03/04/2026
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ
Աւագ Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ` Արժ. Տ. Սիմէոն Քհնյ Կարապետեան մատուցեց Ս. Հաղորդութեան հաստատման Ս. եւ Անմահ Պատարագը, ի յիշատակ Վերջին Ընթրիքին։
ՈՏՆԼՈՒԱՅ
Երեկոյեան ժամը 4-ին, հանդիսաւոր կերպով կատարուեցաւ Ոտնլուայի հոգեպարար արարողութիւնը։
Ոտնլուան կատարեց եւ քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն` Գերպ. Տ. Վաղինակ Աբղ. Մելոյեան:
Աղօթքներու, շարականներու ընդմէջէն յիշատակուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կատարած այն հրաշալի արարքին, ուր Ան իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, նոյնպէս Քրիստոսի օրինակին հետևելով գերապատիւ հայր սուրբը մէջքին ղենջակ կապած լուաց խորանին վրայ գտնուողներուն ոտքերը եւ ապա փոխանցեց օրուան խորհուրդը հաւատացեալ ժողովուրդին։
ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ
Ժամը 7:30-ին, սկիզբ առաւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Կարգ Չարչարանացը (Խաւարման Գիշեր)։
Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ներկայութեամբ՝ աւետարանական ընթերցումներուն, հոգեզմայլ շարականներուն եւ «Ո՞ւր ես, մայր իմ» հոգեթով ու յուզումնախառն երգին ընդմէջէն յիշատակուեցաւ Քրիստոսի վերջին ընրթրիքի, Յուդայի մատնութեան եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն դրուագները։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, «Խաչի Քո Քրիստոս» շարականին երգեցողութենէն ետք, եկեղեցւոյս քահանայ հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը։