Saint Krikor church - Aleppo

Saint Krikor church - Aleppo Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from Saint Krikor church - Aleppo, Religious organisation, Al-Midan, Aleppo.

27/08/2026

استقبل نيافة المطران ماكار أشكاريان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب وتوابعها، في دار المطرانية، رئيس دير الرهبان الساليزيان - دون بوسكو حلب والكفرون، الأب بيير جابلويان، وذلك يوم الخميس الواقع في 27 آب 2026 صباحاً.
دعا الأب بيير سيادة المطران لإلقاء محاضرة في إحدى مبادرات شبيبة حلب.
---------------
ՀԱԼԷՊԻ ԵՒ ՔԱՖՐՈՒՆԻ ՏՈՆ-ՊՈՍՔՕ ՍԱԼԻԶԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՆՔԻ ՎԱՆԱՀԱՅՐ ՓԻԵՌ ՃԱՊԼՈՅԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ

Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Հալէպի եւ Քաֆրունի Տոն-Պոսքօ Սալիզեան միաբանութեան վանքի վանահայր Տ. Փիեռ Ճապլոյեանը։

Եղբայրական սիրոյ մէջ ընթացող հանդիպումին, Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Սալիզեան միաբանութեան մատուցած ծառայութիւններուն եւ գործունէութեան։ Ան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը յատուկ առիթով մը դասախօսելու յառաջիկային տեղի ունենալիք երիտասարդական նախաձեռնութիւններուն։

Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Սալիզեան միաբանութեան յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը Հալէպի, Սուրիոյ եւ ողջ աշխարհի տարածքին եւ յաջողութիւն ու օրհնաբեր ծառայութիւն մաղթեց Հայր Սուրբին։
Այս առիթով, Հայր Սուրբը Սրբազան Հօր նուիրեց միաբանութեան հրատարակած ՝՝الرعوية الشبابية السالسية՛՛ գիրքը։

26/08/2026

Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԻԱՐ ԷՆՏԻ ԱՆՏՈՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ

Երեքշաբթի, 25 Օգոստոս 2026-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց ԱՄՆ-էն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բարերար տիար Էնտի Անտոնեան, որուն կ՚ընկերակցէր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ տիար Յարութ Խաչատուրեան։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, պարոն Անտոնեան անդրադարձաւ Հալէպ գտնուած օրերուն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պասքէթպոլի խումբին իր անդամակցութեան։
Տիար Էնտի Անտոնեան, Հալէպէն դուրս բնակչութիւն հաստատելով հանդերձ, որպէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ական, իր բարերարութեամբ կը շարունակէ ներդրում բերել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի մասնաճիւղին։

Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց պարոն Անտոնեանին միութեան հանդէպ ցուցաբերած քաջալերական մօտեցումը եւ անոր առաւել ուժ եւ կորով մաղթելով, աղօթեց, որ իր գործունէութեամբ շարունակէ օրհնաբեր ներդրում ունենալ՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի բարօրութիւն մեր ժողովուրդին։

26/08/2026

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ ՆՈՐՕԾ ԱԲԵՂԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ

Չորեքշաբթի, 26 Օգոստոս 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն նորօծ աբեղաներ Հոգշ. Տ. Նորայր Աբղ. Պայտունեան եւ Հոգշ. Տ. Հրայր Աբղ. Պայտունեան, որոնց կ՚ընկերակցէր Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։

Հայր Սուրբերը Հալէպ ժամանեցին իրենց ծնողներուն այցելելու եւ Ազգ. Առաջնորդարան այցելելով՝ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալու։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Ս. Աննայի ուխտի օրուան առիթով, անոնք յառաջիկայ օրերուն Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցեն։

Մակար Սրբազան շնորհաւորեց Հայր Սուրբերը՝ քահանայական եւ աբեղայական օծում ստանալուն առիթով, իր ուրախութիւնը յայտնեց միաբանական շարքերէն ներս անոնց մուտք գործելուն համար եւ իր հայրական խրատները փոխանցեց անոնց, մաղթելով, որ աստուածային շնորհքով իրենց հաւատքին վրայ հաստատուն մնան եւ օրհնաբեր ու բեղուն ծառայութիւն մատուցեն։

25/08/2026
25/08/2026
23/08/2026

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանը եւ Ազգային Իշխանութիւնը խոր կսկիծով իմացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի եղբօր՝ հանգուցեալ Աւետիս Քէշիշեանի մահուան բօթը։

Այս տխուր առիթով, մեր ցաւակցութիւնն ու վշտակցութիւնը կը յայտնենք՝ Վեհափառ Հայրապետին, հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: Ամէն։

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Հալէպ, 23 Օգոստոս 2026

Կիրակի,23/8/2026_ին, առաւօտեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։Պատարագը մատու...
23/08/2026

Կիրակի,23/8/2026_ին, առաւօտեան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեանը, իսկ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. հայր Արմէն վրդ. Գալաճեանը:
Եկեղեցւոյս դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում Հայր Սուրբին ծննդեան տարեդարձին առթիւ , ապա Թաղական խորհուրդիս Ատենապետը Եկեղեցւոյս ընտանիքին անունով նուիրեց ձեռնախաչ , շղարշ եւ ղենջակ վարդապետական կարգ ստանալուն առիթով։
Այս առթիւ կը շնորհաւորենք հայր սուրբը մաղթելով իրեն ոյժ եւ կարողութիւն ծառայելու Հայ առաքելական եկեղեցիին։

Address

Al-Midan
Aleppo

Telephone

0214644040

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Saint Krikor church - Aleppo posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Shortcuts

Share