Armenian Theological Seminary, Դպրեվանք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

  • Home
  • Lebanon
  • Bikfaïya
  • Armenian Theological Seminary, Դպրեվանք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Armenian Theological Seminary, Դպրեվանք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան “Our Theological Seminary is a sacred place where committed and visionary people are prepared to s

«Դպրեվանքը սուրբ վայր մըն է, ուր յանձնառու եւ տեսլական ունեցող սպասաւորներ կը պատրաստուին մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան համար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը վճռական դերակատարութիւն ունի մեր ժողովուրդի պատմութեան այս կարեւոր ժամանակամիջոցին ընթացքին, երբ մեր ժողովուրդին կարիքներն ու սպասումները այնքան բազմաթիւ ու այլազան են, թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ»:

Արամ Ա. Կաթողիկոս

(Քաղուած՝ Դպրեվանեցիներու ուղղուած խօսքէ)

Հրաւիրուած էք մասնակից դառնալու ստորեւ յիշուած եկեղեցիներու մէջ Դպրեվանքին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագներուն։Shernezia...
02/06/2026

Հրաւիրուած էք մասնակից դառնալու ստորեւ յիշուած եկեղեցիներու մէջ Դպրեվանքին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագներուն։
Shernezian Father Barouyr
Kevork Karageozian
Hayr Azad N. Filikian
Hayr Stepanos Pashayan
Shnorhk Ashekian
Abraham Joulfayan
Movses Yosoulkanian

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐՈւրբաթ, 29 Մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Դպրեվանքի Տեսչութեան տնօրինումով...
01/06/2026

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ

Ուրբաթ, 29 Մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Դպրեվանքի Տեսչութեան տնօրինումով եւ կազմակերպութեամբ՝ Ուսանողական Խորհուրդին, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ» վերնագիրով հետաքրքրական դասախօսութիւն մը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, Ա. Ընծայարանէն՝ Յովիկ կիս. Խաչիկեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց 28 Մայիսի կարեւորութիւնը, ըսելով. «28 Մայիսը հայուն համար սովորական օր մը կամ պատմական դէպք մը չէ, այլ՝ մեր ազգային յարութեան օրը: Դարաւոր ստրկութենէ ետք, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերով հայ ժողովուրդը յաղթեց մահուան եւ բնաջնջումի սպառնալիքին»:
Այնուհետեւ, խումբ մը սաներու կատարողութեամբ, հնչեցին «Արամ Մանուկեան» եւ «Սարդարապատ» ազգային երգերը:

Օրուան դասախօսն էր՝ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին տնօրէն եւ Դպրեվանքի հայոց պատմութեան ուսուցիչ պրն. Վիգէն Աւագեանը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ասկէ մօտաւորապէս 35 տարի առաջ, 28 Մայիս նշել կը նշանակէր հայութեան գոյութեան նպատակը ներկայացնել: 1991-ին, մենք վերականգնեցինք մեր անկախութիւնը, տեսանք հայ գահին վրայ նստած հայ իշխան եւ 1918-ի անկախութեան խորհրդանիշները: Մենք պէտք է 1918-ի անկախութեան սերունդի օրինակով առաջնորդուինք, որպէսզի օր մը մենք ալ մեր երազը իրականացնենք կերտելով՝ ազատ, անկախ, միացեալ եւ ինքնիշխան Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ»:

Ապա, Ժառանգաւորաց Բ. դասարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:

Դպրեվանքի Տեսուչ Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան իր սիրտի խօսքը փոխանցեց եւ ըսաւ. «Այսօրուան ձեռնարկով մենք վերարժեւորեցինք 28 Մայիսի անկախութեան փառաւոր խորհուրդն ու մեր նահատակներուն սրբազան յիշատակը։ Միաժամանակ վերահաստատեցինք մեր ազգային ինքնութիւնը՝ այսօրուան այնպիսի աշխարհի մը մէջ, ուր զանազան հոսանքներ կը փորձեն խաթարել ու աղաւաղել զայն։ Ահա թէ ինչու չափազանց կարեւոր է ամուր կառչած մնալ մեր արմատներուն, ազգային արժէքներուն եւ հայրենասիրական ոգիին։

Մեր խորին յարգանքն ու մեծարանքը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքն ու անձը ընծայեցին մեր հայրենիքի անկախութեան կերտման, պահպանման եւ հզօրացման սրբազան գործին՝ իրենց զոհաբերութեամբ մեզի փոխանցելով ազատ եւ անկախ հայրենիք ունենալու պատգամը»:

Աւարտին, Տեսուչ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. Վիգէնին, որ իր սուղ ժամանակէն տրամադրեց եւ ընդառաջեց Դպրեվանքի մէջ դասախօսութիւն տալու հրաւէրին։ Ի նշան երախտագիտութեան եւ գնահատանքի՝ Հայր Սուրբը յուշանուէր մը յանձնեց անոր։

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏԸՀինգշաբթի, 28 Մայիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Դպրեվանքի Տեսչութեան եւ Տիկնանց Խոր...
01/06/2026

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊՏՈՅՏԸ
Հինգշաբթի, 28 Մայիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Դպրեվանքի Տեսչութեան եւ Տիկնանց Խորհուրդին կազմակերպութեամբ, Դպրեվանքի մեծ ընտանիքը՝ Տեսչական եւ Ուսուցչական կազմերուն, ինչպէս նաեւ Տիկնանց Խորհուրդի անդամներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցաւ դէպի «SWINGS PARK»՝ միասին գեղեցիկ եւ խանդավառ օր մը անցընելու նպատակով։
Օրուան ընթացքին, մասնակիցները խաղացին զանազան նստակեաց խաղեր, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան աշխոյժ եւ հետաքրքրական մրցումներու։ Պտոյտի ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտը աւելի եւս ճոխացաւ աւանդական խորովածի պատրաստութեամբ։
Օրուան յատուկ եւ յուզիչ պահերէն մէկը եղաւ անակնկալ կարկանդակի հատումը, որմով Դպրեվանքի ընտանիքը սիրով շնորհաւորեց Տեսուչ Հայր Սուրբը՝ համալսարանական բարձրագոյն վկայականին՝ դոկտորական աստիճանին արժանանալուն բերկրալի առիթով։

Զանգեր, ղօղանջէք,Սրբազան քաջերին կանչէք,Այս արդար պատից:Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէքՍարդարապատից...
28/05/2026

Զանգեր, ղօղանջէք,
Սրբազան քաջերին կանչէք,
Այս արդար պատից:
Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք
Սարդարապատից...

Դպրեվանքի մեծ ընտանիքը ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ Ա. Ընծայարանի Յովիկ Կիս. Խաչիկեան շահած է «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական...
26/05/2026

Դպրեվանքի մեծ ընտանիքը ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ Ա. Ընծայարանի Յովիկ Կիս. Խաչիկեան շահած է «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին եկրորդական բաժինին առաջնութիւնը։ Իսկ Բ. Ընծայարանի Յովհաննէս Կիս. Սաղիրեան արժանացած է պատուոյ յիշատակութեան։
https://www.facebook.com/share/p/1BPZC25iN8/

«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին 2026-ի Արդիւնքները

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական աւանդական շարադրական մրցանքը այս տարի տեղի ունեցաւ 21 փետրուար 2026-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ:

Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպած մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 10 վարժարաններէ 65 աշակերտ-աշակերտուհիներ` երկրորդականի, միջնակարգի եւ նախակրթարանի բաժիններէն: Մասնակից վարժարաններն էին` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան, Վահան Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Միացեալ վարժարան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք:

Մրցանքին դատական կազմը, բաղկացած` Շուշիկ Մաւիսագալեանէ, Արին Գալուստեանէ եւ Ժաք Յակոբեանէ, շարադրութիւններու սրբագրութենէն ետք մրցանակակիրներ նկատեց հետեւեալները.

Երկրորդական
Առաջին.- Յովիկ Խաչիկեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք):
Երկրորդ.- Նարօտ Թազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
Երրորդ.- Քրիսթել Գազանճեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Յովհաննէս Սաղիրեան (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք), Լոռի Ճապրայեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան) եւ Լոռի Զէյթլեան (Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան):

Միջնակարգ
Առաջին.- Կալի Գարամանուկեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):
Երկրորդ.- Նարեկ Շիրէճեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան):
Երրորդ.- Ճոնի Շահպազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ) եւ Գայիանէ Տեմիրճեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Սիրուն Յակոբեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), Բալենի Աւագեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան) եւ Սեւան Ճապրայեան (Ազգային Միացեալ վարժարան):

Նախակրթարան
Առաջին.- Շարպել Պաշիր (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան):
Երկրորդ.- Բիւզանդ Այվազեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
Երրորդ.- Խաչիկ Էթոյեան (Հայ աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարան):
Պատուոյ յիշատակութիւն.- Արմոն Տագէսեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), Սառա Սերոբեան (Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան), Տեսիլա Հայկեան (Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան):

Ջուլհաճեան ընտանիքին որոշումով մրցանակակիրները պիտի արժանանան նիւթական պարգեւներու եւ յատուկ հաստատագիրներու, որոնց տուչութիւնը կը կատարուի համապատասխան հանդիսութեամբ:

Այս առիթով Ուսումնական խորհուրդը իր շնորհակալութիւնները կը յայտնէ` Ջուլհաճեան ընտանիքին, մրցանքի դատական կազմին, մասնակից վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, հայերէնի ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ շարադրական մրցանքին մասնակցած աշակերտ-աշակերտուհիներուն, որոնք նահատակ ազատամարտիկի կտակին հաւատարիմ` հայ գիրով ու գրականութեամբ կը նպաստեն ազգային հաւաքական մեր ինքնութեան պահպանման գոյապայքարին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

Կիրակի, 24 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի սեղանատան մէջ, Հայր Ազատին վարդապետական աստիճան ստանալուն ուրախ առիթով, դպր...
25/05/2026

Կիրակի, 24 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի սեղանատան մէջ, Հայր Ազատին վարդապետական աստիճան ստանալուն ուրախ առիթով, դպրեվանեցիները իրենց սէրն ու շնորհաւորանքը յայտնեցին։ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան, բացատրելով վարդապետական աստիճանի կարեւորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, իր մեծ ուրախութիւնը յայտնեց եւ շնորհաւորեց հայր սուրբը։ Դպրեվանեցիները եւս իրենց ջերմագին բարեմաղթութիւնները կատարեցին Հայր Ազատին՝ մաղթելով բարի եւ բեղմնաւոր ծառայութիւն, ի բարգաւաճում եւ անսասանութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին եւ առաքելահիմն Հայ Եկեղեցւոյ։ Ապա, Տեսչութիւնն ու աշակերտութիւնը միասնաբար կարկանդակ մը հատեցին այս ուրախ առթիւ։

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳՀինգշաբթի, 14 Մայիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Դպր...
14/05/2026

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ

Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Դպրեվանքի Տեսչութեան տնօրինումով , Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ նուիրուած մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Համբարձման:

Պատարագի երգեցողութիւնը հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ Դպրեվանքի սաներուն կողմէ: Պատարագիչն էր Դպրեվանքի Փոխ-Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեան: Հայր սուրբը իր քարոզին ընդմէջէն ներկայացուց Համբարձման խորհուրդը եւ անոր առնչուող հոգեւոր պատգամը՝ մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Ան ընդգծեց, թէ Քրիստոսի Համբարձումով մարդը վերագտաւ իր կոչումը՝ դառնալով երկնաւոր արքայութեան ժառանգորդ։

Հայր Սուրբը յիշեց նաեւ, որ Համբարձման տօնը յոյսի եւ յաղթանակի տօն է, որով հաւատացեալը կը զօրանայ՝ գիտնալով, թէ Քրիստոս միշտ ներկայ է Իր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ երբեք չի լքեր Իր հօտը։ Ան հրաւիրեց ներկաները ամուր մնալու իրենց հաւատքին, աղօթական կեանքին եւ քրիստոնէական առաքինութիւններուն մէջ, որպէսզի արժանի ըլլան երկնաւոր կոչումին։

14/05/2026

Address

Bikfaya Main Road
Bikfaïya

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Armenian Theological Seminary, Դպրեվանք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Place Of Worship

Send a message to Armenian Theological Seminary, Դպրեվանք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

Share