St. Mary Armenian Apostolic Church

St. Mary Armenian Apostolic Church St. Mary Armenian Apostolic Church was established in 1983 under the Holy See of Cilicia. Mary Armenian Apostolic Church.
(1)

On May 27th, 1990, the newly built church was blessed and consecrated, officially naming it St. Twitter: www.twitter.com/stmarytoronto
LinkedIn: www.linkedin.com/stmarytoronto
YouTube: www.youtube.com/stmarytoronto

06/07/2026

Առաւօտեան Ժամերգութիւն Եւ Սուրբ Պատարագ - Morning Service and Divine Liturgy
— — — — —
Պատարագիչ՝ Արժ․ Տ․ Տաթեւ Աւ․ Քհնյ․ Միքայէլեան
— — — — —
Կիրակի 07 Յունիս 2026

06/06/2026
06/06/2026

Սուրբ Գիրքի Սերտողութիւն - 4 Յունիս, 2026
Bible Study - June 4th, 2026

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ Հինգշաբթի 4 Յունիս 2026-ին, Գլախւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ....
06/06/2026

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Հինգշաբթի 4 Յունիս 2026-ին, Գլախւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչն ու Հոգեւոր Հովիւը, այցելեցին Գանատայի Անկլիքան եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Շէյն Արք. Փարքըրին։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը եւ Ազգային Վարչութեան անդամ՝ Տիար Գիրգոր Շիթիլեան։
Այցելութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Շէյն Արքեպիսկոպոսը՝ առաջնորդ ընտրուելու իր առաջին տարեդարձին առթիւ եւ ընդգծեց երկու եկեղեցիներու միջեւ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան կապերը շարունակելու եւ զօրացնելու կարեւորութիւնը։ Սրբազան Հայրը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հայաթափման եւ այնտեղ գտնուող քրիստոնէական եկեղեցիներու, վանքերու եւ հոգեւոր ժառանգութեան դիմագրաւած վտանգին։
Իր կարգին, Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ իրեն միացող պատուիրակութեան ջերմ այցելութեան համար եւ հաստատեց երկու եկեղեցիներուն միջեւ եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։
Այցելութիւնը աւարտեցաւ նուէրներու եւ բարեմաղթանքներու փոխանակմամբ՝ վերահաստատելով երկու եկեղեցիներու յանձնառութիւնը շարունակելու ամրապնդել յարաբերութիւնները եւ համագործակցական աշխատանքը՝ հանուն հաւատքի, խաղաղութեան եւ ընդհանուր բարիքին։

06/06/2026

Քարոզ` Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհն. Միքայէլեան
~~~~~~~
Homily of Archpriest Rev. Fr. Datev Mikaelian
~~~~~~~
Կիրակի, 31 Մայիս, 2026

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւորականնենրն ու Հոգաբարձութիւնը յանուն մեր եկեղեցւոյ ողջ հաւատացեալներուն սրտագինս կը շն...
06/04/2026

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւորականնենրն ու Հոգաբարձութիւնը յանուն մեր եկեղեցւոյ ողջ հաւատացեալներուն սրտագինս կը շնորհաւորեն Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին, իր Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 20-ամեակին առիթով։

Այս յոբելենական առիթով կը բարձրացնենք մեր աղօթքները առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի Սրբազան Հօր պարգեւէ քաջառողջութիւն, արեւշատ եւ օրհնեալ տարիներ, եւ Իր առատ շնորհքներով զօրացնէ զինք իր եկեղեցաշէն ու ազգօգուտ առաքելութեան մէջ։

Թող Ամենակալ Տէրը շարունակէ օրհնել եւ ծաղկեալ պահել Սրբազան Հօր առաջնորդական ծառայութիւնը, որպէսզի ընդ երկար տարիներ առաջնորդէ եւ պայծառացնէ Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւոր կեանքը՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։

ԾԱՂԻԿ» ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2026-ի առաւօտեան, Հայ Օգնութեան Միու...
06/03/2026

ԾԱՂԻԿ» ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ

Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2026-ի առաւօտեան, Հայ Օգնութեան Միութեան Պապայեան Մանկապարտէզի «Ծաղիկ» դասարանի աշակերտութիւնը, իրենց ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, ուր զիրենք ջերմօրէն դիմաւորեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը։

Արժ. Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեանի բարի գալուստի եւ հայրական սիրով լեցուն խօսքէն ետք, փոքրիկները միասին աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, «Սուրբ Աստուած» շարականը երգեցին եւ ապա Սուրբ Հաղորդութիւն ստացան։

Այս առիթով, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը եւ Հոգաբարձութիւնը կը շնորհաւորեն «Ծաղիկ» դասարանի աշակերտները, իրենց նուիրեալ ուսուցիչները եւ ծնողները՝ մաղթելով Աստուծոյ ամենառատ օրհնութիւնն ու առաջնորդութիւնը։

Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան տօնին առթիւ Մայիսեան փառատօն---Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն ...
06/02/2026

Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան տօնին առթիւ Մայիսեան փառատօն
---
Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, շաբաթ, 30 մայիս 2026-ին տեղի ունեցաւ փառատօն` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 108-ամեակին։
Փառատօնը սկիզբ առաւ հանդիսավար Ռուպինա Քէօշկէրեան Քէշիշեանի բարի գալուստի խօսքով, որուն մէջ ան շեշտեց մայիսեան յաղթանակի հիմնական պատգամը, երբ հայութիւնը դարձեալ հաստատեց իր վերածնունդը։ Անկէ ետք 211 consumers road-ի համայնքիս նոր կառոյցի շրջափակէն, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին առաջնորդութեամբ, միութենականներու, հայորդիներու, ԳԵՄ-ականներու եւ պատանիներու, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու, համակիրներու եւ ծնողներու խուռներամ բազմութեամբ սկիզբ առաւ Յաղթանակի տողանցքը դէպի Հայ կեդրոն:
Ներկայ էին Թորոնթոյի Ս. Աստուածածաին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ․ Տ․ Գարեգին Ծ․ Վ․ Շխրտմեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, ՀՕՄ-ի Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային ընդհանուր Խմբապետը, Շրջանային Խմբապետուհին եւ Սկաուտական խորհուրդը, ԳԵՄ-ի Կեդրոնական եւ տըղական վարչութիւններու, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմինի, Հայ կեդրոնի յարակից եւ ուղեկից բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներն ու անդամները։
Փողերախումբին հնչեղութեամբ տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւնը՝ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մեր բոլոր նահատակներուն:
Հայր Գարեգին Ծ․ Վ․ Շխրտմեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը, նշելով թէ մայիս 28-ն եղաւ հայ ժողովուրդի վերածնունդի սկիզբը, ուր գաղթն ու հալածանքը ոչնչացումի եզրին հասցուցած էին հայ ժողովուրդը, սակայն շնորհիւ մայիս 28-ի ռահվիրաներուն, հայ ժողովուրդը մղեց յաղթանակներ եւ պահեց իր ինքնութիւնը, ապա խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով ժողովուրդին՝ տէր կանգնելու լեզուին, մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ, հպարտանալու մեր ինքնութեամբ, եւ ի գին ամէն բանի բարձր պահելու հայկական արժէքներն ու խորհրդանիշները եւ առանց յուսահատելու ընթանալու առաջ:
Հանդիսավարի հրաւէրով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի անդամ Յովիկ Գույումճեան։ Ան շնորհաւորեց ներկաները անկախութեան տօնին առթիւ, անդրադարձ կատարելով հայ ժողովուրդի զօրաւոր կամքին, վճռականութեան եւ ապագայի հանդէպ ունեցած տեսլականին, որուն լաւագոյն վկան է նոր շէնքի գնման ծրագիրը։
«Այսօրուան մեր հաւաքի նշանաբանն է՝ յանուն ինքնութեան եւ պետականութեան, որ կը մարմնաւորէ այն ճշմարտութիւնը, թէ այս երկուքը անբաժանելի են. առանց ինքնութեան՝ պետականութիւնը կը դառնայ դատարկ, եւ առանց պետականութեան ինքնութիւնը կը մնայ անպաշտպան», ըսաւ Գոյումճեան եւ աւելցուց. «Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ, երբ ազգային հպարտութիւնը կը փոխարինուի պարտուողականութեամբ, երբ պետական մտածողութիւնը կը փոխարինուի կարճատես հաշիւներով, եւ երբ ազգային իղձերը կը ներկայացուին իբրեւ բեռ եւ ոչ իբրեւ ժառանգութիւն», ապա խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Այսօր մենք, նոր կառոյցէն մեր տողանցքով նորոգեցինք մեր ուխտը՝ պահպանելու մեր ինքնութիւնը, ամրապնդելու մեր համայնքը, ծառայելու մեր ազգին, չմոռնալու Արարատն ու Արցախը եւ պաշտպանելու մեր պետականութիւնը։ Թող այս եկեղեցին, կեդրոնն ու դպրոցը դառնան հաւատքի, գիտութեան եւ ազգային ոգիի օճախներ։ Թող այս սերունդը արժանի ժառանգորդը դառնայ մեր նախնիներուն եւ շարունակէ բարձր պահել փոխանցուած ջահը»։
Տօնախմբումը շարունակուեցաւ Հայ կեդրոնի շրջափակէն ներս, ազգային եւ հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Գոհար Յովհաննէսեանի ելոյթով, հայկական զուռնայի եւ տհոլի ընկերակցութեամբ։

ՀՈՒՐԻՆԱ
«Հորիզոն»

Կիրակի 31 Մայիս 2026-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, նախքան քարոզը, Հանրապետական Մաղթանք ե...
06/01/2026

Կիրակի 31 Մայիս 2026-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցիէն ներս, նախքան քարոզը, Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն Դրօշի Օրհնութեան հոգեպարար արարողութիւն կատարուեցաւ, ձեռամբ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի եւ մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն: Իսկ Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Հոգեհանգիստի պաշտօն կատարուեցաւ, վասն հոգւոց՝ 28 Մայիս 1918-ի Քաջամարտիկ նահատակներուն, որոնք կերտեցին Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը:

Address

45 Hallcrown Place
Toronto, ON
M2J4Y4

Opening Hours

Monday 11am - 3pm
Tuesday 11am - 3pm
Wednesday 11am - 3pm
Thursday 11am - 3pm
Friday 11am - 3pm
Saturday 5pm - 6pm
Sunday 8:30am - 12:30pm

Telephone

+14164938122

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when St. Mary Armenian Apostolic Church posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Place Of Worship

Send a message to St. Mary Armenian Apostolic Church:

Share