First Armenian Evangelical Church - Beirut

First Armenian Evangelical Church - Beirut Many Armenian Evangelicals who had settled in Beirut during the years 1914-1918 held worship services in the Dale Memorial Hall of the Presbyterian Mission.

In February 1922, a Church board was elected, being the first step towards the establishment of a church. Between the years 1922 and 1926 a large number of Armenian refugees that had survived the Armenian genocide settled in Beirut and lived in the outskirts of the city under extremely poor conditions. At that time the number of Evangelicals reached 2000, while the number of communicant members wa

s 670. For some time two churches were operating under the name of Armenian Evangelical First Church- one in East Beirut and one in West Beirut. In 1926 these two churches started to function independently of each other, and the church functioning in the outskirts of Beirut later moved to Ashrafieh. The First Armenian Evangelical Church had 103 families ( a total of 488 individuals) and 150 communicant members. Until 1949 they held their services in different places. In that year, the church bought a property on Mexique Street and the building of a sanctuary took about 10 years.

13/06/2024

Ամէն մարդ հրաւիրուած է ՄԱՀԱԵՄի 100-ամեակի յոբելենական պաշտամունքին, Կիրակի, 30 Յունիս 2024ին, ժամը 19.00ին, Պէյրութի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիին մէջ։
//
All are invited to a celebratory worship service on the occasion of the 100th anniversary of the UAECNE, Sunday, 30 June 2024, 7:00 p.m., at the First Armenian Evangelical Church, Beirut.

13/05/2024

The President of the Lebanese National Higher Conservatory of Music composer Hiba Al Kawas has the honor to invite you to the Lebanese Philharmonic Orchestra concert and with the renowned soloist guest pianist Karim Said Music under the direction of Maestro Lubnan Baalbaki
In a program that includes Mozart piano concerto no. 21 and Dvorak Symphony no.8.

Don't miss our upcoming exquisite concert...

May 17, 2024

25/08/2023

STANDING IN SOLIDARITY WITH ARTSAKH
Joint statement from the three Armenian church denominations in Lebanon.
//
ԿՈՉ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

«Արցախը կը սպասէ մեր արձագանգին»

Վստահաբար, բոլորիս ուշադրութիւնը ուղղուած է դէպի Արցախ եւ արցախահայութիւն, որուն անվտանգութիւնը ապահովելու հրամայականը մեզ կը հրաւիրէ արթնութեան ու նոր զոհաբերութիւններու:

Այո, լուրերը ծանր են ու չարագուշակ եւ բոլորս գիտենք, թէ Ազրպէյճանը, գազանական կիրքով տարուած, աւելի քան 250 օրերէ ի վեր փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան ու պատրաստ է դժոխային միջոցներով բնաջնջելու իր հողին կառչած Արցախի ափ մը ժողովուրդը: Եթէ իրական են մեզի հասնող լուրերը, ապա, Արցախը հասած է կորուստի դռներուն եւ արցախահայութիւնն ալ կը գտնուի նահատակութեան սեմին:

Արդարեւ, անցնող քանի մը ամիսներուն, կացութիւնը այնքան ծանր եղաւ արցախահայութեան համար, որ տեղահանութեան, սովի, նոր ջարդերու ու ցեղասպանութեան կարելիութիւնները սկսան դարձեալ ուրուագծուիլ մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: Կարիք կա՞յ գուշակելու, թէ այս ընթացքով, ինչ տեսակ եղեռական վախճան կրնայ ունենալ Արցախի 120,000 հաշուող ազգաբնակչութիւնը:

Անկասկած, բոլորս գիտենք, թէ վերջին պատերազմներուն հետեւանքով, Արցախը դարձեալ մասնատուեցաւ ու թալանուեցաւ եւ Լաչինի միջանցքին փակումով, իրողապէս նաեւ Հայաստանէն անջատուեցաւ: Սակայն, այս առթիւ, նախ արդարօրէն կ՚ըսենք, թէ անբնական ու զարտուղի կացութեան մը դիմաց կը գտնուինք բոլորս: Արդարեւ, տակաւին չենք կրնար հասկնալ, թէ հերոսական յաղթանակներով վերընձիւղած Արցախը ինչպէ՞ս կքեցաւ եւ հասաւ անէացումի սեմին: Տակաւին չենք կրնար ըմբռնել, թէ ինչպէ՞ս քաղաքակիրթ աշխարհի աչքերուն դիմաց, իր սեփական հողին վրայ ապրող իրաւատէրը դարձաւ իրաւազուրկ եւ մասնաւորաբար, տակաւին չենք կրնար հասկնալ, թէ ինչո՞ւ կասկածելի լռութեան մատնուած են Հայաստանի մեր քոյրերն ու եղբայրները:

Սիրելի Լիբանանահայ հարազատներ,

Ի հեճուկս մեր ապրած բոլոր կսկիծներուն ու ցաւերուն, պարտաւոր ենք կացութիւնը ըմբռնել ամբողջական իրականութեամբ ու պարտաւոր ենք նաեւ անդրադառնալ, թէ Արցախի ազատ ու անկախ կարգավիճակին յարատեւութեան լաւագոյն երաշխիքը մեր ժողովուրդին միասնականութիւնն է:

Հետեւաբար, ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, մեր ժողովուրդին կը թելադրենք, որ նախ լսեն Արցախի իսկական իրաւատէրերը:

Հակառակ իրենց դիմագրաւած ողբերգութիւններուն, Արցախի մեր եղբայրն ու քոյրը կը շարունակէ օրինակելի խիզախութեամբ մեզի թելադրել, որ ոչ մէկ կասկած ունենանք Արցախի հայկականութեան մասին եւ ոչ մէկ ընկրկում արձանագրենք ազատ Արցախը պահպանելու գործին մէջ: Հետեւաբար, այնքան ատեն, որ Արցախը նահանջ չի թելադրեր եւ այնքան ժամանակ, որ հայրենի հողը պաշտպանելու պատրաստակամութիւն ունեցողներ կան մեր ազգի ծոցին մէջ, մենք պարտաւոր ենք առաւելաբար դիմելու մեր ժողովուրդին գոյութիւնը ապահովող մեր հաւատքին, մեր սեփական արժէքներուն եւ ուժին:

Լիբանանահայութիւնը եղած է ու կը շարունակէ մնալ հարազատ նեցուկը Արցախին: Լիբանանահայութիւնը նաեւ լաւապէս կը գիտակցի, թէ այսօր, արցախահայութիւնը առաւելաբար կը սպասէ իր արձագանգին:

Ուստի, խափանելու համար արցախահայութեան մահն ու հայրենի հողին կորուստը, այսու կոչ կ՚ուղղենք մեր հաւատաւոր զաւակներուն, որպէսզի մեր եկեղեցիներուն, կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն ճամբով, անյապաղ ձեռնարկեն նոր աշխատանքի: Ճակատագրական այս պայմաններուն մէջ, պարտաւոր ենք գործնականօրէն ցոյց տալ, թէ հայրենի հողը պահելու ու պաշտպանելու սրբազան նպատակին համար, Լիբանանահայութեան կեցուածքն ու պատրաստակամութիւնը կը մնան ամբողջական, անվերապահ ու անսակարկ:

Մեր ժողովուրդը պէտք է լաւ ըմբռնէ, թէ Արցախը պապենական հող է եւ նուիրական աւանդ: Այդ իսկ պատճառով, Արցախի հայերը արդարօրէն չեն ուզեր արմատախիլ ըլլալ իրենց բնօրրանէն: Հետեւաբար, ի խնդիր նոյնինքն Հայաստանի անկախութեան պահպանումին, մենք ալ չենք կրնար առիթ տալ, որ նուիրական այդ աւանդը անտարբերութեամբ յանձնուի թշնամիին:

Արցախը, ուր տակաւին կեանքը նոր կը սկսէր վերընձիւղիլ, պէտք է մեր մասնակցութեամբ եւ ազատութեան պայմաններու մէջ յարատեւէ ու բարգաւաճի եւ արցախահայութիւնն ալ ինք որոշէ իր կեանքին ընթացքը եւ զայն իրականացնէ արժանապատուութեամբ ու իր սեփական իրագործումներով: Ուստի, ոչ միայն Լաչինի միջանցքը պէտք է վերաբացուի, այլեւ համազգային նոր խոյանքով, Արցախն ու արցախահայութիւնը ընդմիշտ պէտք է փրկուին Ազրպէյճանի ստրկացնող գերիշխանութենէն:

Հայրենի հողը հրաշագործ զօրութիւն է ու ամրախարիսխ պատուանդան իր հաւատաւոր զաւակներուն համար: Այդ հողն է, որ քաջութիւն կու տայ եւ յաղթանակներ կը պարգեւէ հայրենանուէր իր զաւակներուն ու այդ հողին վրայ թափուած արդար քրտինքն է, որ կեանք կը պարգեւէ հայրենի հողին:

Ներկայ անյաղթահարելի թուացող դժուարութիւններուն դիմաց, աղօթենք, որ ամենաբարին Աստուած ամրութիւն ու խաղաղութիւն պարգեւէ Արցախին ու մեր հայրենիքին, մեզի շնորհէ խոհեմ եւ վճռականութեան տէր առաջնորդներ, որպէսզի հաւաքական մեր նուիրումով, նոր արշալոյսներ բացուին մեր ժողովուրդին դիմաց եւ մենք ազգովին հասնինք մեր անկատար տենչերուն ու երազներուն:

Ազգային Առաջնորդարան Լիբանանի Հայոց
Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Լիբանանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցի

26/07/2023
20/07/2023

The Keynote Speaker for our centennial gala dinner is former student, Dr. Noubar Afeyan. Dr. Afeyan is the founder and CEO of Flagship Pioneering, a company that creates bioplatform companies to transform human health and sustainability. He is the chairman of the board of Moderna, a well-known company he co-founded. His passionate advocacy of the contributions of immigrants to economic and scientific progress has granted him multiple awards. He has also co-founded the Aurora Prize for Awakening Humanity and a number of other philanthropic projects.

For more info and registration, visit www.aec100.net
AMAA
ՀԱԳ հարիւրամեակի Լոս Անճելըսի կալա-ճաշկերոյթին գլխաւոր բանախօսը ՀԱԳ-ի նախկին աշակերտ դոկտ. Նուպար Աֆէեանն է: Դոկտ. Աֆէեան հիմնադիրն ուգործադիր տնօրէնն է Flagship Pioneering ընկերութեան, որ կը ստեղծէ bioplatform ընկերութիւններ՝ մարդու առողջութեան խթանման ու պահպանման համար: Անոր յայտնի ընկերութիւններէն է Moderna-ն, որու համահիմնադիրն է եւ նախագահը։ Ան ջատագովն է տնտեսական եւ գիտական մարզերու մէջ ներգաղթեալներու մասնակցութեան, որու համար ալ արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու: Աֆէեան նաեւ համահիմնադիրն է Aurora Prize for Awakening Humanity-ի եւ այլբարեգործական ծրագիրներու:

Արձանագրուելու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք www.aec100.net

11/07/2023
22/06/2023

SAVE THE DATE: JULY 9, 2023 7:30PM @ First Armenian Evangelical Church - Beirut
#գուսան

Address

Mexique Street
Beirut

Opening Hours

Monday 08:00 - 14:00
Tuesday 08:00 - 14:00
Wednesday 08:00 - 14:00
Thursday 08:00 - 14:00
Friday 08:00 - 14:00

Telephone

+9611343182

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when First Armenian Evangelical Church - Beirut posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Place Of Worship

Send a message to First Armenian Evangelical Church - Beirut:

Share

Category