ACUSA - Armenian Church University Students' Association

ACUSA - Armenian Church University Students' Association ACUSA members are students and graduates from different universities and educational institutions. It has a committee of five members, both male and female.

FOUNDATION & HISTORY

The Armenian Church University Students' Association (ACUSA) was established in 1963, by His Holiness Karekin II Catholicos of Cilicia, now of blessed memory. ACUSA members are students and graduates from all Lebanese universities and educational institutions. The committee members are elected per annum by ACUSA members in the general assembly. This committee acts as the Exec

utive Body in charge of organizing ACUSA activities. University students first become ACUSA assistants. After a certain testing period, the committee studies the application's case and decides the probability of accepting him/her as a regular ACUSA member. All members pay an annual due as a symbolic act of involvement. Besides the committee, a spiritual advisor is appointed by the Catholicos of Cilicia. The spiritual advisor supervises and coordinates the activities. The activities include lectures, debates, seminars, visitations to exhibitions, social life, conferences, participation in ecumenical youth activities, observation of ecclesiastical feast days and national commemorations, etc. The activities and meetings are held weekly in a special hall at the headquarters of Armenian Catholicosate of Cilicia. ACUSA publishes a bulletin every three months. It includes brief articles, discussions, reports on activities, etc. Other publications include: The Prophet, by Khalil Gebran. Complete Works, by Roupen Sevag. From the very beginning ACUSA has been in close association and cooperation with the similar organizations on local, regional and world levels. The organizations with whom cooperation has been continually pursued are World Student Christian Federation (WSCF), Syndesmos, Youth Department of the World Council of Churches (WCC) through the Middle East Council of Churches (MECC). So far ACUSA has participated in all seminars and activities organized by the above mentioned organizations. As a result, ACUSA has succeeded in involving the Armenian Church Youth in the worldwide ecumenical movement.

🚌ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՌՔԵՐԸ (Bus) պիտի շարժին հետեւեալ վայրերէն.-✅Ուրբաթ, Ժամը 17:30-ին, փոխադրակառքերը (Bus) պիտի շարժին հետեւեալ վ...
11/08/2026

🚌ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՌՔԵՐԸ (Bus) պիտի շարժին հետեւեալ վայրերէն.-

✅Ուրբաթ, Ժամը 17:30-ին, փոխադրակառքերը (Bus) պիտի շարժին հետեւեալ վայրերէն, դէպի Սուրբ Աստուածածին Վանք (Պիքֆայա).-

• Ս. Վարդանանց (Պուրճ Համուտ)
• Ս. Ագնէս վարժարան (Պուրճ Համուտ)
• Ազգային Ծերանոց (Պուրճ Համուտ)
• «Tico-Tico» (Զալքա)
• «Աղբալեան» ակումբ (Մըզհէր)
• «Սիմիտեան» Շէնքեր (Անթիլիաս)
• Մայրավանքին դիմաց (Անթիլիաս)
• «ԷՀԼԱՆ» շէնքեր (Ռաուտա)
• «Hampo Market» (Ֆանար)
••••••••••••••••••••••••••••••••••••••••••••••••••••••••••••
✅Շաբաթ, ժամը 17:30-ին, փոխադրակառքերը (Bus) պիտի շարժին հետեւեալ վայրերէն, դէպի Սուրբ Աստուածածին Վանք (Պիքֆայա).-

• Անթիլիասի Մայրավանք
• Զալքա (Թիքօ Թիքօ)
• Ս. Աստուածածին եկեղեցի (Նոր Ատանա)
• Ս. Յարութիւն եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիներ (Ռըմէյլ եւ Նոր Հաճըն) (Օլիմփիք)
• Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Նորաշէն)
• Ս. Ագնէս վարժարան (Պուրճ Համուտ)
• Ազգային Ծերանոց (Պուրճ Համուտ)
• Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի (Հայաշէն)
• Ս. Երրորդութիւն մատուռ (Ֆանար)
• Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռ (Ռաուտա)
• Ս. Յակոբ եկեղեցի (Էշրէֆիէ)

10/08/2026
ՀԵՀՈՄ-Ը ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ԱՂՕԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ»Ի ՄԻՕՐԵԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆՇաբաթ, 8 Օգոստոս 2026-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, ...
10/08/2026

ՀԵՀՈՄ-Ը ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ԱՂՕԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ»Ի ՄԻՕՐԵԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Շաբաթ, 8 Օգոստոս 2026-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, ՀԵՀՈՄ-ականները բարձրացան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանք՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած «Աղօթական Կեանք» խորագիրը կրող միօրեայ երիտասարդական համագումարին։

Համագումարը սկիզբ առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կատարուած բացման հանդիսութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը, իր հայրական խօսքով, տասնեօթը կէտերու ընդմէջէն իր յիշեցումներն ու թելադրանքները փոխանցեց ներկաներուն՝ երիտասարդներուն առջեւ լուսաւորելով աղօթական կեանքի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան ճանապարհը։

Համագումարի ընթացքին ՀԵՀՈՄ-ականները, այլ միութիւններէն մասնակցող երիտասարդներուն հետ միասին, առիթ ունեցան քննարկելու եւ խորանալու աղօթական կեանքի զանազան երեսներուն մասին։ Խորհրդածութիւնները զուգորդուեցան վարժողական աշխատանքներով եւ ‘‘Rally Paper’’-ով, որոնք համագումարի օրը վերածեցին ոչ միայն մտորումի ու աղօթքի, այլեւ ապրուած մասնակցութեան ու փոխադարձ հաղորդութեան առիթի։

Օրուան աւարտին ՀԵՀՈՄ-ականները Երիտասարդական Բաժանմունքին փոխանցեցին իրենց դրական տպաւորութիւններն ու խորին շնորհակալութիւնը՝ միաժամանակ ներկայացնելով նոր ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու առաջարկներ։

27/07/2026

Հատուածներ՝ Շաբաթ, 25 Յուլիս 2026-ին, ‘‘AXIS’’-ին մէջ ՀԵՀՈՄ-ականներուն միասին անցուցած գեղեցիկ պահերէն։
•••
Highlights from the wonderful moments the ACUSA members shared at ‘‘AXIS’’ on Saturday, 25 July 2026.

ՀԵՀՈՄ-ԱԿԱՆՆԵՐԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ՝ ՎԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՄԸ ԸՆԴՄԷՋԷՆՇաբաթ, 4 Յուլիս 2026-ի ժամը 19:30-ին,...
08/07/2026

ՀԵՀՈՄ-ԱԿԱՆՆԵՐԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ՝ ՎԱՐԺՈՂԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՄԸ ԸՆԴՄԷՋԷՆ

Շաբաթ, 4 Յուլիս 2026-ի ժամը 19:30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնի ՀԵՀՈՄ-ի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ վարժողական աշխատանք մը՝ «Հայ Եկեղեցւոյ ծագումը» խորագիրով։ Օրուան վարժողական աշխատանքը վարեց ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեանը։

ՀԵՀՈՄ-ականները բաժնուեցան երեք խումբերու՝ «Ճրագ», «Լուսաւորիչ» եւ «Արծիւ»։ Մեծ ոգեւորութեամբ եւ նոր գիտելիքներ ձեռք բերելու ձգտումով, անոնք մասնակցեցան վարժողական աշխատանքին՝ ծանօթանալով Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան՝ անոր սկզբնաւորութենէն մինչեւ Վարդանանց պատերազմի դէպքերը։

Երեք խումբերն ալ մօտիկ արդիւնքներով աւարտեցին վարժողական աշխատանքը, ինչ որ վկայեց, թէ մեր ուսանող երիտասարդութիւնը քաջատեղեակ է իր պատմութեան։

Առաջին դիրքը գրաւեց «Ճրագ» խումբը, երկրորդը՝ «Արծիւ»ը, իսկ երրորդը՝ «Լուսաւորիչ»ը։

Աւարտին, բարձր տրամադրութեամբ նշուեցաւ Փետրուարէն մինչեւ Յունիս ամիսներու մէջ ծնած տարեդարձները, ինչպէս նաեւ Երկրորդականի ԺԲ. դասարանը աւարտողներու եւ համալսարանէ վկայուածներու յաջողութիւնը կարկանդակի հատումով։

Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան խօսք առնելով, ըսաւ. «ՀԵՀՈՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով կը շնորհաւորենք ձեր ծննդեան տարեդարձը, մաղթելով քաջառողջ, անփորձանք եւ յաջողութեամբ լեցուն օրեր, իսկ աւարտողներուդ եւ վկայեալներուդ՝ աւելի բարձր նուաճումներ եւ դիրքեր, որովհետեւ ձեր յաջողութիւնն ու երջանկութիւնը ե՛ւ ձերն է, ե՛ւ՝ մերը, իբրեւ ՀԵՀՈՄ-ի մեծ եւ սիրելի ընտանիք»։

05/07/2026

Հատուածներ՝ ՀԵՀՈՄ-ականներուն վարժողական աշխատանքէն՝ «Հայ Եկեղեցւոյ ծագումը» խորագիրով, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Յուլիս 2026-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնի ՀԵՀՈՄ-ի սրահին մէջ։ ⛪📚✨
•••
Highlights from the ACUSA-HEHOM members’ interactive activity session on the theme “The Origin of the Armenian Church,” held Saturday, July 4, 2026, at the ACUSA Hall of the Khoren I Center. ⛪📚✨
•••
📸: Karin Simonian Yervant Yeghiaian

Շաբաթ, 4 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնի ՀԵՀՈՄ-ի սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ վարժողական աշխատա...
01/07/2026

Շաբաթ, 4 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 19:30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնի ՀԵՀՈՄ-ի սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ վարժողական աշխատանք՝ «Հայ Եկեղեցւոյ Ծագումը» նիւթով։

Վարժողական աշխատանքը պիտի վարէ ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեանը։

Կրնան մասնակցիլ բոլոր ուսանողները, որոնք 18-33 տարեկան են։

Սիրելի՛ բարեկամներ,Ուրախութեամբ կը ներկայացնենք ՀԵՀՈՄ-ի Փետրուարէն մինչեւ Մայիս ամիսներու տեղեկատուն, ուր ամփոփուած են մ...
29/06/2026

Սիրելի՛ բարեկամներ,

Ուրախութեամբ կը ներկայացնենք ՀԵՀՈՄ-ի Փետրուարէն մինչեւ Մայիս ամիսներու տեղեկատուն, ուր ամփոփուած են մեր վերջին ամիսներու գործունէութիւնները։

Շնորհակալութիւն ձեր շարունակական հետաքրքրութեան եւ աջակցութեան։

Բարի ընթերցում։
👇👇👇
https://drive.google.com/file/d/1Yg20BMg23p1CI9I6h8Me0f0BRZek2CUF/view?usp=sharing

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ՝ ՍԷՐՈՒԺ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻՆ ՀԵՏՇաբաթ, 20 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնի ՀԵՀՈՄ-ի սրահին...
25/06/2026

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ՝ ՍԷՐՈՒԺ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 20 Յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Խորէն Ա. Կեդրոնի ՀԵՀՈՄ-ի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը, երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեանին հետ։

Հանդիպման ընթացքին, դասախօսը ամփոփ ներկայացում մը կատարեց, թէ ինչպէս իր մէջ զարգացաւ հայ երաժշտութիւնը գործիքաւորելու տաղանդը, ինչպէս նաեւ, ինչ հանգրուաններէ անցնելով յաջողեցաւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ հանդէս գալ՝ պատմական երկու համերգներով։

Ապա, ՀԵՀՈՄ-ականները մասնակցեցան հարցում-պատասխանի ձեւով կազմակերպուած բովանդակալից եւ հետաքրքրական հանդիպում-զրոյցի մը, որ առիթ ընծայեց արծարծելու զանազան հարցեր եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ գաղափարներու փոխանակում կատարելու։

ՀԵՀՈՄ-ի հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Եթէ մեր կարողութիւններուն, ձիրքերուն եւ շնորհներուն նկատմամբ սէր եւ դժուարութիւններու եւ արգելքներու դիմաց պայքարելու ու գոյատեւելու ուժ չունենանք՝ չենք կրնար յաջողակ անձեր դառնալ, այլ խօսքով, եթէ օրուան դասախօսը իր ունեցած կարողութեան սէր եւ ուժ չտար, այսօր ինք մեր հպարտութիւնը դարձած Սէրուժը պիտի չըլլար»։ Ապա, Հայր Սուրբը Սէրուժ Պաղտասարեանին մաղթեց քաջառողջութիւն, ինչպէս նաեւ նորանոր նուաճումներով եւ յաջողութիւններով լեցուն օրեր։

Հանդիպման աւարտին, ՀԵՀՈՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով, Հայր Աւետիք պատուեց Սէրուժ Պաղտասարեանը ՀԵՀՈՄ-ի յուշամատեանով եւ յուշանուէրով։

Address

Խորէն Ա. կեդրոն
Antilyas
00961

Opening Hours

18:30 - 21:30

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when ACUSA - Armenian Church University Students' Association posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Place Of Worship

Send a message to ACUSA - Armenian Church University Students' Association:

Shortcuts

Share