Armenian Apostolic Patriarchate of Jerusalem

Armenian Apostolic Patriarchate of Jerusalem Official Facebook site of the Armenian Patriarchate of Jerusalem All content and pictures © Armenian Patriarchate of Jerusalem

Ordination to the Rank of Subdeacon————————On Saturday, September 12, 2026, following the Evening Service, the Vigil of ...
13/09/2026

Ordination to the Rank of Subdeacon
————————

On Saturday, September 12, 2026, following the Evening Service, the Vigil of the Feast of the “Discovery of the Belt of the Holy Mother of God” was celebrated at the Cathedral of Sts. James, presided over by His Eminence Bishop Koryoun Baghdasaryan.

Following the service, the ordination ceremony of Sargis Simonyan, an acolyte serving at the Church of the Assumption of the Holy Mother of God and a member of the Brotherhood, to the rank of Subdeacon was performed by the laying on of hands of His Eminence Bishop Koryoun Baghdasaryan.

The candidate approached the entrance of the sanctuary on his knees and received the rank of Subdeacon from the ordaining Bishop, with the participation of Very Rev. Fr. Vazken Alekyan as Master of Ceremonies, and Very Rev. Fr. Nerseh Aloyan and Rev. Fr. Aghan Gogchyan assisting.

Following the ordination, the newly ordained Subdeacon, wearing the red arm-band, proceeded to the Church of the Holy Sepulchre to participate in the procession of the Holy Places of the Passion.

Կիսասարկաւագութեան Ձեռնադրութիւն
————————
Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2026-ին, յետ Երեկոյեան ժամերգութեան, Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեանի, կատարուեցաւ «Գիւտ Գօտւոյ Սուրբ Աստուածածնի» տօնի նախատօնակը։

Ապա, հանդիսապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Սրբազան Եպիսկոպոսի ձեռամբ, կատարուեցաւ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման Տաճարին ծառայող միաբան՝ ուրարակիր Տիրացու Սարգիս Սիմոնեանի Կիսասարկաւագութեան կոչման եւ ձեռնադրութեան արարողութիւնը։

Ընծայեալը ծնրադիր յառաջացաւ դասի մուտքէն եւ Ձեռնադրիչ Սրբազան Հօրմէն ստացաւ Կիսասարկաւագութեան աստիճանը՝ խարտաւիլակութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Վազգէն Վարդապետ Ալէքեանի եւ առընթերակայութեամբ Հոգեշնորհք Տ. Ներսեհ Վարդապետ Ալոյեանի եւ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգչեանի։

Ձեռնադրութենէն ետք, ընծայեալ Կիսասարկաւագը, կարմիր բազկուրարը թեւին կրելով, մեկնեցաւ Սուրբ Յարութեան Տաճար՝ մասնակցելու Տնօրինական Սուրբ Տեղեաց թափօրին։

11/09/2026
Meeting Dedicated to the Restoration and Archaeological Research at the Church of the Holy Sepulchre————————————On Tuesd...
09/09/2026

Meeting Dedicated to the Restoration and Archaeological Research at the Church of the Holy Sepulchre
————————————

On Tuesday, September 8, 2026, a meeting dedicated to the ongoing restoration and archaeological research at the Church of the Holy Sepulchre was held at the San Salvatore complex in Jerusalem.

Representatives of the three custodial communities participated, including His Eminence Bishop Koryun Baghdasaryan, representing the Armenian Patriarchate of Jerusalem; His Beatitude Theophilos III, Greek Orthodox Patriarch of Jerusalem; and the Custos of the Holy Land, Father Francesco Ielpo.

The meeting reviewed the progress of the restoration and archaeological project, its findings, and future plans, with emphasis on cooperation among the three communities and Sapienza University of Rome.

The research is revealing the historical development of the Holy Sepulchre area, while restoration continues on the flooring and the Church’s main wooden entrance door.

The project’s initial findings have been published in Hagia Polis Project. Excavations at the Holy Sepulchre in Jerusalem. Volume I. Project and Methodology.

The initiative reflects the fruitful cooperation of the three custodial communities and the international scientific community, while preserving the Church of the Holy Sepulchre as a living place of Christian faith and worship.

Սուրբ Յարութեան Տաճարի հնագիտական հետազօտութիւններու ընքացքին նուիրուած հանդիպում. Հնագիտական գտածոներ
______________
Սուրբ Յարութեան Տաճարի վերականգնման եւ հնագիտական հետազօտութիւններու մեծածաւալ ծրագիրը կը շարունակուի։

Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2026-ին, Երուսաղէմի Սան Սալվաթորէ համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում՝ նուիրուած Սուրբ Յարութեան Տաճարին մէջ ընթացող վերականգնողական աշխատանքներուն եւ հնագիտական հետազօտութիւններուն։

Հանդիպմանը մասնակցեցան Սուրբ Յարութեան Տաճարի երեք իրաւատէր համայնքներու ներկայացուցիչները՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ՝ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեան, Երուսաղէմի Յունաց Ուղղափառ Պատրիարք Ամենապատիւ Թէոֆիլոս Գ. եւ Սուրբ Երկրի Քիւստոս Հոգեշնորհ Հայր Ֆրանչեսկօ Իելպօ։ Ներկայ էին նաեւ Սուրբ Յարութեան Տաճարի Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Ղեւոնդ Ծայրագոյն Վարդապետ Յովհաննիսեան, Դիւանապետ՝ Հոգեշնորհ Տ. Աղան վարդապետ Գոգոչեան, ինչպէս նաեւ Առաքելական Նուիրակութեան քարտուղար Մոնսենիոր Նիքոլա Տի Փոնցիօ։

Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցան Սուրբ Յարութեան Տաճարի վերականգնման եւ հնագիտական ուսումնասիրութիւններու ընթացքը, կատարուած աշխատանքները, ձեռք բերուած արդիւնքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները։

Իր խօսքին մէջ Սուրբ Երկրի Քիւսթոս Հայր Ֆրանչեսկօ Իելպօ ընդգծեց, թէ Սուրբ Յարութեան Տաճարը քրիստոնէական աշխարհի ամենակարեւոր եւ միաժամանակ ամենանուրբ սրբավայրերէն մէկն է։ Ան շեշտեց երեք իրաւատէր համայնքներուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ աշխատանքները կ՚իրականացուին փոխադարձ վստահութեան, երկխօսութեան եւ համագործակցութեան ոգիով։

Ան նաեւ ընդգծեց, թէ իրականացուող ծրագիրը կը միաւորէ երեք հիմնական ուղղութիւններ՝ պահպանութիւն, հետազօտութիւն եւ վկայութիւն։

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանին հետ համագործակցութեան, որ առանցքային դեր ունի ծրագրի գիտական եւ հնագիտական աշխատանքներուն մէջ։ Ըստ Հայր Իելպոյի՝ այս փորձառութիւնը կը վկայէ, թէ գիտական հետազօտութիւնն ու սրբավայրի պահպանութիւնը կրնան ներդաշնակօրէն յառաջանալ, երբ հիմնուած են վստահութեան, երկխօսութեան եւ ընդհանուր պատասխանատուութեան վրայ։

Գիտական եւ եկեղեցական կառոյցներու միջեւ այս համագործակցութիւնը շեշտուեցաւ նաեւ «Լա Սափիենցա» համալսարանի վերատեսուչ Պրոֆ. Անթոնելլա Փոլիմենիի ներկայութեամբ։ Գնահատանքով յիշատակուեցաւ նաեւ Փրոֆ. Ֆրանչեսքա Ռոմանա Սթասոլլայի եւ անոր հնագէտներու ու գիտաշխատողներու խումբին հետեւողական աշխատանքը, որ էական նշանակութիւն ունի ծրագրի գիտական յաջողութեան համար։

Հնագիտական հետազօտութիւնները կը շարունակուին յայտնաբերուած գտածոներու եւ հաւաքուած տուեալներու ուսումնասիրութեամբ։ Գիտնականները կը վերակազմեն Սուրբ Յարութեան Տաճարի տարածքին պատմական զարգացման տարբեր հանգրուանները՝ սկսելով հնագոյն քարահանքէն, անցնելով Երկրորդ Տաճարի եւ հռոմէական ժամանակաշրջաններէն, մինչեւ քրիստոնէական տաճարի հիմնադրութիւնն ու հետագայ պատմութիւնը։

Զուգահեռաբար կը շարունակուին նաեւ վերականգնողական աշխատանքները։ «Manens S.p.A.» ընկերութեան համակարգումով իրականացուող ենթակառուցուածքային աշխատանքները Տաճարի մեծ մասին մէջ արդէն աւարտած են։ «La Venaria Reale» պահպանութեան եւ վերականգնման կեդրոնի հիմնադրամին համակարգումով կը շարունակուի վերականգնուած յատակի տեղադրումը, որ արդէն ամբողջացած է Տաճարի շուրջ մէկ երրորդին մէջ։

Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ Սուրբ Յարութեան Տաճարի փայտեայ գլխաւոր մուտքի դրան վերականգնման աշխատանքը, որ կը ղեկավարուի Ռոպերթօ Սաքումանի կողմէ։

Հնագիտական հետազօտութիւններու առաջին արդիւնքները ամփոփուած են «Hagia Polis Project. Excavations at the Holy Sepulchre in Jerusalem. Volume I. Project and Methodology» հատորին մէջ։

Սուրբ Յարութեան Տաճարին մէջ իրականացուող այս մեծածաւալ ծրագիրը ոչ միայն գիտական եւ վերականգնողական կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է, այլ նաեւ Սուրբ Յարութեան Տաճարի երեք իրաւատէր համայնքներուն եւ գիտական շրջանակներուն միջեւ գործակցութեան կենդանի վկայութիւն մը։

Սուրբ Յարութեան Տաճարի բացառիկութիւնը կը կայանայ նաեւ այն իրողութեան մէջ, որ ան պարզապէս հնագիտական յուշարձան մը չէ, այլ կենդանի սրբավայր՝ քրիստոնէական հաւատքի եւ վկայութեան կեդրոն, ուր աշխարհի բոլոր կողմերէն ուխտաւորներ կը ժամանեն եւ ուր շարունակաբար կը կատարուին մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանքները, Խաչելութիւնը, Մահն ու Յարութիւնը յիշատակող սրբազան արարողութիւններ։

The Opening of the 2026–2027 Academic Year at the Seminary and School of the Patriarchate———————— On September 7, 2026, ...
08/09/2026

The Opening of the 2026–2027 Academic Year at the Seminary and School of the Patriarchate
————————

On September 7, 2026, the Armenian Patriarchate’s Seminary and School opened its 184th academic year. The ceremony was attended by the Brotherhood of St. James and faculty, led by His Eminence Archbishop Sevan Gharibian, Grand Sacristan of the Holy See. Following the school anthem and the reading of the Parable of the Sower, Very Rev. Fr. Gevorg Hayrapetyan encouraged the students to approach the new year with renewed dedication. Archbishop Sevan offered his blessing and wished the students spiritual growth, stronger faith, and success in their studies, while also encouraging the faculty in their educational mission. The ceremony concluded with prayers and a reception for the Brotherhood and faculty.

Վերամուտ Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի
2026-2027 ուսումնական տարւոյ
___________________________
Երկուշաբթի, 7 Սեպտեմբեր, 2026-ին, առաւօտեան ժամը 9-ին, կատարուեցաւ Պատրիարքութեանս Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի 184-րդ ուսումնական տարեշրջանի վերամուտը:

Վերամուտի արարողութեան ներկայ էին Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը եւ դասախօսական կազմը, գլխաւորութեամբ՝ Սուրբ Աթոռոյս Լուսարարապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի:

Միաբանութիւնը դիմաւորուեցաւ վարժարանի քայլերգի՝ «Սիրտ ի սիրտ»-ի երգեցողութեամբ, ապա, ըստ աւանդութեան, Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան Աւետարանէն ընթերցաւ «Սերմնացանի» առակը:

Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Տեսուչ Հայր Սուրբը բարի գալուստի խօսքեր ըսաւ ներկաներուն: Իր խօսքին մէջ ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս դարաւոր հաստատութիւնը տակաւին կը շարունակէ գործել իր առաքելութեան ծիրէն ներս եւ ժառանգորդներ կը պատրաստէ Սուրբ Աթոռոյս համար: Իր խօսքի վերջաւորութեան Տեսուչ Հայր Սուրբը ուսանողներուն յորդորեց նոր եռանդով լծուիլ ուսումնառութեան եւ մաղթեց բարի ուսումնական արդիւնաւոր տարի եւ հրաւիրեց Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը՝ կատարելու իր օրհնութեան խօսքը։

Գերաշնորհ Տ․ Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի ուսանողներուն մաղթեց մտքի բացութիւն, կեդրոնացում ուսումնական ընթացքի վրայ, հոգեւոր զարգացում եւ հաւատքի զօրացում։ Յաջողութիւն մաղթեց նաեւ դասախօսներուն՝ յոյս յայտնելով որ անոնք իրենց լաւագոյնը պիտի ընեն վարժարանի եւ Ընծայարանի ուսանողներուն գիտելիք ջամբելու համար:

Սրբազան Հօր խօսքէն ետք, վարժարանի տեսուչ Հոգեշնորհ Տ․ Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան «Սուրբ Խաչիւս» ըսաւ, իսկ Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ»-ով օրհնեց ուսանողները եւ դասախօսենրը:

Վերամուտի հանդիսութենէն ետք Միաբանութիւնը եւ դասախօսաները պատուուեցան Ժառանգաւորաց Վարժարանի եւ Ընծայարանի ուսուցչարանին մէջ:

Divine Liturgy in the Chapel of the Holy Mother of God, Patroness of the Church of the Holy ResurrectionOn Sunday, Septe...
08/09/2026

Divine Liturgy in the Chapel of the Holy Mother of God, Patroness of the Church of the Holy Resurrection

On Sunday, September 6, 2026, as is customary, on the second Sunday after the Feast of the Assumption, at 9:15 a.m., under the presidency of His Eminence Bishop Koryun Baghdasaryan, the Brotherhood of St. James proceeded in procession to the Church of the Holy Sepulcher .

After venerating the Holy Tomb of Christ, the Brotherhood celebrated a Divine Liturgy at the Holy Altar of the Chapel of the Holy Mother of God, Patroness, located in the Armenian Upper Chapel. The Divine Liturgy was celebrated and the sermon was delivered by the Inspector of the Church of the Holy Sepulcher , Very Rev. Fr. Ghevond Hovhannisyan.

Սուրբ Պատարագ Սուրբ Յարութեան Տաճարի Երաշխաւոր Սուրբ Աստուածածին Մատրան Մէջ
_____________________
Կիրակի, 6 Սեպտեմբեր, 2026-ին, ըստ սովորութեան, Վերափոխման երկրորդ կիրակիին, առաւօտեան ժամը 9:15-ին, հանդիսապետութեամբ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեանի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը թափօրով մեկնեցաւ Սուրբ Յարութեան Տաճար, ուր Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանին երկրպագելէ ետք, Հայոց Վերնամատրան մէջ գտնուող Երաշխաւոր Սուրբ Աստուածածնի մատրան Սուրբ Սեղանին վրայ տեսչական Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Սուրբ Յարութեան Տաճարի Տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Ղեւոնդ Ծայրագոյն Վարդապետ Յովհաննիսեան։

“Churches for Middle East Peace” Delegation Meets with the Armenian Patriarch of JerusalemOn Saturday, September 5, 2026...
08/09/2026

“Churches for Middle East Peace” Delegation Meets with the Armenian Patriarch of Jerusalem

On Saturday, September 5, 2026, a delegation from the organization “Churches for Middle East Peace” (CMEP), which had arrived from the United States and was headed by His Eminence Archbishop Vicken Aykazian, a member of the Brotherhood of St. James, visited the Armenian Patriarchate of Jerusalem and met with His Beatitude Archbishop Nourhan Manougian, Armenian Patriarch of Jerusalem.

The delegation included the Reverend Vicki Downey, Lieutenant of the Equestrian Order of the Holy Sepulchre of Jerusalem; His Eminence Archbishop Vicken Aykazian of the Eastern Diocese of the Armenian Church of America; Dr. Mae Cannon, Executive Director of “Churches for Middle East Peace” (CMEP); as well as other guests.

During the meeting, discussions focused on the current situation in the Middle East, particularly in the Holy Land, the necessity of establishing peace in the region, as well as the challenges faced by Christian communities.

His Beatitude the Patriarch welcomed the members of the delegation and highly commended the work being carried out toward peace, justice, and interchurch cooperation.

The meeting was also attended by the Chancellor of the Holy See, Very Rev. Fr. Aghan Gogchyan.

«Եկեղեցիները յանուն Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքին
____________
Շաբաթ, 5 Սեպտեմբեր 2026-ին, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամ՝ Գերաշնորհ Տ. Վիգէն Արքեպիսկոպոս Այքազեանի գլխաւորութեամբ, Միացեալ Նահանգներէն ժամանած «Եկեղեցիները յանուն Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան» (CMEP) կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գերապատիւ Վիքի Տաունի՝ Սուրբ Գերեզմանի Ասպետական Կարգի Տեղակալ, Գերաշնորհ Տ. Վիգէն Արքեպիսկոպոս Այքազեան՝ Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմէն, «Եկեղեցիները յանուն Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան» (CMEP) կազմակերպութեան Գործադիր Տնօրէն Տոքթ. Մէյ Քանըն, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի եւ, մասնաւորաբար, Սուրբ Երկրի ներկայ իրավիճակին, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը ողջունեց պատուիրակութեան անդամները եւ բարձր գնահատեց խաղաղութեան, արդարութեան ու միջեկեղեցական համագործակցութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Սուրբ Աթոռոյս Դիւանապետ՝ Հոգեշնորհ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգչեան։

Reopening of the Sts. Tarkmanchatz School2026–2027 Academic Year——————On Wednesday, 2 September 2026, at 8:00 a.m., the ...
03/09/2026

Reopening of the Sts. Tarkmanchatz School
2026–2027 Academic Year
——————

On Wednesday, 2 September 2026, at 8:00 a.m., the Brotherhood of Sts. James, led by His Eminence Archbishop Sevan Gharibian, attended the opening ceremony of the 2026–2027 academic year at the Sts. Tarkmanchatz School. This year, the Sts. Tarkmanchatz School has 162 students.

Following the arrival of the Brotherhood, the students sang the National Anthem of the Republic of Armenia, followed by the school anthem, the hymn «Որք զարդարեցին». The School Principal, the Very Rev. Fr. Serovpe Antonyan, then delivered his welcome address.

In his remarks, the Very Rev. Father congratulated the students on the occasion of the Day of Knowledge, Writing and Education, expressing his hope that, as in the previous year, they would once again succeed in their studies and educational pursuits. He also emphasized the important role and contribution of the teachers to the student’s success.

His Eminence Archbishop Sevan Gharibian warmly welcomed those present and noted that the summer vacation had certainly provided the students with an opportunity to rest, so that they could begin the new academic year with renewed energy and enthusiasm. His Eminence wished the students and teachers a blessed and productive academic year.

Following the Archbishop’s address, the School Principal recited «Սուրբ Խաչիւս», after which His Eminence Archbishop Sevan Gharibian blessed the students and teachers with the «Պահպանիչ» prayer. The opening ceremony concluded with the recitation of the «Our Father».

Following the ceremony, the presiding Archbishop and the clergy were hosted at the School Principal’s Office.

Վերամուտ Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանի
2026-2027 Ուսումնական Տարւոյ
_______________
Չորեքշաբթի, 2 Սեպտեմբեր 2026-ին, առաւօտեան ժամը 08։00-ին, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը, Լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի գլխաւորութեամբ, ներկայ գտնուեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանի 2026-2027 ուսումնական տարուան վերամուտի հանդիսութեան։ Այս տարի Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանը ունի 162 աշակերտ-աշակերտուհիներ։

Միաբանութեան ժամանումէն ետք վարժարանի սաները երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը եւ Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանի հիմնը՝ «Որք զարդարեցին» շարականը։ Ապա վարժարանի տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Սերովբէ Աբեղայ Անտոնեան կատարեց իր բարիգալուստի խօսքը։

Իր խօսքին մէջ Տեսուչ Հայր Սուրբը շնորհաւորեց աշակերտները՝ Գիտելիքի, Գիրի եւ Դպրութեան օրուան առիթով, եւ յոյս յայտնեց, որ, ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս անոնք պիտի յաջողին իրենց դասերուն եւ ուսումնառութեան մէջ։ Ան ընդգծեց նաեւ ուսուցիչներուն կարեւոր դերն ու ներդրումը աշակերտներու յաջողութեան մէջ։

Ապա Գերաշնորհ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան Սրբազան Հայրը ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ նշեց, որ ամառնային արձակուրդը վստահաբար առիթ ընծայած է աշակերտներուն հանգստանալու, որպէսզի վարժարանի վերամուտին նոր եռանդով եւ ոգեւորութեամբ սկսին իրենց ուսումնառութիւնը։ Սրբազան Հայրը բարի եւ արդիւնաւէտ ուսումնական տարի մաղթեց աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն։

Սրբազան Հօր խօսքէն ետք Վարժարանի Տեսուչ Հայր Սուրբը «Սուրբ Խաչիւս» ըսաւ, իսկ Սրբազան Հայրը «Պահպանիչ»-ով օրհնեց աշակերտներն ու ուսուցիչները։ Ապա «Հայր մեր»-ով փակուեցաւ վերամուտի հանդիսութիւնը։

Հանդիսութենէն ետք հանդիսապետ Սրբազան Հայրն ու հոգեւոր հայրերը պատուուեցան Վարժարանի Տեսչարանին մէջ։

Feast of the Assumption of the Holy Mother of God⸻On Saturday, August 29, 2026, at 4:30 p.m., the Brotherhood of St. Jam...
31/08/2026

Feast of the Assumption of the Holy Mother of God



On Saturday, August 29, 2026, at 4:30 p.m., the Brotherhood of St. James and the Seminarians, under the presidency of His Grace Bishop Koryun Baghdasaryan, solemnly proceeded by motorcade to the Church of the Dormition of the Holy Mother of God in Gethsemane.

At 5:00 p.m., in front of the steps of the church, His Grace the Bishop, wearing the cope and carrying the cross and staff, was received with a traditional ceremony. The Armenian and Greek custodians of the Church of the Holy Mother of God sprinkled rose water on his hands and bowed before him as a gesture of honor. This ceremony takes place during every Hrashapar procession, with the same honor reciprocally offered by the Armenian custodian to the Greek custodian.

The solemn Hrashapar procession then began, proceeding down to the Tomb of the Holy Virgin, where Vespers and the Eve of the Feast services were celebrated.

At 8:00 p.m., under the presidency of His Grace Bishop Koryun Baghdasaryan, the Compline and Midnight services were celebrated at the Tomb of the Holy Virgin, after which the Brotherhood returned to the Patriarchate.

On the morning of the Feast of the Assumption, Sunday, August 30, 2026, at 9:00 a.m., the Brotherhood of St. James, the Seminarians, and the faithful, under the presidency of His Grace Bishop Koryun Baghdasaryan, proceeded to the Garden of Gethsemane and solemnly celebrated the feast’s Hrashapar entrance, followed by the Pontifical Divine Liturgy at the Holy Tomb of the Blessed Mother of God.

The Divine Liturgy was celebrated and the sermon delivered by His Grace Bishop Koryun Baghdasaryan.

Following the Divine Liturgy, under the presidency of His Grace the Bishop, the Antastan (The Blessing of the four Directions) service was celebrated at the Tomb of the Holy Virgin, bringing the liturgical celebrations of the Feast of the Assumption to a close. The Brotherhood then returned to the Patriarchate.

Photographs: Rev. Fr. Nerseh and Baskind Alon

Տօն Վերափոխման Սուրբ Աստուածածնի
_______________
Շաբաթ, 29 Օգոստոս, 2026-ին, երեկոյեան ժամը 16։30-ին, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը եւ Ժառանգաւոր սաները, հանդիսապետութեամբ Գերաշնորհ Տ․ Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեան Սրբազան Հօր՝ ինքնաշարժներու հանդիսաւոր գնացքով իջան Գեթսեմանիի Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաճար։

Ժամը 17։00-ին տաճարի աստիճաններու դիմաց հանդիսապետ Սրբազան Հայրը շուրջառ, խաչ եւ գաւազան առաւ, ապա Սուրբ Աստուածածնի տաճարի Հայոց եւ Յունաց տեսուչները ի պատիւ հանդիսապետին՝ վարդաջուր ցօղեցին անոր ձեռքերուն եւ խոնարհութիւն ըրին անոր. պատւոյ արարողութիւն մը, որ ամէն Հրաշափառներուն ալ տեղի կ'ունենայ, եւ փոխադարձաբար Հայն ալ Յոյնին կը մատուցէ միեւնոյն մեծարանքը: Ապա սկսաւ «Հրաշափառ»-ի փառաւոր թափօրը եւ իջնելով Սուրբ Կուսի գերեզմանին առջեւ, կատարուեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ:

Ժամը 20։00-ին, նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ․ Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեանի, Սուրբ Կուսի գերեզմանին առջեւ կատարուեցան Հանգստեան եւ Գիշերային ժամերգութիւններ, որմէ ետք Միաբանութիւնը վերադարձաւ Մայրավանք:

Վերափոխման տօնի առաւօտուն, 30 Օգոստոս, 2026-ին, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը, Ժառանգաւոր սաները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը հանդիսապետութեամբ Գերաշնորհ Տ․ Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեանի, ժամը 09։00-ին մեկնեցան Գեթսեմանի պարտէզ եւ փառաւոր կերպով կատարեցին տօնի «Հրաշափառ» մուտքը, որուն յաջորդեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը ամենօրհնեալ Տիրամօր Սուրբ Գերեզմանին վրայ:

Պատարագեց եւ քարոզեց Գերաշնորհ Տ․ Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեան։ Պատարագէն ետք պատարագիչ Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ Սուրբ Կուսի գերեզմանին առջեւ կատարուեցաւ «Անդաստան», որով եւ վերջ գտաւ Վերափոխման տօնի արարողակարգը եւ Միաբանութիւնը վերադարձաւ Մայրավանք:

Լուսանկարները՝ Ներսեհ Վարդապետի եւ Baskind Alon -ի

Conferral of the Four Degrees of Special Ecclesiastical Authority————————————-On Friday, August 28, 2026, following the ...
29/08/2026

Conferral of the Four Degrees of Special Ecclesiastical Authority
————————————-
On Friday, August 28, 2026, following the Evening Service on the eve of the Feast of the Holy Shoghakat of Holy Etchmiadzin, a special ceremony was held at the Cathedral of Saints James in Jerusalem.

His Beatitude Archbishop Nourhan Manougian, Armenian Patriarch of Jerusalem, conferred the four degrees of special ecclesiastical authority upon Rev. Fr. Arpak Sarukhanyan, Rev. Fr. Arshak Ghazaryan, and Rev. Fr. Artak Dushenyan, who were ordained and received the veghar from His Beatitude in 2019.

The ceremony was conducted according to the traditions of the Armenian Apostolic Church and included the renewal of their spiritual vows, the conferral of the four degrees, hymns, and Scripture readings.

His Beatitude offered his paternal blessings and exhortation to the newly elevated clergy and presented each with a jeweled pectoral cross, praying for the continued flourishing of their ministry and their devoted service to the Holy See and the Armenian Church.

Photographs: Deacon Zori Karapetyan, Shmulik Cohn, and Baskind Alon

Վարդապետական Գաւազանի Մասնաւոր Իշխանութեան Չորս Աստիճաններու Տուչութիւն
_______________
Ուրբաթ, 28 Օգոստոս, 2026-ին, Շողակաթի Սրբոյ Էջմիածնի նախատօնին, Երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Պատրիարք Մանուկեան Սրբազան Հայրը վարդապետական գաւազանի մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները օրհնութեամբ տուաւ՝ Տ. Արբակ Աբեղայ Սարուխանեանի, Տ. Արշակ Աբեղայ Ղազարեանի եւ Տ. Արտակ Աբեղայ Տիւշէնեանի, որոնք իրմէ ձեռնադրուած եւ վեղար ստացած էին 2019 թուականի Նոյեմբեր 17-ին:

Խարտաւիլակն էր, ըստ կանոնական սովորութեան, Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան, Սուրբ Աթոռոյս Լուսարարապետը՝ իրեն առընթերակայ ունենալով Տ. Վազգէն Վարդապետ Ալէքեանը եւ Տ. Ներսեհ Վարդապետ Ալոյեանը:

Համաձայն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սովորութեան, Ձեռնադրիչ Սրբազանը բազմած էր արդէն Մայր Տաճարի մուտքին կողմը: Բերուեցաւ վարդապետական գաւազանը՝ շղարշով ծածկեալ, որուն կը հետեւէին վարդապետական աստիճանի թեկնածուները, որոնք ծունկի գալով շնորհաբաշխ Պատրիարք Սրբազանին առջեւ, նախ հաւատոյ դաւանութեան, հերետիկոսութեանց նզովման եւ Ս. Հարց յիշատակին օրհնութեան իրենց նորոգեալ ուխտէն վերջ, գաւազանի առաջին երեք աստիճանները ստացան իրենց հոգեւոր Հօր ձեռքէն, եւ յետոյ դասին մէջ, բեմին առջեւ, չորրորդ աստիճանը:

Վարդապետական աստիճաններու տուչութեան բանաձեւները ընդելուզուած էին շարականներով եւ Աստուածաշնչական պատշաճ ընթերցուածներով:

Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը հոգեկան բերկրանքով կատարեց այս տուչութիւնը, անոր մէջ տեսնելով թէեւ փոքրիկ, բայց լուրջ քայլ մը դէպի առաւելագոյն պայծառութիւն Ս. Աթոռոյս, որուն արժանաւոր զաւակներէն եղան ցարդ եւ յետ այսու եւս պիտի շարունակեն լինել երեք նորընծաները, այսուհետեւ վարդապետք Հայ Եկեղեցւոյ: Այդ զգացումով էր որ Նորին Ամենապատուութիւնը սրտագին յորդորական մը ուղղեց յետոյ իր ձեռնասուններուն, հայրական բաղձանքի, մաղթանքներու եւ օրհնութեան հոգւով թաթախուն եւ շնորհընկալ վարդապետներուն կուրծքը զարդարեց ականակուռ լանջախաչերով:

Աղօթենք նոր վարդապետներուն գաւազանի ծաղկման եւ խօսքերուն ու գործերուն պտղաբերման համար, որպէսզի կարող ըլլան հետեւիլ Պօղոս Առաքեալի պատուէրին. «Վերակացու լինել հաւատարիմ Բանին Վարդապետութեան, զի կարող իցէ եւ մխիթարել ողջմտութեամբ վարդապետութեանն, եւ զհակառակորդսն կշտամբել» (Տիտոս 1:9) եւ շարունակեն աւելի եռանդով եւ նուիրումով իրենց Աթոռանուէր եւ եկեղեցաշէն գործունէութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Եկեղեցւոյ:

Լուսանկարները՝ Զօրի Սրկ. Կարապետեանի, Shmulik Cohn -ի եւ Baskind Alon -ի

Annual Night Pilgrimage to the Tomb of the Holy Virgin————————On Thursday, 27 August 2026, at dawn, at 2:30 a.m., the Br...
28/08/2026

Annual Night Pilgrimage to the Tomb of the Holy Virgin

————————

On Thursday, 27 August 2026, at dawn, at 2:30 a.m., the Brotherhood of St. James, the seminarians, and the Armenian pilgrims of Jerusalem undertook their annual night pilgrimage to the Church of the Mother of God, where a Holy and Immortal Divine Liturgy was celebrated at the Tomb of the Holy Virgin.

The Divine Liturgy was celebrated by the Very Rev. Fr. Gevorg Hayrapetyan.

Photos by Baskind Alon

Տարեկան Գիշերային Ուխտագնացութիւն Դէպի Սուրբ Աստուածամօր Վերափոխման Տաճար
_____________________
Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս, 2026-ին, լուսադէմին, ժամը 02:30-ին, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը, Ժառանգաւոր սաները եւ Սաղիմահայ ուխտաւոր ժողովուրդը կատարեցին իրենց տարեկան գիշերային ուխտագնացութիւնը դէպի Աստուածամօր Վերափոխման տաճար, ուր Սուրբ Կոյսի Գերեզմանին վրայ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:

Պատարագեց Հոգեշնորհ Տ. Գէորգ Վարդապետ Հայրապետեան:

Լուսանկարները՝ Baskind Alon -ի

Address

Armenian Orthodox Patriarchate Road 86
Jerusalem
90000

Opening Hours

Monday 09:00 - 15:00
Tuesday 09:00 - 15:00
Wednesday 09:00 - 15:00
Thursday 09:00 - 15:00
Friday 09:00 - 15:00

Telephone

+97226282331

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Armenian Apostolic Patriarchate of Jerusalem posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Place Of Worship

Send a message to Armenian Apostolic Patriarchate of Jerusalem:

Shortcuts

Share