NOR DZAGHIG CHOIR

NOR DZAGHIG CHOIR Sourp Hagop Armenian Church children's choir,Choir master Elo Harboyan,Pianist Talar Kaloghlian,Der Karnig Koyounian.

Ուրբաթ, Յունիս 14-ին՝Նոր Ծաղիկի անդամները արձակուրդի մեկնելէ առաջ, անգամ մը եւս հաւաքուեցան վերնատուն՝ հրաժեշտ տալու իրա...
07/12/2024

Ուրբաթ, Յունիս 14-ին՝

Նոր Ծաղիկի անդամները արձակուրդի մեկնելէ առաջ, անգամ մը եւս հաւաքուեցան վերնատուն՝ հրաժեշտ տալու իրարու, նաեւ շնորհաւորելու մեր այս տարուայ վկայեալ անդամները։

Կը շնորհաւորենք՝
- Մարիա Պաքուս եւ Նարէ Պէրպէրեան (Նախ․ 6-րդ)
- Գառնի Մարտիրոսեան եւ Նայիրի Ժուքաքէլեան (Երկր․ 5-րդ)

Նաեւ, գնահատանքի արժանացան՝
- Կալի Զաքարեան, Նայիրի Պէրպէրեան, Լենիա Եաղճեան, Օլիվիա Սուքիասեան, Լուքա Սալիզեան, Տարօն Զաքարեան, Սերժ Կէօֆկէօզեան, Ակսէլ Եսայեան:

Ապրի՛ք եւ բարի արձակուրդ բոլորին։

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԿիրակի, 24 Մարտին, Նոր Ծաղիկ երգչախումբը Սուրբ Պատարագը երգեց, խմբավարութեամբ՝ Տիկ․ Էլօ Հարպոյեանի, եւ երգեհոնի...
03/31/2024

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Կիրակի, 24 Մարտին, Նոր Ծաղիկ երգչախումբը Սուրբ Պատարագը երգեց, խմբավարութեամբ՝ Տիկ․ Էլօ Հարպոյեանի, եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ․ Դալար Քալլողլեանի։

Յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր ծնողներուն, որոնք ամէն Ուրբաթ բծախնդրօրէն կը հետեւին երգչախումբի փորձերուն, եւ իրենց ներդրումը կը բերեն։

Մասնաւոր շնորհակալութիւն ծնողներէն՝ Տիկ․ Լաուրա Պէրպէրեանին, Տիկ․ Լոռի Հարպոյեանի, իրենց բացառիկ ու յարատեւ աջակցութեան։
Նաեւ շնորհակալութիւն Տիկ․ Անի Եաղճեանի, որ պատրաստեց փոքրիկներուն Զատկական Չէօրէկները, եւ Պրն․ Արա Սուգիասեանին, որ նուիրեց Զատկական շոքոլաները։

Շնորհակալութիւն Նոր Ծաղիկի նախկին անդամներուն, եւ Սուրբ Յակոբի Արական խումբի երիտասարդներուն, որոնք միացան խումբին աւելի գեղեցկացնելով եւ ճոխացնելով Սուրբ Պատարագը։

« Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ,Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս » ⭐️✨🎄Նոր Ծաղիկ երգչախումբը կը շնորհաւորէ ձեր Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդ...
01/05/2024

« Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ,
Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս » ⭐️

✨🎄Նոր Ծաղիկ երգչախումբը կը շնորհաւորէ ձեր Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, մաղթելով բոլորին երաժշտութեամբ լի՝ ուրախ տարիներ։🎄✨

🎵🎵🎵ՎԵՐԱՄՈՒՏ՝ 22 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ, 2023🎵🎵🎵Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք Նոր Ծաղիկի վերամուտը Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբերին, Սուրբ Յակոբ ե...
08/28/2023

🎵🎵🎵ՎԵՐԱՄՈՒՏ՝ 22 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ, 2023🎵🎵🎵

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք Նոր Ծաղիկի վերամուտը Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբերին, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ վերնատան մէջ, ժամը 4։30-էն 6։00։

Տիկին Էլօն եւ տիկին Դալարը կարօտով կը սպասեն մեծ եւ փոքրիկ բոլոր անդամները՝ դարձեալ միասին երգելու Սուրբ Պատարագն ու խնամքով ընտրուած հայկական նուրբ երաժշտութիւն։

🎓Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր վկայեալ աշակերտները՝
🎓Կալի Զաքարեանը
🎓Լիլիթ Գազարեանը
🎓Նոյեմի Յակոբեանը
🎓Ռաֆայէլ Եսայեանը
մաղթելով իրենց բարձրագոյն վկայականներ։

🎶🥰Եկէք երգե՜նք։🥰🎶

Երգչախումբի փորձերը կը վերսկսինՈւրբաթ, 20 Յունուար, 2023-ին։Խմբավարութեամբ՝ Տիկ․ Էլօ Պտղունի-Հարպոյեանի։Դաշնամուր՝ Տիկ․ ...
01/11/2023

Երգչախումբի փորձերը կը վերսկսին
Ուրբաթ, 20 Յունուար, 2023-ին։
Խմբավարութեամբ՝ Տիկ․ Էլօ Պտղունի-Հարպոյեանի։
Դաշնամուր՝ Տիկ․ Դալար Հարպոյեան-Գալլօղլեան։

Ժամը 4-էն 4:30՝ հիւրասիրութիւն։
4:30-էն 6:00՝ երգեցողութիւն:

Պիտի ընդունինք նաեւ նոր անդամներ, 8 տարեկանէն սկսեալ։
Արձանագրութիւն՝ տեղւոյն վրայ։

Վայր՝ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Վերնատուն։

Ուրախութեամբ կը սպասենք ձեզ։

09/28/2020

Address

3401 Olivar-Asselin
Montreal, QC
H4J1L5

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when NOR DZAGHIG CHOIR posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Share