27/08/2026
استقبل نيافة المطران ماكار أشكاريان، مطران الأرمن الأرثوذكس لأبرشية حلب وتوابعها، في دار المطرانية، رئيس دير الرهبان الساليزيان - دون بوسكو حلب والكفرون، الأب بيير جابلويان، وذلك يوم الخميس الواقع في 27 آب 2026 صباحاً.
دعا الأب بيير سيادة المطران لإلقاء محاضرة في إحدى مبادرات شبيبة حلب.
---------------
ՀԱԼԷՊԻ ԵՒ ՔԱՖՐՈՒՆԻ ՏՈՆ-ՊՈՍՔՕ ՍԱԼԻԶԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՆՔԻ ՎԱՆԱՀԱՅՐ ՓԻԵՌ ՃԱՊԼՈՅԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ
Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Հալէպի եւ Քաֆրունի Տոն-Պոսքօ Սալիզեան միաբանութեան վանքի վանահայր Տ. Փիեռ Ճապլոյեանը։
Եղբայրական սիրոյ մէջ ընթացող հանդիպումին, Հայր Սուրբը անդրադարձաւ Սալիզեան միաբանութեան մատուցած ծառայութիւններուն եւ գործունէութեան։ Ան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը յատուկ առիթով մը դասախօսելու յառաջիկային տեղի ունենալիք երիտասարդական նախաձեռնութիւններուն։
Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց Սալիզեան միաբանութեան յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը Հալէպի, Սուրիոյ եւ ողջ աշխարհի տարածքին եւ յաջողութիւն ու օրհնաբեր ծառայութիւն մաղթեց Հայր Սուրբին։
Այս առիթով, Հայր Սուրբը Սրբազան Հօր նուիրեց միաբանութեան հրատարակած ՝՝الرعوية الشبابية السالسية՛՛ գիրքը։