Institut Du Clergé Patriarcal De Bzommar

Institut Du Clergé Patriarcal De Bzommar Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան պաշտօնական էջ։

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Մայրավանքի անուանակոչութեան, ինչպէս նաեւ վանական եկեղեցւոյ կառուցման 255-ամեակին առիթն...
20/08/2026

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, Մայրավանքի անուանակոչութեան, ինչպէս նաեւ վանական եկեղեցւոյ կառուցման 255-ամեակին առիթներով, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Վարչութեան հրաւէրով տեղի ունեցաւ Հայրապետական Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք: Ս. Պատարագէն ետք, ներկաները հիւրերը առաջնորդուեցան Դպրեվանքի սեղանատուն՝ մասնակցելու պաշտօնական ագապին:
Սիրոյ սեղանին շուրջ, Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան իր երախտագիտութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական ներդրումը ունեցան Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման նուիրական աշխատանքներուն մէջ, ապա փոխանցեց հետեւեալ մաղթանքը․
«Թող Ս. Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնն ու նահատակ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի լուսաւոր աղօթքները անպակաս ըլլան մեր եկեղեցիէն, մեր միաբանութենէն եւ համայն հաւատացեալ ժողովուրդէն»։
Աւարտին, որպէս յիշատակ, օրհնութեան նշան եւ խորին երախտագիտութեան արտայայտութիւն, Գերպծ. Հ. Մաշտոց նուիրեց յանձնախումբի անդամներուն Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի՝ լոյսով յատուկ պատրաստուած սրբապատկերը, որն իր հոգեւոր փայլքով ու լոյսով պիտի շարունակէ լուսաւորել բոլորին օճախներն ու հոգիները:

بمناسبة عيد انتقال السيدة العذراء مريم بالنفس والجسد إلى السماء، وعيد سيدة بزمار، شفيعة الدير، والذكرى الـ255 لبناء كنيسة انتقال السيدة العذراء ، أُقيم، بدعوة من جمعية كهنة بزمار البطريركية للأرمن الكاثوليك، قداسٌ إلهيّ احتفالي تخلّله رتبة تبريك العنب، بمشاركة عدد من أساقفة وكهنة الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية، والراهبات، والمؤمنين.

وعقب القداس الإلهي، انتقل المشاركون إلى قاعة طعام الإكليريكية، حيث أُقيمت مائدة محبة، شكّلت مناسبةً للقاء الأخوي وتبادل التهاني بهذه المناسبة، واستُكملت خلالها أجواء الاحتفال بعيد سيدة بزمار.

وحول مائدة المحبة، أعرب المونسنيور ماشدوتس زاختريان، رئيس دير سيدة بزمار، عن امتنانه وتقديره لكل من ساهم، معنويًا وماديًا، في الأعمال التحضيرية وما تلاها من جهود مرتبطة بمسيرة تقديس الشهيد القديس إغناطيوس مالويان، متوجهًا إليهم بكلمات الشكر والتقدير، ومصلّيًا أن يثمر ما قُدّم من تعب وعطاء خيرًا وبركةً في حياة الكنيسة وأبنائها.

وتمنّى قائلًا:

«لتكن شفاعة العذراء مريم القديسة سيدة بزمار وصلوات الشهيد القديس إغناطيوس مالويان علامة رجاء وبركة لكنيستنا، ولجمعيتنا، ولجميع المؤمنين».

وفي ختام المناسبة، وعربونًا لتعب محبتهم، وتعبيرًا عن عميق الامتنان، قدّم المونسنيور ماشدوتس زاختريان لكل من ساهم في هذه المسيرة، من أعضاء اللجنة وسائر المساهمين والداعمين، أيقونةً خاصة للقديس إغناطيوس مالويان لتكون تذكارًا لهذه المناسبة، وشهادةً مضيئة على مسيرة عطاءٍ شارك فيها كثيرون، ولتحمل إلى بيوت الذين تسلّموها ذكرى القديس الشهيد، وتستحضر حضوره الروحي، ، ويكون مصدر رجاء وبركة في حياتهم.

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին յաջորդող Մեռելոցի օրը, Զմմառու Մայրավանքի միաբանները, հոգեւոր խորունկ ապրումով, փութ...
17/08/2026

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին յաջորդող Մեռելոցի օրը, Զմմառու Մայրավանքի միաբանները, հոգեւոր խորունկ ապրումով, փութացին դէպի վանքի դամբարանը՝ աղօթք բարձրացնելու հանգուցեալ իրենց եղբայրներու հոգիներուն հանգիստին համար։
​Խնկաբոյր աղօթքի և մոմերու լուսավառ ցոլքին ընդմէջէն, միաբան հայրերը վերացեալ սրտով հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին հայցելով Երկնաւոր Հօր անսահման ողորմութիւնը, մեղաց թողութիւն եւ յաւերժական երանաւէտ լոյսը վանքի բոլոր ննջեցեալ երախտաւորներուն համար։

17/08/2026
Լեռնալիբանանի Զմմառու "Վերափոխման Ս.Կուսին" մայր  Եկեղեցւոյ 255-ամեայ յոբելեանն ու Աստուածածնայ Վերափոխման տօնըԶմմառու Պ...
16/08/2026

Լեռնալիբանանի Զմմառու "Վերափոխման Ս.Կուսին" մայր Եկեղեցւոյ 255-ամեայ յոբելեանն ու Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մայրավանքին մէջ, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Տիրամօր մարմնով եւ հոգւով Երկինք Փոխադրութեան (Վերափոխման) տօնը։ Հայրապետական պատարագը նախագահեց եւ մատուցեց` Ամեն.եւ Գերերջ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը։
Առընթերակայութեամբ` Հ. Վարդան Ճալուֆ եւ Հ. Նշան Հանէշեան։
Ներկայութեամբ` եպիսկոպոսներու, քահանաներու, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու, Երեսփոխաններու, կրթական մշակներու նաեւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալներու մեծ բազմութեան։

Ս. Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոնին մէջ մատուցուած Ս.եւ Անմահ պատարագի ընթացքին բարձրացան աղօթքներ՝ Եկեղեցւոյ, ընտանիքներու, հայրենիքի, Լիբանանի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։

Մարիամ, Ողորմութեան Մայրը

Ամեն.եւ Գերերջ.հոգեւոր Տէրը
իր քարոզին մէջ, խորհրդածեց Մարիամ Աստուածածնին՝ որպէս «Ողորմութեան Մայր» առաքինութեան իմաստին շուրջ, հրաւիրելով հաւատացեալները որպէսզի այս խօսքերը չմնան սոսկ աղօթքի մէջ կրկնուող արտայայտութիւն մը, այլ վերածուին կեանքի մը՝ որ կը վկայէ սիրոյ եւ հաւատքի մասին։

Ան նշեց, թէ Կոյս Մարիամի սէրը անբաժան է անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ մեր ունեցած կապէն, եւ թէ անոր հանդէպ իսկական պատուանդանը կ՚արտայայտուի հաւատացեալին կեանքին մէջ` չարէն, կեղծաւորութենէն, նախանձէն եւ այլ անյարիր վարքերէ հեռու մնալէ, եւ սիրտը իր շրթունքներուն յայտարարածին հետ ներդաշնակ պահելու ճիգին մէջ։

Հոգեւոր Տէրը` կանգ առաւ Մարիամի մայրութեան վրայ, որ չի լքեր իր զաւակները, այլ` կ՚ընկերանայ անոնց իրենց տկարութեան եւ ցաւերուն մէջ, կը մխիթարէ զանոնք իրենց նեղութիւններուն ընթացքին, եւ միշտ կը հրաւիրէ զանոնք Աստուծոյ վերադառնալու։

Աննախադէպ երեւոյթ էր, հաւատացեալներուն վարդեր բաժնուիլը, որով ստացողները` Ամեն.եւ Գերերջ.հոգեւոր Տիրոջ հրաւէրին ընդառաջելով` իւրաքանչիւր հաւատացեալ Հաղորդութենէն ետք, իր վարդը զետեղէ Աստուածածնի արձանին առջեւ, որպէս սիրոյ եւ հաւատարմութեան խորհրդանիշ` Ողորմութեան Մօր՝ Մարիամի հանդէպ։

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, աւանդոյթ մը, որ կ՚ընկերանայ Աստուածածնի Վերափոխման տօնակատարութեան, եւ որ կ՚արտայայտէ Աստուծոյ հանդէպ շնորհակալութիւն` երկրի պարգեւներուն եւ պտուղներուն։

Հոգեպարար արարողութենէն ետք, հաւատացեալները այցելեցին «Ոգեղէն Աւանդի Վկայութիւն» ցուցահանդէսը, որու բացումը կատարուած էր` Զմմառու մայրավանքի "Փոխման Ս.Կուսին" մայր Եկեղեցւոյ կառուցուման 255- ամեակին առթիւ, ուր ներկայացուած է Զմմառու մայրավանքի թանգարանի ընտրանի իրերը, որոնք կը պատկերեն Տիրամօր կերպարը։
Սոյն ցուցահանդէսը առիթ ընձեռեց հանդիսատեսին` ծանօթանալու եւ ըմբոշխնելու մայրավանքի կողմէ սերունդներէ ի վեր պահպանուած հոգեւոր, գեղարուեստական եւ պատմական աւանդի մէկ մասին։

Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ շնորհաւորանքներու ընդունելութեամբ` հոգեւոր Տիրոջ, մայրավանքի մեծաւորին եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան մայրավանքի վարչութեան, որ տեղի ունեցաւ հիւրասրահին մէջ, հոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ՝ համախմբելով Եկեղեցւոյ զաւակները` Վերափոխեալ Տիրամօր եւ Զմմառու Տիրամօր շուրջ, աղօթքի, յոյսի եւ հաղորդակցութեան մէջ։

الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية في لبنان تحتفل بعيد انتقال السيدة العذراء إلى السماء

احتفلت الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية في لبنان، في دير سيدة بزمار البطريركي، بعيد انتقال السيدة العذراء إلى السماء بالنفس والجسد، بقداس إلهي احتفالي ترأسه صاحب الغبطة روفائيل بيدروس الحادي والعشرون ميناسيان، كاثوليكوس بطريرك بيت كيليكيا للأرمن الكاثوليك، عاونه فيه الأب فارطان جلوف، والاب نشان حناشيان، بمشاركة عدد من الأساقفة والكهنة وراهبات الكنيسة، وحضور حشد من المؤمنين.
وأقيم القداس الإلهي الاحتفالي، في مدرّج القديس إغناطيوس مالويان، بمشاركة رعايا الكنيسة الأرمنية الكاثوليكية في لبنان، ورفعت خلاله الصلوات من أجل الكنيسة والعائلات والوطن والسلام في لبنان والعالم.
مريم، أم الرحمة
وفي عظته، تأمل البطريرك ميناسيان في معنى مريم العذراء بوصفها «أم الرحمة»، داعيًا المؤمنين إلى ألا تبقى هذه الكلمات مجرّد تعبير يتردد في الصلاة، بل أن تتحول إلى حياة تشهد للمحبة والإيمان.
وأشار إلى أن محبة العذراء مريم لا تنفصل عن علاقتنا بابنها يسوع المسيح، وأن تكريمها الحقيقي يظهر في حياة المؤمن، وفي ابتعاده عن الشر والرياء والحسد والكلام الذي يجرح الآخر، وفي سعيه إلى أن يكون قلبه منسجمًا مع ما تعلنه شفتاه.
وتوقف غبطته عند أمومة مريم التي لا تتخلّى عن أبنائها، بل ترافقهم في ضعفهم وآلامهم، وتعزّيهم في شدائدهم، وتدعوهم دائمًا إلى الرجوع إلى الله.
وفي لفتةٍ روحية، وُزّعت الورود على المؤمنين، استجابةً لدعوة صاحب الغبطة، ليقدّم كلّ واحدٍ منهم وردته بعد المناولة أمام تمثال السيدة العذراء، عربونَ محبةٍ ووفاءٍ لمريم أمّ الرحمة.

وخلال القداس الإلهي، أقيمت أيضًا رتبة تبريك العنب، في تقليد يرافق الاحتفال بعيد انتقال السيدة العذراء، ويعبّر عن شكر الله على عطايا الأرض وثمارها.
وعقب القداس، توجّه المؤمنون إلى زيارة معرض «شهادة الوديعة الروحية»، الذي افتتح في إطار اليوبيل الـ255 لبناء كنيسة انتقال السيدة العذراء، ويضم نماذج مختارة من مقتنيات متحف دير سيدة بزمار، بما يتيح للزائر التعرّف إلى جانب من الوديعة الروحية والفنية والتاريخية التي حفظها الدير عبر الأجيال.
واختُتمت الاحتفالات بتقبّل التهاني من قبل البطريرك ميناسيان، ورئيس الدير وأعضاء جمعية كهنة بزمار، في صالون الدير، في أجواء روحية جمعت أبناء الكنيسة حول أمّهم مريم، سيدة الانتقال وسيدة بزمار، في الصلاة والرجاء والشركة.

16/08/2026
احتفل دير سيدة بزمار البطريركي بعيد انتقال أمّنا مريم العذراء بالنفس والجسد، من خلال قداس إلهي احتفالي. وفي ختام القداس،...
15/08/2026

احتفل دير سيدة بزمار البطريركي بعيد انتقال أمّنا مريم العذراء بالنفس والجسد، من خلال قداس إلهي احتفالي. وفي ختام القداس، تمّت مباركة العنب، وأُقيم زياحٌ مهيب لصورة مريم العذراء، وسط أجواء من الصلاة والفرح.

وبعدها، أُطلقت الألعاب النارية احتفالًا بهذه المناسبة المباركة، ثم زار المؤمنون المعرض المخصّص لذكرى مرور 255 عامًا على تشييد كنيسة الدير، مستذكرين تاريخها العريق ودورها في حياة الإيمان والروحانية على مدى أكثر من قرنين ونصف

15/08/2026

١٥/٨/٢٠٢٦
احتفل دير سيدة بزمار البطريركي بعيد انتقال أمّنا مريم العذراء بالنفس والجسد، من خلال قداس إلهي احتفالي باللغة العربية. وفي ختام القداس، تمّت مباركة العنب، وأُقيم زياحٌ مهيب لصورة مريم العذراء، وسط أجواء من الصلاة والفرح.

وبعدها، أُطلقت الألعاب النارية احتفالًا بهذه المناسبة المباركة، ثم زار المؤمنون المعرض المخصّص لذكرى مرور 255 عامًا على تشييد كنيسة الدير، مستذكرين تاريخها العريق ودورها في حياة الإيمان والروحانية على مدى أكثر من قرنين ونصف.

Անդրադարձ1771-2026
15/08/2026

Անդրադարձ
1771-2026

ՆԱՐԵԿ ՎՐԴ. ԼՈՒԻՍԵԱՆ ԺԸ. դարու առաջին կէսին երջանկայիշատակ Աբրահամ-Պետրոս Ա. Արծիւեան կաթողիկոս-պատրիարքը կանգնեցաւ հորիզոնին վերեւ, իբրեւ �

Address

Bzommar
Bzoummâr
5081BZOMMAR

Opening Hours

Monday 08:00 - 19:00
Tuesday 08:00 - 19:00
Wednesday 08:00 - 19:00
Thursday 08:00 - 19:00
Friday 08:00 - 19:00
Saturday 08:00 - 19:00
Sunday 08:00 - 19:00

Telephone

+96176190249

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Institut Du Clergé Patriarcal De Bzommar posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Place Of Worship

Send a message to Institut Du Clergé Patriarcal De Bzommar:

Share