11/06/2026
Վկայութիւն
Խորին երախտագիտութեամբ եւ անսասան հաւատքով, ես (Ա.Ա) կը փառաբանեմ զԱստուած, որ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութեամբ արժանացուց զիս հոգեւոր մխիթարութեան եւ մարմնական բժշկութեան շնորհքին։ Ծանր տառապանքի օրերուս, երբ երկու ձեռքերս մինչեւ արմուկները պատռուած մկաններու պատճառով անտանելի ցաւի մէջ էին, եւ մարդկային միջոցները անկարող կը թուէին օգնութեան հասնիլ, սրտիս խորքէն միայն հաւատքի աղօթքը կը բարձրանար առ Աստուած՝ վստահ, թէ Տէրը պիտի չլքէր զիս։
Այդ հոգեվիճակով մասնակցեցայ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրբազան արարողութեան, ուր ներկայ էին Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի մասունքն ու սուրբ խաչը։ Լուռ աղօթքով Տիրոջ յանձնեցի իմ ցաւերս ու տառապանքս։ Երբ Գերապայծառ Տէրը Սուրբ Մալոյեանի խաչը դրաւ ուսերուս վրայ եւ երկար աղօթքով օրհնեց զիս, ամբողջ էութիւնս անբացատրելի հոգեւոր զգացումով մը պատեց։
Մատներուս ծայրէն մինչեւ ուսերս մարմինս փշաքաղուեցաւ, հոգիս խորապէս յուզուեցաւ, եւ աչքերս արցունքով լեցուեցան։ Այդ պահուն ո՛չ կրնայի խօսիլ, ո՛չ ալ արտայայտուիլ. միայն կ՚աղօթէի։
Եւ ահա, Աստուծոյ անսահման ողորմութեամբ, անբացատրելի խաղաղութիւն մը լեցուց սիրտս։ Ցաւերս կամաց-կամաց անհետացան, եւ տառապանքիս տեղը գրաւեց ներքին խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը։ Այդ փորձառութիւնը զիս աւելի հաստատեց այն ճշմարտութեան մէջ, թէ անկեղծ հաւատքով բարձրացող աղօթքը երբեք անպատասխան չի մնար։
Այս վկայութիւնը թող ըլլայ կենդանի ապացոյց, որ Աստուած միշտ ներկայ է Իր զաւակներուն կեանքին մէջ, եւ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնը այսօր ալ կը շարունակէ լոյս, յոյս եւ մխիթարութիւն սփռել հաւատացեալներու սրտերուն մէջ։
15/8/2025