15/02/2026
Տեառնընդառաջի Տօնը Դամասկոսի մէջ
بمناسبة عيد دخول السيد المسيح إلى الهيكل، احتفل سيادة المطران آرماش نالبنديان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية دمشق بالقدّاس عيد دخول السيد المسيح إلى الهيكل في كنيسة قديس سركيس للأرمن الأرثوذوكس في باب شرقي بدمشق
On February 13th, 2026, on the occasion of the feast of the Presentation of the Lord to the Temple, Bishop Armash Nalbandian, Primate of the Armenian Diocese in Damascus celebrated the evening Prayer at St. Sarkis Church in Damascus.
Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան, Դամասկոսի Սբ. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը: Յետ երեկոյեան հանդիսաւոր ժամերգութեան, թեմիս բարեջան Առաջնորդ Տ. Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանը, իր քարոզով հաւատացեալներուն փոխանցեց Տեառնընդառաջի խորհուրդը եւ անոր հետ կապուած ժողովրդական սովորոյթներն ու աւանդութիւնները:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Տեառնընդառաջը հռչակուած է նորապսակներու օրհնութեան օր: Առ այդ, Նախատօնակի արարողութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ հրաւիրուած նորապսակները օրհնեց, յորդորելով ըլլալ պատասխանատու եւ միասնական կեանքի սիրով կերտել ընտանեկան կեանքը՝ օրինակ ունենալով Սուրբ Ընտանիքը:
Յետ արարողութեան եկեղեցւոյ բակին մէջ նախապէս պատրաստուած խարոյկի հրավառութիւնը տեղի ունեցաւ, երբ Սրբազան Հայրը նորապսակ զոյգերու ուղեկցութեամբ եկեղեցւոյ սուրբ խորանէն բերուած կրակով վառեց աւանդական խարոյկը:
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս 13 Փետրուար 2026