05/22/2026
Եկէ՛ք Միասին Կառուցենք
Սիրելի՛ բարեկամներ,
Հաւատքով, յոյսով եւ ապագայի միասնական տեսլականով, սիրով կը հրաւիրենք ձեզ մասնակցելու թորոնթոհայ համայնքի համար շատ կարեւոր եւ պատմական Տեղեկատուական Հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 14 Յունիս 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1։30-ին, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց․Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ (920 Progress Avenue, Toronto)
Այս հանդիպման ընթացքին, պիտի ներկայացնենք առաջարկուած նոր համայնքակեդրոն ծրագրին զարգացումը, որ նպատակ ունի ծառայելու գալիք սերունդներուն՝ բազմանպատակ համալիրի մը կառուցումով, որ պիտի ներառէ՝
• Երէցներու Առանձնաշէնք
• Բնակելի Բարձրահարկ Շէնքեր
• «Բարեւ» Համայնքային Կեդրոն
• Մանկապարտէզ
• Մարզասրահ
• Հանդիսութիւններու Սրահ (Banquet Hall)
Այս նախաձեռնութիւնը պարզապէս շինարարական ծրագիր մը չէ, այլ կարեւոր ներդրում մը մեր տարեցներու, մանուկներու, երիտասարդութեան, ընտանիքներու եւ համայնքի անհրաժեշտ կարիքներուն համար։
Առաջադրուող այս համալիրը հիւրընկալ միջավայր մը պիտի ստեղծէ համախմբուելու եւ զօրացնելու մեր հաւատքը, մշակոյթը, ինքնութիւնը եւ համայնքային կեանքը։
Ձեր ներկայութիւնն ու աջակցութիւնը մեծապէս գնահատելի են։
Արդ, կը հրաւիրենք ձեզ միանալու մեզի՝ տեղեկանալու համար այս ձեռնարկի տեսլականին, ծրագիրներուն եւ կարելիութիւններուն։ Ազատ զգացէք քաջալերելու ձեր ընտանիքի անդամները, բարեկամները որպէսզի ներկայ գտնուին։
Ձեզ հանդիպելու ուրախութեամբ,
Սիրով եւ յարգանքով՝
Սուրբ Երրորդութիւն Հայց․Առաք․Եկեղեցւոյ Հովիւ եւ Ծխական Խորհուրդ
եւ «Բարեւ» Կեդրոնի Վարչութիւն