Ս. Ներսէս Շնորհալի-San Nerses Shnorhali

Ս. Ներսէս Շնորհալի-San Nerses Shnorhali Informazioni di contatto, mappa e indicazioni stradali, modulo di contatto, orari di apertura, servizi, valutazioni, foto, video e annunci di Ս. Ներսէս Շնորհալի-San Nerses Shnorhali, Chiesa, Venice.

10/11/2023
04/11/2023

Մխիթարեան հրատարակչատունը կը տեղեկացնէ որ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի բազմալեզուեան նոր հրատարակութեան հատորը փափաքողները, դիմում ներկայացնեն.

[email protected]

ելեկտրոնային հասցէին, յիշելով անուն ազգանուն հասցէ եւ քանակ։
Հատորի արժեգինը 30 Եւրոյ, չհաշուած առաքման ծախսը։
................................................................................

La Casa Editrice armena informa coloro che desiderano di ricevere il volume della preghiera di San Nerses Shnorhali "Havadov Khosdovanim" (Confesso con fede) nella sua nuova versione poliglotta, tradotta in 50 lingue, mandino una lettera di richiesta all'indirizzo:

[email protected]

indicando nome, cognome, indirizzo di recapito e numero di copie.
Prezzo unitario 30 euro, spedizione esclusa.
.............................................................................

The Mekhitarian Congregation proudly announces the publication of St. Nerses Shnorhali “Havadov Khosdovanim” (I confess with faith) prayer book in 50 languages.

Individuals or institutions interested in purchasing a copy are welcomed to send an email to [email protected]. Please provide your full name and last name, mailing address and the order quantity.

Each copy costs €30, plus shipping.

01/11/2023
22/10/2023

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՒ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ՎԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ - ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ
ՎԵՆԵՏԻԿ

19-22 Հոկտեմբեր 2023-ին, Մխիթարեան Միաբանութեան Վենետիկի մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով, նուիրուած՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850 ամեակին։ Սոյն գիտաժողովին Մխիթարեան Վարդապետներու կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին մասնագէտներ, որոնք ժամանած էին Հայաստանէն եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներէն։
Գիտաժողովի բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Հ. Սերոբ վրդ. Չամուրլեան, որ իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նախ յիշեց Արցախ աշխարհն ու Հայաստանի մերօրեայ դժուարին իրավիճակը ու ապա գիտաժողովի ընթացքն ու ներկայացումները։։ Գիտաժողովի ընթացքին դասախօսութիւններ կատարուեցան հոգեկանութեան, երաժշտութեան, եկեղեցական պատմութեան եւ բանասիրութեան մասին։ Գիտաժողովի օրերուն ներկայացուեցան 18 մասնագիտական նիւթեր, որոնք պիտի հրատարակուին Բազմավէպ 2023-ի, 3-4 Բացառիկ հատորին մէջ, նուիրուած՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին։

Բացման օրակարգով՝ Հ. Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեան ընթերցեց՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու վարչութեան նախագահ Գարտինալ Գլաուտիոյ Կուճերոթիի շնորհաւորական նամակը յղուած գիտաժողովին։

Գիտաժողովի օրերուն, բացումը կատարուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի գործերու Մխիթարեան հրատարակութիւններու ցուցադրութեան եւ «Հաւատով խոստովանիմը գոյներու լեզուով» արուեստագէտ Վազգէն Բրուտեանի նկարչական ցուցահանդէսին։

Ուրբաթ երեկոյեան, Մխիթարեան հայրերու երգեցողութեամբ, ներկայացուեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի շարականները Սուրբ Ղազար վանքի աւանդական երգեցողութեամբ։ Իսկ Շաբաթ երեկոյեան, որպէս միջազգային աղօթք խաղաղութեան համար՝ «Հաւատով խոստովանիմ»ը 24 տուները 24 լեզուներով ներկայացուցին Վենետիկի Մէսդրէ քաղաքի Ճուզէփփէ Փարինի Դպրոցական Հիմնարկի, Քա Ֆոսքարի Համալսարանի եւ Մխիթարեան մեծ ընտանիքի զաւակները։

Այսօր, Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2023-ին, միջազգային գիտաժողովի պաշտօնական փակումը կատարուեցաւ ձայնաւոր Սուրբ Պատարագով, որու երգեցողութիւնը կատարեց «Էտտէս» խումբը՝ ղեկավարութեամբ Ճուսթին Ռափաչչոլիի։։

Այս առթիւ, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր զեկուցողներուն, բարերարներուն եւ հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակից անհատներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել այս ամբողջ գիտաժողովը։

Գիտաժողովի ներկայացումները կարելի է դիտել միաբանութեան դիմատետրի էջով։

21/10/2023

Indirizzo

Venice

Notifiche

Lasciando la tua email puoi essere il primo a sapere quando Ս. Ներսէս Շնորհալի-San Nerses Shnorhali pubblica notizie e promozioni. Il tuo indirizzo email non verrà utilizzato per nessun altro scopo e potrai annullare l'iscrizione in qualsiasi momento.

Contatta Il Luogo Di Culto

Invia un messaggio a Ս. Ներսէս Շնորհալի-San Nerses Shnorhali:

Condividi

Digitare