Sourp Haroutune Yegeghetsi, Rmeil - Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցի, Ռմէյլ

  • Home
  • Lebanon
  • Burj Hammud
  • Sourp Haroutune Yegeghetsi, Rmeil - Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցի, Ռմէյլ

Sourp Haroutune Yegeghetsi, Rmeil - Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցի, Ռմէյլ Armenian Apostolic Church. Inaugurated in 1934. Father Oshagan Ashekian served for 32 years. From 2012 Father Ghevont Loshkhajian is the priest of the Church.

06/09/2026
Սուրբ Պատարագը տեղի պիտի ունենայ այս Կիրակի` 6 Սեպտեմբեր 2026-ին։
02/09/2026

Սուրբ Պատարագը տեղի պիտի ունենայ այս Կիրակի` 6 Սեպտեմբեր 2026-ին։

Այսօր, Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տօնեցինք տարեդարձը Սիլվա Յակոբեանի եւ Սեւակ Կիւվլէքճեանի։ Բարի եւ ուրախ տա...
16/08/2026

Այսօր, Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տօնեցինք տարեդարձը Սիլվա Յակոբեանի եւ Սեւակ Կիւվլէքճեանի։
Բարի եւ ուրախ տարեդարձ ձեզի սիրելի թաղականներ։։

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօն եւ Խաղողօրհնէք։Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց որոնք սրտաբուխ նուիրեցին խաղողն...
16/08/2026

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօն եւ Խաղողօրհնէք։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց որոնք սրտաբուխ նուիրեցին խաղողները։
Նշենք նաեւ որ եկեղեցւոյ շրջափակի կայմը պատրաստուած էր Հ.Մ.Մ-ի սկաուտներուն կողմէ։

ՈւԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՌԱՅԱՔԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻԱւանդութիւն դարձած, 14 Օգոստոս 2026-ին Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ...
14/08/2026

ՈւԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՌԱՅԱՔԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

Աւանդութիւն դարձած, 14 Օգոստոս 2026-ին Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը` հոգեւոր հովիւ, թաղականութիւն, դպրաց դաս եւ ծխայիններ, շուրջ 100 հոգի հաշուած, օրհնութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւին` Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Լոշխաճեանի, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով ուխտագնացութիւն մը կազմակերպեց դէպի Ռայաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:
Շարականներու երգեցողութիւնը եւ խորանի սպասարկութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս դպրաց դասի անդամները: Իսկ Ս. Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Գրիգոր Քհնյ. Եղիայեանը` Զահլէի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը: Ներկայ էր նաեւ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Ճերմակեան։
Յիշենք նաեւ որ բոլոր խաղողները սրտաբուխ նուիրուած էին Մակարեան ընտանիքին կողմէ:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, ընկերային մթնոլորտի մէջ, յիշեալ մեծ ընտանիքը Այնճարի "Արեւ" ճաշարանին մէջ հաւաքուեցաւ սիրոյ սեղանի մը շուրջ եւ ապա ուղղուեցան դէպի Զահլէ:
Զահլէի մէջ այցելեցին 2 եկեղեցիներ:
Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Մակարեան ընտանիքին իրենց ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրընկալութեան համար:
Յոյսով ենք որ այս ուխտագնացութիւնը յաջորդ տարի եւս կը կրկնուի աւելի մեծ թիւով ուխտաւորներու մասնակցութեամբ:

Այսօր, Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տօնեցինք տարեդարձը Թամար Մալխասեան Ատալռանի եւ Լիանա Մուրատեան Յակոբեանի։ ...
09/08/2026

Այսօր, Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տօնեցինք տարեդարձը Թամար Մալխասեան Ատալռանի եւ Լիանա Մուրատեան Յակոբեանի։
Բարի եւ ուրախ տարեդարձ ձեզի սիրելիներ։

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցին օժտուեցաւ Պատարագի նոր զգեստով մը, նուիրատուութեամբ Տիկ. Ժանէթ Ֆրնուզեանի` ի յիշատակ իր ամ...
02/08/2026

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցին օժտուեցաւ Պատարագի նոր զգեստով մը, նուիրատուութեամբ Տիկ. Ժանէթ Ֆրնուզեանի` ի յիշատակ իր ամուսնոյն Հանգուցեալ Փանոս Ֆրնուզեանի։
Այս առթիւ, այսօր Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ նոր զգեստին օրհնութիւնը ձեռամբ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհյ. Լոշխաճեանի։
Ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ տօնեցինք Մարօ Տէր Ստեփանեանի տարեդարձը։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տիկ. Ֆրնուզեանին` աղօթելով որ Աստուած իր ամուսնոյն հոգին լուսաւորէ։

Address

Burj Hammud

Opening Hours

Monday 07:30 - 09:00
Tuesday 07:30 - 09:00
Wednesday 07:30 - 09:00
Thursday 07:30 - 09:00
Friday 07:30 - 09:00
Saturday 07:30 - 09:00
Sunday 07:00 - 12:00

Telephone

01-562268

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Sourp Haroutune Yegeghetsi, Rmeil - Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցի, Ռմէյլ posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Shortcuts

Share