը 6-ին։
Պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ, Հինգշաբթի 30 Ապրիլ 2026, երեկոյեան ժամը 6-ին։
Վարդարանի Աղօթք, Ս. Եւ Անմահ Պատարագ ու ապա Կանոն Օրհնելոյ զՀանդերձ Սրբոյ Կուսին Մարիամու։

ՈՒՐԲԱԹ` 24 ԱՊՐԻԼ 2026։ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 111 ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ։
25/04/2026

ՈՒՐԲԱԹ` 24 ԱՊՐԻԼ 2026։
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 111 ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ։ԱՊՐԻԼԵԱՆ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ։Ուրբաթ , 24 Ապրիլ 2026, առաւօտեան ժամը 10։00-ին։Ս․ Պատարագի աւարտին՝ տեղի պի...
22/04/2026

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ։
ԱՊՐԻԼԵԱՆ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ։
Ուրբաթ , 24 Ապրիլ 2026, առաւօտեան ժամը 10։00-ին։
Ս․ Պատարագի աւարտին՝ տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակաց Աղօթք։

ՀՐԱՒԷՐ` ԲՈԼՈՐԻՆ...
20/04/2026

ՀՐԱՒԷՐ` ԲՈԼՈՐԻՆ...

Ուրբաթ, 17 Ապրիլ 2026։Սուրբ Զատիկի տօնին առիթով` ծանօթական  եւ բարեկամական այցելութիւն մը կատարեց Տիար Միշել Չաղլաս, Քես...
17/04/2026

Ուրբաթ, 17 Ապրիլ 2026։
Սուրբ Զատիկի տօնին առիթով` ծանօթական եւ բարեկամական այցելութիւն մը կատարեց Տիար Միշել Չաղլաս, Քեսապի քաղաքապետը, Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի, ուր զինք դիմաւորեց Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը՝ եղբայրական եւ Զատկական ուրախ մթնոլորտի մէջ։
Զատկուան շնորհաւորանքներու փոխանակումէն ետք, տեղի ունեցաւ բարեկամական քննարկում՝ քաղաքապետարանի եւ եկեղեցւոյ միջեւ համատեղ գործակցութեան կարելիութիւններուն շուրջ, ի բարօրութիւն Քեսապի մեր զաւակներուն։
Քննարկուեցան նաեւ Քեսապի ծառայողական եւ կենցաղային պայմաններուն վերաբերող հարցեր։
Գերյարգելի հայր սուրբը իր անկեղծ մաղթանքները յայտնեց նոր քաղաքապետին՝ մաղթելով արդիւնաւէտ եւ բեղմնաւոր ծառայութիւն՝ ի նպաստ Քեսապի եւ անոր ժողովուրդին։
Այցելութիւնը աւարտեցաւ յիշատակի լուսանկարով մը։
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց...
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի
Եւ շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ։

17-04-202517-04-2026Քեսապի մէջ իմ հովուական ծառայութեան մէկամեակի յիշատակին؛Քեսապի սիրելի հաւատացեալ համայնքին մէջ իմ հո...
16/04/2026

17-04-2025
17-04-2026
Քեսապի մէջ իմ հովուական ծառայութեան մէկամեակի յիշատակին؛
Քեսապի սիրելի հաւատացեալ համայնքին մէջ իմ հովուական ծառայութեան մէկ տարին լրանալուն առիթով, նախ եւ առաջ իմ խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ Աստուծոյ, որ Իր շնորհքով առաջնորդեց զիս այս ամբողջ ընթացքին, եւ ուժ ու իմաստութիւն պարգեւեց՝ Իր ժողովուրդը սիրով եւ նուիրումով ծառայելու համար։
Յատուկ շնորհակալութիւն եւ գնահատանք կը յայտնեմ սիրելի համայնքի բոլոր զաւակներուն՝ իրենց անկեղծ սիրոյն, մշտական աջակցութեան եւ աղօթքներուն համար, որոնք այս ամբողջ տարին եղան իրական զօրակցութիւն եւ քաջալերանք։ Այս մէկ տարին լի էր փորձութիւններով եւ օրհնութիւններով, հոգնութեամբ եւ ուրախութեամբ, սակայն ամենէն առաջ եղաւ հարուստ հոգեւոր ընկերակցութեամբ եւ միասնական ծառայութեամբ։
Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերեցին ծառայութեան, որոնք աշխատեցան, աղօթեցին եւ սիրով կանգնեցան եկեղեցւոյ կողքին։ Մեր միասնական ծառայութիւնը դարձաւ կենդանի վկայութիւն այն սիրոյն եւ եղբայրութեան, որ կը միացնէ մեզ։
Կ'աղօթեմ, որ Տէրը օրհնէ Քեսապի սիրելի համայնքը եւ մեզի պարգեւէ նոր տարիներ՝ բեղուն ծառայութեան համար, որպէսզի շարունակենք մեր ուղին մէկ հոգիով, մէկ սրտով եւ հաստատ յոյսով։
Սիրով եւ խորին գնահատանքով
Շնորհակալութիւն սրտանց բոլորին:
Հայր Գառնիկ,

Աւագ Ուրբաթ, 3 Ապրիլ  2026։  Երեկոյեան Ժամերգութիւն, Խաչելութեան Թափօր եւ Ս․ Թաղման Արարողութիւն ։
04/04/2026

Աւագ Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2026։
Երեկոյեան Ժամերգութիւն, Խաչելութեան Թափօր եւ Ս․ Թաղման Արարողութիւն ։

Աւագ Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ  2026։  Կարգ Չարչարանաց (Խաւարման Գիշեր) – Հսկում:
03/04/2026

Աւագ Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2026։
Կարգ Չարչարանաց (Խաւարման Գիշեր) – Հսկում:

Աւագ Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ  2026։  Երեկոյեան Ժամերգութիւն եւ Կարգ Ոտնլուայի եւ Ս․ Հաղորդութեան Պատարագ։
03/04/2026

Աւագ Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2026։
Երեկոյեան Ժամերգութիւն եւ Կարգ Ոտնլուայի եւ Ս․ Հաղորդութեան Պատարագ։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ։ ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ 2026։
30/03/2026

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ։ ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ 2026։

Կիրակի, 29 Մարտ 2026։Երեկոյեան Ժամերգութիւն եւ Դռնբացէքի Արարողութիւն։«Բա՛ց մեզի Տէր, Բա՛ց մեզի Տէր, Տէր ողորմութեանդ դո...
29/03/2026

Կիրակի, 29 Մարտ 2026։
Երեկոյեան Ժամերգութիւն եւ Դռնբացէքի Արարողութիւն։
«Բա՛ց մեզի Տէր, Բա՛ց մեզի Տէր, Տէր ողորմութեանդ դուռը Բա՛ց մեզի՝ որ ողբալով կը դիմենք Քեզի»։

Կիրակի, 29 Մարտ 2026  (ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ)։Ձայնաւոր Ս․ եւ Անմահ Պատարագ՝ Ուռօրհնէք, Անդաստան  եւ մանուկներու Թափօր։«Օրհնութի՛ւն Դ...
29/03/2026

Կիրակի, 29 Մարտ 2026 (ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ)։
Ձայնաւոր Ս․ եւ Անմահ Պատարագ՝ Ուռօրհնէք, Անդաստան եւ մանուկներու Թափօր։
«Օրհնութի՛ւն Դաւիթի որդիին, օրհնեալ է այն՝ որ Տիրոջ անունով կու գայ, սվսաննա՛ բարձունքներու մէջ»։ (Մատթ․ 21,9)

Address

Քեսապ
Kassab

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Քեսապի Ս. Միքայէլ Եկեղեցի posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Share

Category