Armeniska Apostoliska Kyrkan I Örebro

Armeniska Apostoliska Kyrkan I Örebro Kontaktinformation, kartor och vägbeskrivningar, kontaktformulär, öppettider, tjänster, betyg, foton, videor och meddelanden från Armeniska Apostoliska Kyrkan I Örebro, Apostolisk kyrka, venavägen 21, Örebro.

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2026-ին, ժամը 11։00-ին, պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝  Խաչվերացի  Տօն...
06/09/2026

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2026-ին, ժամը 11։00-ին, պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Խաչվերացի Տօնին առիթով։

Պատարագէն ետք պիտի մատուցուի սիրոյ ճաշ։

Կը սպասենք բոլորիդ՝ միասին աղօթելու եւ տօնախմբելու Սուրբ Խաչի Տօնը։

Kära troende

Lördagen den 12 september 2026 kl. 11.00 firas den Heliga och Odödliga Liturgin med anledning av Det Heliga Korsets högtid.

Efter liturgin serveras en gemensam kärleksmåltid.

Vi ser fram emot att få samlas tillsammans i bön och fira Det Heliga Korsets högtid.

Կը  շնորհաւորենք Էգմէգճեան ընտանիքը՝ իրենց զաւկին՝ Ռաֆֆայէլի, եւ Համբարձումեան ընտանիքը՝ իրենց զաւկին՝ Պէնիամինի Սուրբ Մ...
23/08/2026

Կը շնորհաւորենք Էգմէգճեան ընտանիքը՝ իրենց զաւկին՝ Ռաֆֆայէլի, եւ Համբարձումեան ընտանիքը՝ իրենց զաւկին՝ Պէնիամինի Սուրբ Մկրտութեան առիթով։

Կը մաղթենք, որ Տէրը իր օրհնութեամբ ու շնորհներով առաջնորդէ փոքրիկներուն ամբողջ կեանքը՝ պարգեւելով անոնց առողջութիւն, երջանկութիւն եւ քրիստոնէական պայծառ հաւատք։ 🙏❤️

Vi gratulerar familjen Ekmekjian till deras son Rafaels dop, och familjen Hampartsumian till deras son Benjamins dop.

Må Gud välsigna och vägleda dem genom livet. 🙏❤️

22/08/2026

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆ 🙏

Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2026-ին, Օրեպրուի համայնքին մէջ, Արժանապատիւ Տէր Վաղարշ Քահանայ Իսախանեանի հովանաւորութեամբ, Աստուածած...
22/08/2026

Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2026-ին, Օրեպրուի համայնքին մէջ, Արժանապատիւ Տէր Վաղարշ Քահանայ Իսախանեանի հովանաւորութեամբ, Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որմէ ետք կատարուեցաւ աւանդական Խաղողօրհնէքը։

Պատարագէն ետք համայնքի հաւատացեալները միասին վայելեցին Սիրոյ Ճաշը, որ սիրով պատրաստուած էր հաւատացեալ ընտանիքներուն կողմէ։
Եկեղեցական Խորհուրդը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքով, նուիրումով եւ սիրով նպաստեցին այս սրբազան օրուան գեղեցիկ եւ բարեյաջող կազմակերպման։

Թող Սուրբ Աստուածածինը իր բարեխօսութեամբ պահէ ու պահպանէ մեր համայնքի բոլոր հաւատացեալները եւ իր օրհնութիւնը տարածէ մեր ընտանիքներուն վրայ։

Աստուած պահապան եւ օրհնեալ պահէ բոլորը։ 🙏

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔՇաբաթ, 22 Օգոստոս 2026-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին,Սուրբ Աստուածածնի Վերա...
18/08/2026

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ

Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2026-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին,
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին առթիւ պիտի մատուցուի
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ Խաղողօրհնէք։

Պատարագէն ետք, միասին պիտի ճաշակենք սիրով պատրաստուած ճաշերը՝ հաւատացեալ ընտանիքներուն կողմէ։ ❤️🙏

Հասցէ՝
Betania kyrkan
Vänavägen 21
Örebro

Սիրով կը սպասենք բոլոր հաւատացեալներուն՝ միասին տօնելու Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ Հանգ. Թալին ՅարութիւնեանիՀոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2026-ին, ժամը 11:00-ին, յետ Ս...
17/08/2026

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Հանգ. Թալին Յարութիւնեանի
Հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2026-ին, ժամը 11:00-ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։
Օրէպրու Betania kyrkan
Vänavägen 21
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Վարդավառը կը նշէ որպէս Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Անիկա Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղա...
12/07/2026

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Վարդավառը կը նշէ որպէս Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Անիկա Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է եւ կը տօնուի Զատիկէն 98 օր ետք։
Աւետարանին համաձայն՝ Յիսուս իր երեք աշակերտներուն՝ Պետրոսին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին հետ բարձրացաւ Թաբոր լեռը աղօթելու։ Հոն ան պայծառակերպուեցաւ, իր դէմքը արեւու պէս փայլեց, հագուստները ճերմկեցան, եւ Աստուծոյ ձայնը լսուեցաւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, անոր լսեցէք»։ Այս դէպքը յայտնեց Քրիստոսի աստուածային փառքը եւ հաստատեց, որ ան Աստուծոյ Որդին է։

Վարդավառին ջուր ցօղելու սովորութիւնը աւելի հին՝ նախաքրիստոնէական արմատներ ունի։ Քրիստոնէութիւնը ընդունելէն ետք, Հայ Եկեղեցին պահպանեց այս ժողովրդական աւանդութիւնը, բայց անոր տուաւ քրիստոնէական իմաստ՝ ջուրը դարձնելով մաքրութեան, նորոգութեան եւ Աստուծոյ օրհնութեան խորհրդանիշ։

18/06/2026
10/06/2026

Սիրելի հաւատացեալներ
Շաբաթ, 13 Յունիսին, Սուրբ Պատարագ պիտի չմատուցուի։
Կը մաղթենք բոլորիդ արեւշատ, խաղաղ եւ ուրախ արձակուրդ։

Vi vill informera om att ingen gudstjänst kommer att firas lördagen den 13 juni.

Vi önskar er alla en glad semester.

Adress

Venavägen 21
Örebro

Webbplats

Aviseringar

Var den första att veta och låt oss skicka ett mail när Armeniska Apostoliska Kyrkan I Örebro postar nyheter och kampanjer. Din e-postadress kommer inte att användas för något annat ändamål, och du kan när som helst avbryta prenumerationen.

Genvägar

Dela