29/08/2026
ՔԼԱՐԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Քլարա Մարկոսեան Հիմնադրամը, նախագահութեամբ Varouj Altebarmakian Տօքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանի, չորս տարիներ շարունակ իր մարդասիրական առաքելութեամբ կանգնեցաւ Թրիփոլիի կարօտեալ ընտանիքներուն կողքին՝ անոնց տրամադրելով դեղորայքի բաշխման օժանդակութիւն։
Չորս տարիներ շարունակ այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը եղաւ մեծ բարիք եւ օրհնութիւն՝ առողջապահական դժուարութիւններ դիմագրաւող մեր համայնքի անհատներուն եւ ընտանիքներուն համար։ Անիկա ոչ միայն օգնեց անոնց հոգալու իրենց անհրաժեշտ դեղորայքի կարիքները, այլեւ թեթեւցուց անոնց տնտեսական ծանր բեռը եւ անոնց փոխանցեց այն զգացումը, որ իրենք առանձին չեն, եւ իրենց կողքին կան սրտակից ու հոգատար մարդիկ։
Այսօր, երբ այս արժէքաւոր մարդասիրական ծրագիրը կը հասնի իր աւարտին, Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը խորին երախտագիտութեամբ կը յիշէ այս չորս տարիներու բարի գործը եւ իր անկեղծ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Քլարա Մարկոսեան Հիմնադրամին, Տօքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանին, բոլոր բարերարներուն եւ աջակիցներուն։
Ձեր նուիրատուութիւնները, նուիրումը եւ համագործակցութիւնը հնարաւոր դարձուցին հասնիլ մեր համայնքի կարիքաւոր զաւակներուն եւ թեթեւցնել անոնց դժուարութիւնները։
Թող Աստուած օրհնէ բոլոր անոնք, որոնք իրենց սրտի բարութեամբ բաժին ունեցան այս մարդասիրական առաքելութեան մէջ եւ իրենց նպաստը բերին կարիքի մէջ եղող մեր հարազատներուն։
Մեր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը բոլորիդ։
Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում
Թրիփոլի, Լիբանան
29 Օգոստոս 2026
.
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին/ Mother See of Holy Etchmiadzin
,, #Հայ, , #Եկեղեցի #օժանդակութիւն, , ,