06/01/2026
ՀԱՅ-ENG
Երկուշաբթի, 1 Յունիս, 2026
ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ՇԱԲԱԹ
«Էջ Միածին ի Հօրէ եւ լոյս փառաց ընդ նմա,
Ձայնք հնչեցին սանդարամետք անդնդոց:
Տեսեալ զլոյս մեծ հայրապետին Գրիգորի,
պատմէր ցնծութեամբ հաւատացեալ
արքային:
Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ.
քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհի»: Շարական
Հոգեգալուստէն մէկ շաբաթ յետոյ Եղիա մարգարէի յիշատակութեան տօնին յաջորդող Երկուշաբթին կ'ազդարարէ եկեղեցական տօներով յագեցած փառահեղ շաբթուայ սկիզբը, որ յայտնի է «Արարատեան» շաբաթ անունով: Իրադարձութիւնները, որոնք կը յիշատակուին այս շաբթուայ ընթացքին, ուղղակիօրէն կ'առնչուին 301 թ. Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան հաստատման եւ անոր նախորդող պատմական իրադարձութիւններու հետ, որոնց մանրամասն նկարագրութիւննեհրը հասած են մեզի Ագաթանգեղոսի բացառիկ եւ արժէքաւոր պատմութեան շնորհիւ: Այդ բոլոր իրադարձութիւնները տեղի ունեցած են Արարատեան դաշտին մէջ, այդ պատճառով ալ այդ շաբաթը ստացած է «Արարատեան» անուանումը:
Այս շաբաթ կը խորհրդանշէ հայոց դարձն ու քրիստոնէական հաւատքի յաղթանակը հեթանոսական կռապաշտութեան դէմ:
«Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, եթէ ցորենին հատիկը, հողի մէջ իյնալով չմեռնի՝ միայն հատիկը ինքը կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի, բազմաթիւ պտուղներ կու տայ: Ով որ կը սիրէ իր անձը, պիտի կորսնցնէ զայն, իսկ ով որ այս աշխարհին մէջ իր անձը կ'ատէ, զայն պիտի պահէ յաւիտենական կեանքին համար» (Յովհաննէս 12.24-25):
Սուրբ Բարթողիմէոս եւ Սուրբ Թադէոս առաքեալներուն ցանած հաւատքի սերմերը ոռոգուեցան սրբուհի Հռիփսիմէի, Գայանէի, Մարիանէի եւ երեք տասնեակէ աւելի նահատակ կոյսերու սուրբ արեամբ, որոնք Հռոմի Դիոկղետիանոս կայսրի հալածանքներէն խուսափելով՝ ապաստանած են Հայաստանի մէջ, Վաղարշապատի «Հնձանք» կոչուած վայրին մէջ:
Հռիփսիմէն կը հրաժարի Դիոկղետիանոս կայսրի առաջարկներէն՝ դառնալու անոր կինը եւ Հռոմէական կայսրութեան թագուհին: Կայսրը լուր կը յղէ Հայոց Տրդատ Գ Մեծ թագաւորին, որ գտնէ Հայաստանի մէջ ապաստանած կոյսերուն եւ վերադարձնէ Հռոմ, բայց ցանկացած պարագային կրնայ կնութեան առնել Հռիփսիմէին: Տրդատ թագաւորը կը յաջողի գտնել զանոնք, սակայն, տեսնելով Հռիփսիմէին գեղեցկութիւնը, նոյնպէս կը սիրահարուի: Հռիփսիմէն կը հրաժարի Տրդատէն, որուն համար ալ կ'ենթարկուի անասելի տանջանքներու եւ կը նահատակուի: Կը նահատակուին նաեւ Հռիփսիմէի 32 հաւատակից վկայուհիները: Այդ դէպքերէն յետոյ Տրդատը ծանր կը հիւանդանայ: Տրդատին քոյրը երազ կը տեսնէ, որ արքային հիւանդութիւնը կրնայ բուժել միայն նոյն Տրդատի կողմէն Քրիստոսին հաւատալու եւ խոստովանելու պատճառով, Խոր Վիրապին մէջ բանտարկուած Գրիգորը: Ոչ ոք չէր հաւատար, որ 13-ամեայ բանտարկութենէն յետոյ վերջինս դեռ ողջ կը մնայ: Սակայն, ի փառս Աստուծոյ, Գրիգորը ողջ մնացած էր:
Սուրբ Գրիգորի աղօթքներով կ'ապաքինի արքան՝ դառնալով Գրիգոր Լուսաւորչի՝ քրիստոնէական քարոզչութեան լծակիցը: Քրիստոնէութիւնը կը հռչակուի հայոց պետական կրօն: Սրբուհիներուն մարմինները ինը օր կը մնան անթաղ: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը կ'ամփոփէ անոնց մարմինները տապաններու մէջ ու կը թաղէ իրենց նահատակութեան տեղերը՝ սուրբ Հռիփսիմէին՝ իր հաւատացեալներուն հետ, Գայանեանց կոյսերուն՝ առանձին, իսկ հիւանդութեան պատճառով Հնձանք վայրին մէջ մինակ մնացած կոյսին՝ Հնձանքին մէջ, իսկ յետոյ այդ վայրերուն մէջ կը կառուցէ մատուռներ, որոնք դարեր ետք, կը վերածուին գեղեցկացնող յօրինուածքներով եկեղեցիներու: Սուրբերու բարեխօսութեամբ եւ Սուրբ Լուսաւորչի աղօթքներով Հայոց աշխարհը լուսաւորեց Քրիստոսի լոյսով: Ճգնութեամբ, հեղած արեամբ եւ սուրբ նշխարներու վրայ հաստատուեցաւ Հայաստաեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին: Որպէս նշան հաւատքի եւ առ Աստուած Հայոց Ուխտի՝ Լուսաւորչի տեսիլքով վեր խոյացաւ Հայոց հաւատքի առաջին տունը՝ Սուրբ Էջմիածինը: Ըստ այդ տեսիլքին՝ երկինքը կը բացուի, եւ Աստուծոյ Միածին Որդին Իր հրաթեւ ու լուսեղէն զօրքերուն ուղեկցութեամբ կ'իջնէ Վաղարշապատ քաղաքի շէն տեղը, մուրճով կը հարուածէ սանդարամետի մեհեանին եւ այդ ջախջախելով՝ կը խորտակէ: Ապա սուրբը կը տեսնէ նախկին մեհեանին տեղը կանգնած ամպեղէն ու լուսեղէն տաճար մը՝ սիւներով ու կամարներով կառուցուած:
Այսպիսով, Արարատեան շաբթուայ (այս տարի՝ 16-21 Յունիս) Երկուշաբթին նուիրուած է Սուրբ Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակութեան, Երեքշաբթին՝ Գայանեանց կոյսերուն, Հինգշաբթին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի կողմէն Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի եւ Սուրբ Աթանագինէս եպիսկոպիսի նշխարներու Հայաստան փոխադրութեան, Շաբաթ օրը՝ Վիրապէն Սուրբ Գրիգորի ելքին, իսկ Կիրակին՝ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնին:
Աննկարագրելի ցնծութեամբ կը լեցուի Սուրբ Էջմիածինը շաբթուայ առաջին իսկ օրէն՝ յագեցած աշխարհի տարբեր ծայրերէն քաղաք այցելած ուխտաւորերով: Սուրբ Հռիփսիմէ, Սուրբ Գայանէ, Սուրբ Շողակաթ եւ Սուրբ Էջմիածին եկեղեցիներուն մէջ, ըստ վերոնշեալ օրերուն, կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ եւ կը կատարուի Անդաստանի արարողութիւն: Ի ուրախութիւն հաւատացեալներուն եւ օրհնութիւն Հայոց երկրին՝ դուրս կը բերուին, ըստ վերոնշեալ տօներու հերթականութեան, սուրբ Հռիփսիմէին, սուրբ Գայանէին եւ սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչին մասունքները ամփոփող մասունքարանները եւ ուխտաւորներու եւ եկեղեցականներու թափօրով Մայր Աթոռէն կը տարուի դէպի համապատասխան եկեղեցի, ուր կը թողեն մինչեւ տուեալ օրուայ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտը, որպէսզի առ աստուած աղօթքով զինուած եւ նուիրական փափաք ունեցող իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հնարաւորութիւն ունենայ մօտենալու եւ համբուրելու մասունքարանները՝ իր հետ տանելով սուրբ մասունքներէն բխող աստուածային օրհնութիւնն ու փրկութեան յոյսը:
Monday, June 1, 2026
ARARADIAN WEEK
One week after Pentecost, the Monday following the Feast of the Remembrance of the Prophet Elijah heralds the beginning of a glorious week filled with church holidays, known as Araradian Week. The events that are mentioned this week are directly related to 301. With the establishment of Christianity in Armenia and the historical events that preceded it, the detailed descriptions of which have reached us thanks to the unique and valuable history of Akatankeghos. All these events took place in the Ararat Valley, which is why that week was named "Araradian".
This week symbolizes the conversion of Armenians and the victory of the Christian faith over pagan idolatry.
“Very truly I tell you, unless a kernel of wheat falls to the ground and dies, it remains only a single seed. But if it dies, it produces many seeds. Anyone who loves their life will lose it, while anyone who hates their life in this world will keep it for eternal life” (John 12: 24-25). The seeds of faith sown by the apostles St. Bartholomew and St. Thaddeus were irrigated with the holy blood of St. Hripsime, Kayane, Marianne and more than thirty martyred virgins, who "fled from the persecution of Emperor Diocletian in Armenia." Hripsime rejects Emperor Diocletian's offers to become his wife and queen of the Roman Empire. The emperor sends word to the Armenian king Dertad III the Great to find the virgins who took refuge in Armenia and return them to Rome, but in any case he can marry Hripsime. King Dertad manages to find them, but seeing Hripsime's beauty, he also falls in love. Hripsime renounces Trdat, for which he is subjected to unspeakable torture and is martyred. The 32 Witnesses of Hripsime are also martyred. After that, Dertad became seriously ill. Dertad’s sister dreams that the king's illness can be cured only by Gregory, who was imprisoned in Khor Virab because he believed and confessed Christ by the same Dertad. No one believed that after 13 years in prison, he would still be alive. But, thank God, Gregory survived.
With the prayers of St. Gregory, the king was healed, becoming the lever of Christian preaching by Gregory the Illuminator. Christianity is declared the Armenian state religion. The bodies of the saints remain unburied for nine days. St. Gregory the Illuminator buries their bodies in arks and buries the places of their martyrdom, St. Hripsime with her believers, the virgins of Kayane separately, and due to illness the virgin left alone in the place of the Hentzank, which, centuries later, are transformed into churches with beautifying patterns. Through the intercession of the saints and the prayers of the Holy Enlightener, the Armenian world was enlightened by the light of Christ. The Armenian Apostolic Holy Church was established through betrayal, bloodshed and holy relics. As a sign of faith and the vision of the Armenian Covenant to God, the first house of the Armenian faith, Holy Etchmiadzin, was erected. According to that vision, the sky opens, and the Only Begotten Son of God, accompanied by His fiery and light-armed armies, descends to the site of the city of Vagharshapat, strikes the shrine of the Santaramed with a hammer, and smashes it to pieces. Then the saint sees a temple of clouds and light standing in the place of the former shrine, built of pillars and arches.
Thus, on Araradian Saturday (June 16-21 this year), Monday is dedicated to the memory of the Virgin Hripsime; and on Sunday to the Catholicos of Holy Etchmiadzin.
Holy Etchmiadzin is filled with indescribable joy from the very first day of the week, filled with pilgrims from all over the world. In the churches of St. Hripsime, St. Kayane, St. Shoghagat and St. Etchmiadzin, according to the above-mentioned days, a Holy Liturgy is served and a ceremony of Antasdan is performed. To the delight of the faithful and the blessing of the Armenian land, the relics of St. Hripsime, St. Kayane and St. John the Baptist are taken out in the order of the above-mentioned feasts. So that every Christian armed with prayer and devoted to God will have the opportunity to approach and kiss the relics, taking with him the divine blessing and the hope of salvation from the relics.