Cilicia TV

Cilicia TV This is the official page of the Armenian Church, Holy See of Cilicia - Audiovisual Department

14/08/2026

Չորրորդ Օր — Սուրբ Աստուածածին Վանքի Ուխտի Շաբաթ — 13.08.2026

13/08/2026

Երրորդ Օր — Սուրբ Աստուածածին Վանքի Ուխտի Շաբաթ — 12.08.2026

12/08/2026

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքը կազմակերպեց աղօթական կեանքի նուիրուած միօրեայ երիտասարդական համագումար մը, Շաբաթ, 8 Օգոստոս 2026-ին, օրհնութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

12/08/2026

Երկրորդ Օր — Սուրբ Աստուածածին Վանքի Ուխտի Շաբաթ — 11.08.2026

11/08/2026

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագրատունը կը հարստանայ նոր ձեռագիրով մը։

10/08/2026
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ «ԳԼԱՁՈՐ» ՏԱՐԵԳԻՐՔԻ ԻԱ. ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՏՈՐԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրք...
10/08/2026

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ «ԳԼԱՁՈՐ» ՏԱՐԵԳԻՐՔԻ ԻԱ. ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՏՈՐԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքի ԻԱ. տարուան (2024-2026) հատորը լոյս տեսաւ Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն: Սոյն տարեգիրքը կը ստանայ առանձնայատուկ նշանակութիւն, որովհետեւ կը համընկնի մեր եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մէջ յատուկ խորհուրդ կրող երկու կարեւոր յոբելեաններու: Արդարեւ, մենք կը նշենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30 ամեակը եւ Դպրեվանքի հիմնադրութեան 95 ամեակը: Երկու յոբելեաններ, որոնք պարզ թուականներ չեն, այլ կը մարմնաւորեն ընթացք, ծառայութիւն եւ ժառանգութիւն:

«Գլաձոր»ը Դպրեվանքի կեանքին եւ առաքելութեան հայելին է: Անոր էջերուն մէջ կ'արտացոլան դպրեվանեցիներուն հոգեւոր եւ մտաւոր ընթացքը, անոնց փորձառութիւնները, ուսումնասիրութիւնները, յուշերը եւ ստեղծագործական աշխատանքները: Այս տարեգիրքը տարիներու ընթացքին դարձած է յիշողութեան պահոց մը եւ միաժամանակ վկայութիւն մը՝ Դպրեվանքի շարունակական ներկայութեան ու ծառայութեան:

«Գլաձոր»ը կամուրջ մըն է Դպրեվանքին եւ մեր ժողովուրդին միջեւ: Անիկա կը փոխանցէ Դպրեվանքին շունչը՝ շրջանաւարտներուն, բարերարներուն, եկեղեցասէր հաւատացեալներուն եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ կը հետեւին այս սրբավայրին առաքելութեան:

Դպրեվանքի համատեղ ջանքին պատկերը մարմնաւորուեցաւ ներկայ տարեգիրքին մէջ՝ շնորհիւ խմբագիր հայր սուրբին՝ Դպրեվանքի փոխ տեսուչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեանի անսակարկ աշխատանքին:

Դպրեվանքին հիմնադրութեան 95 ամեակին նուիրուած «Գլաձոր»ի սոյն հատորը լոյս տեսաւ Դպրեվանքի նախկին սան եւ նիւթաբարոյապէս անոր առաքելութեան նեցուկ կանգնող Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեանի ազնիւ մեկենասութեամբ, առ ի քաջալերանք Կիլիկեան Դպրեվանքի առաքելութեան: Անհուն շնորհակալութիւն այս օրհնեալ ամոլին, որուն սրտին մէջ Դպրեվանքը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ:

Ահաւասիկ, «Գլաձոր»ը կրկին կը մատուցուի հայ ընթերցասէր ու եկեղեցասէր հանրութեան: Ահա ձեր առջեւ Դպրեվանքը՝ իր իսկութեամբ, պարզութեամբ ու հարազատութեամբ:

10/08/2026

Հատուածներ՝ «Աղօթական Կեանք»ի Երիտասարդական Միօրեայ Համագումարէն
•••
Highlights from the “Prayer Life” Youth One-Day Conference

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՀԱՐԻՒՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋՄայրավանքի Երիտասարդական Բաժանմունքը կազմակերպեց...
09/08/2026

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՀԱՐԻՒՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԵՑԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մայրավանքի Երիտասարդական Բաժանմունքը կազմակերպեց «Աղօթական Կեանք»ի նուիրուած միօրեայ երիտասարդական համագումար մը, Շաբաթ, 8 Օգոստոս 2026-ին, օրհնութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Առ այդ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ համախմբուեցան լիբանանահայ երիտասարդական զանազան միութիւններէ 100 երիտասարդներ։

Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Դպրեվանքի Ընծայարան բաժնի աշակերտները, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութենէն, Լիբանանի Հայոց Թեմի դպրաց դասերէն եւ կիրակնօրեայ վարժարաններէն, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութենէն, Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութենէն, Թէքէեան Մշակութային Միութենէն, Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ «Յոյսի Բանակ»ի յանախումբէն, Հայ Աւետարանական Ջանից ընկերակցութենէն եւ Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ երիտասարդականէն երիտասարդներ։

Երիտասարդական համագումարի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Աւետիք Վրդ. Տէր Կարապետեան։

Նորին Սրբութիւնը երիտասարդներուն ուղղեց իր հայրական խօսքը՝ անդրադառնալով հոգեւոր եւ աղօթական կեանքի շարք մը էական հարցերու։ Ան 17 կարեւոր յիշեցումներ կատարեց՝ երիտասարդներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով աղօթքի խորքին, անհրաժեշտութեան եւ ճիշդ կերպով աղօթելուն վրայ։

Բացման հանդիսութենէն անմիջապէս ետք սկսաւ համագումարին պատրաստուած յայտագիրը։ Երիտասարդները բաժնուեցան հինգ խումբերու, որոնց տրուեցան քրիստոնէական հինգ առաքինութիւններու անունները՝ Հաւատք, Յոյս, Սէր, Շնորհք եւ Խաղաղութիւն։
— — —
(Լուրին ամբողջական տարբերակը ընթրցել պաշտօնական կայքէջին մէջ - https://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/81762 )

12/07/2026

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ — Անթիլիասի Մայրավանք
— — — — —
Պատարագիչ՝ Հոգշ. Տ. Գէորգ Վրդ. Գարկէօզեան
— — — — —
Կիրակի, 12 Յուլիս 2026

Address

Armenian Church Catholicosate Of Cilicia
Beirut

Opening Hours

Monday 08:00 - 18:00
Tuesday 08:00 - 18:00
Wednesday 08:00 - 18:00
Thursday 08:00 - 18:00
Friday 08:00 - 18:00
Saturday 08:00 - 12:00

Telephone

+9614410001

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Cilicia TV posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Shortcuts

Share