Armenian Evangelical Emmanuel Church Lebanon

Armenian Evangelical Emmanuel Church Lebanon Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from Armenian Evangelical Emmanuel Church Lebanon, Church, Maggie el Hajj Street, Bouchrieh, Beirut.

31/05/2026
Հռովմայեցիս նամակին սերտողութեան 23-րդ հանդիպումը սկսանք երգելով ու աղօթելով եւ աւարտեցինք աղօթքով։ Ու աւարտին՝ ունեցանք...
30/05/2026

Հռովմայեցիս նամակին սերտողութեան 23-րդ հանդիպումը սկսանք երգելով ու աղօթելով եւ աւարտեցինք աղօթքով։ Ու աւարտին՝ ունեցանք համեղ հիւրասիրութիւն։

Հինգշաբթի, 28 Մայիս, 2026, երեկոյեան ժամը 7.00-ին, մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ, սերտեցինք Հռովմ.3.23-25 համարները։

Առաքեալը խօսելէ ետք Աստուծոյ արդարութեան մասին, որ Յիսուսի միջոցով կը ստանանք՝ հաւատքով, կը յիշէ թէ «ամէնքը մեղք գործեցին», ու կը կրկնէ ինչ որ 3.9-18 մէջ ըսած էր: Սակայն, մարդուն մեղքը ոչ միայն մարդկային խօսքին ու կեանքին մահ կը յառաջացնէր, հապա նաեւ այդ պատճառով՝ «Աստուծոյ փառքէն պակսեցան»: Անոնք կորսնցուցին իրենց բուն/նախնական վիճակը Եդեմի պարտէզին մէջ, Աստուծոյ հետ վայելելով մտերմութիւն, Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ըլլալով, երկրի վրայ իշխելով եւ Եդեմի պարտէզէն վռնտուելով (Սաղմ.8.5: Յովհ.12.43): Բայց Աստուծոյ շնորհքով՝ Յիսուսի փրկութիւնով է որ մարդ «ձրի կ'արդարանայ» (3.24): Ձրի արդարանալը Յիսուսի համար սուղ գին նշանակեց՝ որ իր արիւնը թափելով արդարացուց մարդը՝ երբ հաւատայ Իր արեան քաւութեան զօրութեան: Աստուծոյ արդարութիւնը որորմութիւնով կը գործադրուի: Աստուած Քրիստոսէ առաջ ինքնաբերաբար չի փճացներ մարդը իր մեղքին պատճառով, հապա՝ երկայնմտութիւնով սպասած էր անոր («ջնջած էր նախապէս գործուած մեղքերը») մինչեւ Յիսուս Քրիստոսով հաստատէր փրկութիւնը (3.25):

Աստուծոյ փառք կու տանք 24 անձերու ներկայութեան եւ հովիւին բերած ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ այն առանձնաշնորհումին համար որ Իր եկեղեցին միասին՝ Իր խօսքին շուրջ կը հաւաքուի, կը սերտէ զայն, զիրար կը լսեն, կը բաժնեկցին իրարու հետ, միասին կ՚աճին եւ կ՚աղօթեն։

Աստուածաշունչի սերտողութեան մեր 24-րդ հանդիպումը, Տէրը կամի, տեղի պիտի ունենայ՝ Հինգշաբթի, 4 Յունիս, 2026, երեկոյեան ժամը 7.00-ին։
Փառքը միայն Աստուծոյ:

Սիրելիներ,Աստուածաշունչի սերտողութեան 23-րդ հանդիպումը կ՛ունենանք այսօր՝ Հինգշաբթի, 28 Մայիս, երեկոյեան ժամը 7.00-ին։Կը ...
28/05/2026

Սիրելիներ,

Աստուածաշունչի սերտողութեան 23-րդ հանդիպումը կ՛ունենանք այսօր՝ Հինգշաբթի, 28 Մայիս, երեկոյեան ժամը 7.00-ին։

Կը սերտենք Հռովմայեցիս 3.23-31.

Հարցումներ՝ խոկալու։

1) Ի՞նչ կը նշանակէ, թէ՝ Յիսուս արդար է եւ կ՛արդարացնէ իրեն հաւատացողը։

2) Ի՞նչ կը նշանակէ արդարանալ Աստուծոյ առջեւ։

3) Արդարանալը ինչպէ՞ս կապուած է քաւութեան հետ։

4) Ի՞նչ է պայմանը արդարանալու։

5) Յետ այսու, մարդ ինչո՞վ կը պարծենայ։

6) Ի՞նչ կ՛ըլլայ օրէնքին ճակատագիրը։

Կը հրաւիրենք բոլոր հաղորդական անդամները, տրատու անդամները, եկեղեցիիս բարեկամներն ու բոլոր հետաքրքրուողները, մասնակցելու Հռովմայեցիս նամակին սերտողութեան։

Եկէ՛ք, միասին աճինք Աստուծոյ Խօսքին մէջ։

Սիրով կը սպասենք ձեզ։

Հռովմայեցիս նամակին սերտողութեան 22-րդ հանդիպումը սկսանք երգելով ու աղօթելով եւ աւարտեցինք աղօթքով։ Ու աւարտին՝ ունեցանք...
23/05/2026

Հռովմայեցիս նամակին սերտողութեան 22-րդ հանդիպումը սկսանք երգելով ու աղօթելով եւ աւարտեցինք աղօթքով։ Ու աւարտին՝ ունեցանք համեղ հիւրասիրութիւն։

Հինգշաբթի, 21 Մայիս, 2026, երեկոյեան ժամը 7.00-ին, մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ, սերտեցինք Հռովմ.3.21-22 համարները։ Առաքեալը խօսելէ ետք մեղքին համամարդկային երեւոյթին մասին (3.9-20), վեր կ'առնէ մարդուն համամարդկային պէտքը եւ անոր փրկութեան կարիքը, որ միայն Աստուած կրնայ հայթայթել: Ան կ'ըսէ, թէ՝ Աստուծոյ արդարութիւնը ոչ մարդկային, ոչ ալ օրէնքին միջոցով կ'իրականանայ: Աստուած անյոյս չի պահեր մարդը իր մեղքին մէջ մեռնելու, հապա՝ կարելիութիւնը կու տայ փրկութիւն ստանալու՝ Իր շնորհքին պատճառով: Աստուած՝ Հին Կտակարանին օրէնքով եւ մարգարէներով,@ յայտնած էր Իր ծրագիրը՝ Փրկիչը ղրկելու, ազատելու համար մարդը իր կործանումէն (3.21): Աստուած Իր Որդիին (1.3-5)՝ Յիսուս Քրիստոսի (մեսիային) միջոցով բերաւ իր փրկութիւնը: Այս է Աստուծոյ արդարութիւնը. Ան մարդուն փրկութեամբ մտահոգ է, փոխանակ, բնականաբար զայն դատապարտելու իր մեղքին համար՝ որ արդարացի է: Աստուծոյ արդարութիւնը կարելի է ստանալ, երբ մարդ հաւատքով դրական անդրադառնայ Աստուծոյ բերած փրկութեան եւ ընդունի զայն իբրեւ իր սեփական համոզումը (3.22): Աստուծոյ արդարութեան մէջ «խտրութիւն չկայ», այլ կերպ չկայ Իր փրկութիւնը ստանալու: Հռովմայեցիս նամակին մէջ, հաւատքը կեդրոնական տեղ կը գրաւէ (1.17):

Աստուծոյ փառք կու տանք 22 անձերու ներկայութեան եւ հովիւին բերած ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ այն առանձնաշնորհումին համար որ Իր եկեղեցին միասին՝ Իր խօսքին շուրջ կը հաւաքուի, կը սերտէ զայն, զիրար կը լսեն, կը բաժնեկցին իրարու հետ, միասին կ՚աճին եւ կ՚աղօթեն։

Աստուածաշունչի սերտողութեան մեր 23-րդ հանդիպումը, Տէրը կամի, տեղի պիտի ունենայ՝ Հինգշաբթի, 28 Մայիս, 2026-ին։
Փառքը միայն Աստուծոյ:

.Հաղորդական անդամներու կիսօրեայ հանդիպումը՝ Կիրակի, 17 Մայիսին, ՔՋԱԿ-ի մէջ, կ.ե. 12.15- 6.15: Ներկայ եղան 15 անդամներ: Ն...
21/05/2026

.Հաղորդական անդամներու կիսօրեայ հանդիպումը՝ Կիրակի, 17 Մայիսին, ՔՋԱԿ-ի մէջ, կ.ե. 12.15- 6.15: Ներկայ եղան 15 անդամներ: Նախ՝ ունեցանք ճաշը աղօթքով, ՔՋԱԿ-ի ճաշարանին մէջ: Ապա՝ ՔՋԱԿ-ի մատուռին մէջ, Օրդ. Հ. Պարսումեան առաջնորդեց պաշտամունքը եւ երգեցողութիւնը: Օրուան պատգամաբերն էր Պատ. Ճ. Սահիլի (նիւթ՝ «աշակերտութիւն»։ Յիսուսը հաւնողները եւ Անոր աշակերտին իւրայատկութիւնները.- Աշակերտը տիրութիւնը Յիսուսի կու տայ [Յովհ.3.30:Գաղ.2.20:Մատթ.6.33]: Աշակերտը Յիսուսի վրայ հաստատուած է [Յովհ.15.4:8.31]: Աշակերտը կը ձեւափոխուի Յիսուսով [Բ. Կոր.5.17:Փիլ.2.5:Գաղ.5.22-23]: Աշակերտը կը կորսնցնէ [Ղուկ.14.26,27: Փիլ.3.8]: Աշակերտը հաղորդութեան մաս մըն է եւ համարատու է [Գաղ.6. 2:Յակ.5.16: Պօղոս, Բառնաբաս եւ Տիմոթէոս]: Աշակերտը աշակերտող է [Մատթ.28.19: Բ.Տիմ.2.2], որ նաեւ վարեց խորհրդակցութեան պահը: Հիւրասիրութենէն ետք՝ Պրն. Գ. Աստարճեանը եւ Պրն. Ն. Կրպոյեանը վարեցին ընկերային եւ խաղերու պահը: Փառք Աստուծոյ:

Սիրելիներ,Աստուածաշունչի սերտողութեան 22-րդ հանդիպումը կ՛ունենանք այսօր՝ Հինգշաբթի, 21 Մայիս, երեկոյեան ժամը 7.00-ին։Կը ...
21/05/2026

Սիրելիներ,

Աստուածաշունչի սերտողութեան 22-րդ հանդիպումը կ՛ունենանք այսօր՝ Հինգշաբթի, 21 Մայիս, երեկոյեան ժամը 7.00-ին։

Կը սերտենք Հռովմայեցիս 3.21-31.

Հարցումներ՝ խոկալու։

1) Աստուած մարդը ինչպէ՞ս կ՛արդարացնէ։

2) Ի՞նչ կը նշանակէ, թէ՝ Յիսուս արդար է եւ կ՛արդարացնէ իրեն հաւատացողը։

3) Ի՞նչ կը նշանակէ արդարանալ Աստուծոյ առջեւ։

4) Արդարանալը ինչպէ՞ս կապուած է քաւութեան հետ։

5) Ի՞նչ է պայմանը արդարանալու։

6) Յետ այսու, մարդ ինչո՞վ կը պարծենայ։

7)) Ի՞նչ կ՛ըլլայ օրէնքին ճակատագիրը։

Կը հրաւիրենք բոլոր հաղորդական անդամները, տրատու անդամները, եկեղեցիիս բարեկամներն ու բոլոր հետաքրքրուողները, մասնակցելու Հռովմայեցիս նամակին սերտողութեան։

Հինգշաբթի, 21 Մայիս, երեկոյեան Ժամը 7:00-ին, Եկեղեցիին մէջ։

Եկէ՛ք, միասին աճինք Աստուծոյ Խօսքին մէջ։

Սիրով կը սպասենք ձեզ։

Հռովմայեցիս նամակին սերտողութեան 21-րդ հանդիպումը սկսանք երգելով ու աղօթելով եւ աւարտեցինք աղօթքի պահով։ Ու աւարտին՝ ուն...
15/05/2026

Հռովմայեցիս նամակին սերտողութեան 21-րդ հանդիպումը սկսանք երգելով ու աղօթելով եւ աւարտեցինք աղօթքի պահով։ Ու աւարտին՝ ունեցանք համեղ հիւրասիրութիւն։

Հինգշաբթի, 14 Մայիս, 2026, երեկոյեան ժամը 7.00-ին, մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ, սերտեցինք Հռովմ.3.19-20 համարները։ Առաքեալը խօսելէ ետք մեղքին համամարդկային եւ ընդհանրական ըլլալուն, մեղքին ահռելիութեան, խօսքի եւ արարքներուն վրայ մեղքին աւերին եւ մարդուն հոգեւոր անկումին մասին (3.11-18), կը յիշեցնէ որ աշխարհ դատապարտուած կը կենայ Աստուծոյ առջեւ, եւ մարդ կը պապանձի եւ կը դադրի Աստուծոյ առջեւ ինքզինք արդարացնելու (3.19): Առաքեալը կը կրկէ Քրիստոնէական այն պարզ ճշմարտութիւնը, թէ՝ Աստուծոյ առջեւ «ոեւէ մարմին պիտի չարդարանայ օրէնքի գործերովը». մարդ օրէնքը գործադրած ըլլալու հպարտութիւնով չի կրնար Աստուծոյ ընդունելի ըլլալ, մանաւանդ, որ մարդ չի կրնար օրէնքը իր ամբողջութեան մէջ կատարել (Ղուկ.18.9-14): Այս մէկը անկարելի է մարդկային աչքով դիտած, քանի որ օրէնքը՝ դրական դեր ունենալով հանդերձ, անկենդան է եւ չի կրնար փրկել մարդը իր մեղքերէն: Աւելին. օրէնքին բուն նպատակը մեղքը ճանչցնել է մարդուն: Եւ քանի որ կը ճանչցնէ մեղքը, նաեւ՝ ան կը դատապարտէ մարդը առանց որ կարենայ մարդը ազատել մեղքէն ու անոր հետեւանքներէն (3.20):

Աստուծոյ փառք կու տանք 18 անձերու ներկայութեան եւ հովիւին բերած ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ այն առանձնաշնորհումին համար որ Իր եկեղեցին միասին՝ Իր խօսքին շուրջ կը հաւաքուի, կը սերտէ զայն, զիրար կը լսեն, կը բաժնեկցին իրարու հետ, միասին կ՚աճին եւ կ՚աղօթեն։

Աստուածաշունչի սերտողութեան մեր 22-րդ հանդիպումը, Տէրը կամի, տեղի պիտի ունենայ՝ Հինգշաբթի, 21 Մայիս, 2026-ին։

Փառքը միայն Աստուծոյ

Սիրելիներ,Աստուածաշունչի սերտողութեան 21-րդ հանդիպումը կ՛ունենանք այսօր՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիս, երեկոյեան ժամը 7.00-ին։Կը ...
14/05/2026

Սիրելիներ,

Աստուածաշունչի սերտողութեան 21-րդ հանդիպումը կ՛ունենանք այսօր՝ Հինգշաբթի, 14 Մայիս, երեկոյեան ժամը 7.00-ին։

Կը սերտենք Հռովմայեցիս 3.19-31.

Հարցումներ՝ խոկալու։

1) Ինչո՞ւ կարելի չէ օրէնքով կամ որեւէ մարդկային ձեւով փրկուիլ։ Ի՞նչ է օրէնքին նպատակը։

2) Աստուած մարդը ինչպէ՞ս կ՛արդարացնէ։

3) Ի՞նչ կը նշանակէ, թէ՝ Յիսուս արդարն է եւ կ՛արդարացնէ իրեն հաւատացողը։

4) Ի՞նչ կը նշանակէ արդարանալ Աստուծոյ առջեւ։

5) Արդարանալը ինչպէ՞ս կապուած է քաւութեան հետ։

6) Ի՞նչ է պայմանը արդարանալու։

7) Յետ այսու, մարդ ինչո՞վ կը պարծենայ։

8) Ի՞նչ կ՛ըլլայ օրէնքին ճակատագիրը։

Կը հրաւիրենք բոլոր հաղորդական անդամները, տրատու անդամները, եկեղեցիիս բարեկամներն ու բոլոր հետաքրքրուողները, մասնակցելու Հռովմայեցիս նամակին սերտողութեան։

Հինգշաբթի, 14 Մայիս, երեկոյեան Ժամը 7:00-ին, Եկեղեցիին մէջ։

Եկէ՛ք, միասին աճինք Աստուծոյ Խօսքին մէջ։

Սիրով կը սպասենք ձեզ։

Address

Maggie El Hajj Street, Bouchrieh
Beirut

Opening Hours

Monday 09:00 - 13:00
Tuesday 09:00 - 13:00
Wednesday 09:00 - 13:00
Thursday 09:00 - 13:00
Sunday 10:00 - 12:00

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Armenian Evangelical Emmanuel Church Lebanon posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Share

Category