350-ամեակ Ծննդեան Մխիթար Աբբահօր

350-ամեակ Ծննդեան Մխիթար Աբբահօր 350-Anniversario della nascita dell'Abate Mechitar di Sebaste

Մխիթար  Աբբահօր ծննդեան 350ամեակի յոբելեանի առիթով,  Ս. Ղազար Մայրավանքին մէջ.Սեպտեմբեր 8ին` Աստուածանի ծննդեան տօնին եւ...
07/06/2026

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350ամեակի
յոբելեանի առիթով, Ս. Ղազար Մայրավանքին մէջ.

Սեպտեմբեր 8ին` Աստուածանի ծննդեան տօնին եւ Միաբանութեան հիմնարկութեան տարեդարձին` գոհաբանական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի, որու ընթացքին «Սաղմոսերգու» եւ «Գեղարդ» երգչախումբերը առաջին անգամ ըլլալով պիտի հնչեցնեն Կոմիտաս Վարդապետի երկսեռ կազմի համար գրած Ս. Պատարագի երգերը։

19-22 Հոկտեմբերին, տեղի պիտի ունենայ Միջազգային գիտաժողով
« Մխիթար Աբբահօր ծննդեան ժամանակաշրջանին Եկեղեցական, քաղաքական եւ պատմական միջավայրը» խորագրով։

Սոյն գիտաժողովին զեկոյցով հանդէս պիտի գան Հայաստանէն եւ արտերկրէն հրաւիրուած բանախօսներ։

Գիտական զեկոյցները պիտի հրատարակուին Բազմավէպի բացառիկ հատորի մէջ։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԻՇԱՏԱԿԷ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀՕՐ ՄԱՀՈՒԱՆ 277-ԱՄԵԱԿԸ ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐԻ ՄԷՋԿիրակի, 26 Ապրիլին, Մխի...
30/04/2026

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԻՇԱՏԱԿԷ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀՕՐ ՄԱՀՈՒԱՆ 277-ԱՄԵԱԿԸ ՍՈՒՐԲ ՂԱԶԱՐԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 26 Ապրիլին, Մխիթարեան Միաբանութիւնը նշեց հիմնադիրին՝ Մխիթար Աբբահօր մահուան 277-ամեակը, ձեռնարկով մը որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ղազարի պատմական գրադարանի դահլիճէն ներս յաւարտ Սուրբ Պատարագի։ Հանդիսութիւնը կը կատարուի Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի յոբելենական տարիուայ ծիրէն ներս։

Իր բացման խօսքին մէջ, Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան մէջբերաւ Հայաստանի յայտնի լեզուաբան Գէորգ Ջահուկեանի (1920-2005) գնահատականը Միաբանութեան հիմնադիրին մասին. «Ինչքան հեռանում ենք Մխիթար Սեբաստացու ժամանակներից, եւ խորանում այդ ժամանակների անաչառ քննութեան մէջ, նրա կերպարը այնքան մեծանում է մեր աչքերի առաջ»։ Սրբազան Հայրը նաեւ յուշեց Աբբահօր մասին ուրիշ դրուագ մը, երբ հայրենի ազգային գործիչ Ալեքսան Կիրակոսեանը օրուայ Վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի հետ խօսակցութեան ընթացքին Մխիթարին անդրադարձած էր ըսելով, որ «նա հոգեւոր հայրենիք կերտեր է, երբ այս տարածքում հայկական պետականութիւն չկար»։
Լեւոն Արքեպիսկոպոս աւելցուց. «Մխիթար Աբբահայր ոչ միայն հայկական մեծութիւն է… այլ նաեւ համաքրիստոնէական եւ համամարդկային չափանիշով մեծութիւն է Մխիթար Աբբահայր, եւ ասիկա նոր ասպարէզ մըն է, որ կը բացուի մեր առջեւ եւ մաղթենք, որ մեր յառաջիկայ տարիներուն, տասնամեակներուն, հարիւրամեակներուն, յանձնառութիւն ըլլայ ասիկա»։

Սրբազան Հօր խօսքէն ետք, միաբան վարդապետները եւ նորընծաները երգեցին Մխիթար Սեբաստացիի Մարիամ Աստուածածնին նուիրած շարականը.

«Անճառին խորան,
Բանին բնակարան,
Գովեալ Մարիամ սրբուհի,
Դու վարդ անթառամ…»

Ապա խօսք առաւ Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան, որ Մխիթար Աբբահօր համապարփակ կենսագրական պատկեր մը ներկայացուց յետ գրաբար լեզուով ներածականի.

«Այսօր, գումարեալք ի միասին ընդ յարկաւ տանն Մեծին Մխիթարայ, ցնծալից ուրախութեամբ եւ հրճուանօք, տօնախմբեմք զՅոբելեան յերկինս ծննդեան Ծառային Աստուծոյ եւ Երանաշնորհ Հիմնադրին մերոյ Մխիթարայ Աբբայի, որ կատարեաց զընթացս կենաց իւրոց յայսմ աշխարհի՝ ծառայելով Փրկչին եւ լուսաւորելով զՀայկազնեայ ազգն նմեր աստուածային բանիւք եւ իմացական եւ հայրեանաւանդ ժառանգութեամբք Հարցն մերոց։ Արդարեւ նա եղեւ լուսաճաճանչ աստղն որ ցոլացոյց ի խաւարամած հայրենիս՝ զլոյս սրբութեան եւ գիտութեան եւ կանգնեաց զազգակիցս իւր զի կեցցեն աստուածահաճոյ վարուք եւ ազգօգուտ գործովք՝ զհետ լինել բարւոյն եւ ճշմարտին։»

Կենսագրական տուեալներուն կողքին, Հ. Համազասպ անդրադարձաւ նաեւ Մխիթար Սեբաստացիի (1676-1749) սրբակենցաղ վարքին եւ իր բացառիկ դատողութեան. «Խոհեմութեամբ զարդարուած՝ ամէն ինչ կշռադատող եւ հետեւաբար հաստատակամ եւ զգուշաւոր, միշտ միջին ճամբան կ՚ընտրէր։ Հիմնադիր Աբբահայրը խոնարհամիտ անձ էր, որ գիտէր հրամայել համեստ եւ բարեշնորհ կերպով, եւ քաղցրահամբոյր վերաբերումով»։
Մխիթարի բեղուն եւ նուաճումներով ու ապրումներով հարուստ կեանքին մէջ, Հ. Համազասպ առանձնացուց Աստուածամօր տեսիլքը Սեւանավանքի մէջ 1692-ին իբրեւ իր կեանքը իմաստաւորող գլխաւոր դէպքը։ Տասնվեցամեայ Մխիթար Սարկաւագը, Սեւանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, «երկարաշունչ աղօթքներէ վերջ… յոգնաբեկ՝ քունի կ՚անցնի Աստուածամօր պատկերին դիմաց»։ Աստուածամայրը իրեն կը յայտնուի երազին մէջ եւ անոր կ՚ըսէ. «Այն կ՚ուզեմ ինչ դուն կ՚ուզես, եւ այն միայն կը խնդրեմ ինչ որ դուն գիտես որ ինծի օգտակար է եւ կ՚ուզես տալ», Տիրամայրէն ստանալով խնդրանքի գոհացման խօսք։ «Աստուածամօր տեսիլքը կը դրոշմէ Մխիթարի ամբողջ կեանքը, աննկուն կամքը, անխոնջ աշխատանքը եւ հաստատուն հաւատքը։ Աստուածամօր խօսքին զօրութեամբ՝ Մխիթար հիմնած է իր միաբանութիւնը, որ առ այսօր կը գոյատեւէ մի միայն ամենասուրբ Կոյսի «Եղիցի»-ով»։

Անխոնջ եւ վեհանձն նուիրումի կեանքը, ինչպէս նաեւ նեղութիւններ ու երկարատեւ հիւանդութիւն մը Մխիթար Սեբաստացին բոլորովին կը հիւծեն, ու «1749-ի Ապրիլի սկիզբը վերջնականօրէն անկողին կը գամուի եւ վերջին օծումն ու հոգեւոր մխիթարութիւնները ստանալէ ետք՝ կ՚աւանդէ հոգին 27 Ապրիլ 1749-ին։

Հ. Համազասպ իր խօսքը աւարտեց յուշելով Միաբանութեան հիմնադիրին մէջբերումներ, անոնք աւարտելով այս խօսքով. «սկիզբէն ի վեր, ինչպէս ես, այս Միաբանութեանն ալ սահմանուած է Հայ Ժողովուրդի մշակութային ծառայութեան եւ Աստուծոյ փառքին»։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀՕՐ ԾՆՆԴԵԱՆ 350 ԱՄԵԱԿԻՆՄխիթար Աբբահօր ծննդեան 350ամեակի յոբելեանին առթիւ, Ս. Ղ...
22/04/2026

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀՕՐ ԾՆՆԴԵԱՆ 350 ԱՄԵԱԿԻՆ

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350ամեակի յոբելեանին առթիւ, Ս. Ղազար Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Միջազգային գիտաժողով, 19-22 Հոկտեմբեր 2026, «Մխիթար Սեբաստացիի դարաշրջանը» խորագիրով։

Յայտագիրը եւ այլ տեղեկութիւններ յաջորդաբար պիտի ծանուցուին։

Կիրակի, Ապրիլի 26, ժամը 11:00 Երեւանի Մխիթարեան վանատան եկեղեցիՄխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի առիթով, Իր մահուան տարե...
20/04/2026

Կիրակի, Ապրիլի 26, ժամը 11:00 Երեւանի Մխիթարեան վանատան եկեղեցի
Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի առիթով, Իր մահուան տարելիցին, կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի և Արևելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեանի ձեռամբ։
Միջոցառմանը կը մասնակցին նաեւ Պապական Նուիրակ Գերաշնորհ Անտէ Արքեպիսկոպոս Յոզիչը, եկեղեցականներ եւ դիւանագիտական պատուիրակութիւններ։

Պատարագէն անմիջապէս ետք կը բացուի ցուցահանդէսը՝
«Մխիթար Աբբահայր եւ իր տեսլականը յաւերժացնող Աշակերտները»։

Ցուցահանդէսը բացառիկ առիթ է ծանօթանալու Մխիթարի եւ Մխիթարեան հայրերու հրատարակութիւններուն եւ իրենց մշակութային ժառանգութեանը, որ մեծապէս նպաստած է հայազգի գրական, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին։

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամյակի նուիրուած արծաթէ յուշադրամի թողարկման առիթով միջոցառում և ցուցահանդէս2026 թ․ մարտի 28-...
01/04/2026

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամյակի նուիրուած արծաթէ յուշադրամի թողարկման առիթով միջոցառում և ցուցահանդէս
2026 թ․ մարտի 28-ին, ժամը 12։00-ին, Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան և Արուեստի թանգարանին մէջ նշուեցաւ Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակը։ Միջոցառումը կազմակերպուեցաւ հետևեալ ծրագրով․
• Պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կենտրոնական բանկի կողմէն թողարկուած Մխիթար Աբբահօր նուիրուած արծաթէ յուշադրամը, որը հատուած է Նիդերլանդի արքայական դրամահատարանին մէջ։
• Բացուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան պատմութեան նուիրուած ցուցահանդէս՝ ընդգրկելով միաբանութեան անցած ուղին հիմնադրման օրէն մինչև մեր օրերը։
• Ներկայացուեցան Մխիթար Աբբահօր կարևորագոյն հրատարակութիւնները՝ Աստուածաշունչը, Հայկազեանը և այլ արժէքաւոր գրքեր։
• Ցուցադրուեցաւ վերջին 70 տարիներու ընթացքին միաբանութեան կողմէն թողարկուած յուշամետալներու հաւաքածուն։
Խօսք ունեցան․
• Գերաշնորհ Գէորգ Արք․ Նորատունկեան՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի և Արևելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը,
• Տիար Ալեսսանդրո Ֆերրանտի՝ Իտալիայի դեսպանը Հայաստանում,
• Հայր Ասողիկ աբեղայ Կարապետյան՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անունէն,
• Գերաշնորհ Արք․ Անտէ Եոզիչ՝ Հայաստանի առաքելական նուիրակ (խօսքը ընթերցուեցաւ, քանի որ անձամբ չկարողացաւ ներկայ ըլլալ),
• Հայր Գէորգ Սարգսեան՝ Հայաստանի Մխիթարեան կենտրոնի փոխ տնօրէնը։
Երաժշտական բաժնին մէջ հնչեցին Մխիթար Աբբահօր տաղերից՝ Գովեալ դասուց, Անճառին խորան, և Երանուհին։ Յատուկ ընդգծուեցաւ նաև 80 տարի անց առաջին անգամ կատարուած երգը՝ Testamento (կտակ), որը գրած էր Հ․ Վահան Յովհաննիսեանը 1946 թ․ Քենիայի Լոնդիանի բանտին մէջ։ Երգի երաժշտութեան հեղինակն է Ջիաքոմո Սաւինին։ Կատարողները՝ վաստակաւոր արտիստ, օպերային երգչուհի Մագդա Մկրտչեան և դաշնակահարուհի Ռուզաննա Բաբայան։
Միջոցառմանը մասնակցեցաւ հոծ բազմութիւն՝ եկեղեցականներ, պետական ներկայացուցիչներ, թանգարաններու տնօրէններ, ինչպէս նաև հայ և օտարազգի հիւրեր եւ միաբանութեան սաներ։
Հիմնական շարժառիթը՝ Հայաստանի Կենտրոնական բանկի կողմէն թողարկուած Մխիթար Աբբահօր նուիրուած արծաթէ յուշադրամն էր։ Այս առիթով իր խօսքը ըսաւ Կենտրոնական բանկի խորհրդի անդամ Տիար Դաւիթ Նահապետեանը։
Կազմակերպիչները և Մխիթարեան միաբանութիւնը իրենց խորին գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին Կենտրոնական բանկին՝ այս պատուաբեր Յուշադրամի թողարկման համար, որը կարևոր գնահատական է Մխիթար Աբբահօր յոբելենական տարուան։

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի նուիրուած արծաթէ յուշադրամի թողարկման առիթով միջոցառում եւ ցուցադրութիւն28 Մարտ 2026-ի...
26/03/2026

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի նուիրուած արծաթէ յուշադրամի թողարկման առիթով միջոցառում եւ ցուցադրութիւն

28 Մարտ 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12։00ին, Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին մէջ (0010, Երևան Արամի փող., 1 շէնք), պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի արծաթէ յուշադրամը եւ ի պատիւ Մխիթար Սեբաստացիին` Մխիթարեան Միաբանութեան նուիրուած ցուցահանդէսի բացում տեղի պիտի ունենայ։ ։

20/02/2026

350 տարի առաջ ծնվել է Հայոց Մխիթարյան միաբանության հիմնադիր Մխիթար ...

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350 ամեակին նուիրուած համերգ «Մխիթար Աբբահայր եւ Մխիթարեան Հայրեր» խորագրով։Ո՛րչափ կրնամ եւ ո՛րչա...
17/02/2026

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350 ամեակին նուիրուած համերգ «Մխիթար Աբբահայր եւ Մխիթարեան Հայրեր» խորագրով։

Ո՛րչափ կրնամ եւ ո՛րչափ որ կենդանի եմ, պիտի ջանամ աշխատիլ ազգիս հոգեւոր օգտին եւ շահաւէտութեան համար։
Մխիթար Աբբահայր

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350 ամեակին նուիրուած Սուրբ ՊատարագԽոնարհ սրտով քեզի կը նուիրեմ, ո՜վ Հայ Ժողովուրդ, իմ երկար տարի...
14/02/2026

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350 ամեակին նուիրուած Սուրբ Պատարագ

Խոնարհ սրտով քեզի կը նուիրեմ, ո՜վ Հայ Ժողովուրդ, իմ երկար տարինեու աշխատանքիս պտուղը, իբրսիրոյ ձօն։ Սրտանց կը տենչամ իմ վաստակս քեզիպարգեւել եւ բոլոր անոնց՝ որ պայմաններուդ մէջ կըգտնուին. Որովհետեւ ինչ որ իմս է՝ անիկա քեզի կըպատկանի, եւ ինչ որ քուկդ է՝ անիկա իմս ալ է։ Անորհամար՝ ինծի պարծանք է քեզի ծառայել, մանաւանդթէ ասիկա լրումն է իմ եւ իմիններուս պաշտօնին. Որովհետեւ սկիզբէն ի վեր, ինչպէս ես, այսՄիաբանութիւնն ալ սահմանուած է Հայ Ժողովուրդիմշակութային ծառայութեան եւ Աստուծոյ փառքին։
Մխիթար Աբբահայր

https://share.google/PCoKKpCY12WYloR8I
11/02/2026

https://share.google/PCoKKpCY12WYloR8I

GD - Jerevan, 11 feb. 26 - Nella Sala di Musica da Camera Komitas, l’Orchestra da Camera Nazionale d’Armenia e il Coro da Camera Statale di Jerevan hanno t

Indirizzo

Isola San Lazzaro Degli Armeni
Venice
30126

Orario di apertura

Lunedì 15:30 - 17:30
Martedì 15:30 - 17:30
Mercoledì 15:30 - 17:30
Giovedì 15:30 - 17:30
Venerdì 15:30 - 17:30
Sabato 15:30 - 17:30
Domenica 15:30 - 17:30

Notifiche

Lasciando la tua email puoi essere il primo a sapere quando 350-ամեակ Ծննդեան Մխիթար Աբբահօր pubblica notizie e promozioni. Il tuo indirizzo email non verrà utilizzato per nessun altro scopo e potrai annullare l'iscrizione in qualsiasi momento.

Scelte rapide

Condividi