Holy Cross Armenian Church of Laval Սուրբ Խաչ Հայց. Եկեղեցի

  • Home
  • Canada
  • Laval, QC
  • Holy Cross Armenian Church of Laval Սուրբ Խաչ Հայց. Եկեղեցի

Holy Cross Armenian Church of Laval Սուրբ Խաչ Հայց. Եկեղեցի Լաւալի Սուրբ Խաչ Հայաստանյայց Առաքելական Եկեղեցի
Holy Cross Armenian Apostolic Church of Laval
L’église apostolique arménienne Sainte-Croix de Laval

04/27/2017
04/20/2017
04/20/2017
04/20/2017
04/20/2017
Աւագ Երեքշաբթի 11 Ապրիլ 2017 – Յիշատակ տասը կուսանաց: Շնորհակալութիւն եւ գնահատանք երեկոյեան ժամերգութեանը մասնակցած մեր...
04/20/2017

Աւագ Երեքշաբթի 11 Ապրիլ 2017 – Յիշատակ տասը կուսանաց:

Շնորհակալութիւն եւ գնահատանք երեկոյեան ժամերգութեանը մասնակցած մեր սիրասուն եւ իմաստուն աղջիկներուն` Ալլա Կարապետեանին, Նարին Գըլընճեանին, Արշօ Պոսթալեանին, Արին Պասմաճեանին, Անի Գալստեանին, Նաթալի Քասնակեանին, Ելէնա Մատինեանին, Մէլիսա Կէճագուշեանին, Դալար Աւետեանին եւ Աննա Ծովիկեանին եւ անոնց ծնողներուն իրենց քաջալերանքին համար: Աստուած օրհնէ ամէնքդ:

Holy Tuesday, April 11, 2017 - Commemoration the parable of the ten virgins.

Thanks, and appreciation to our loving and wise girls who took part in the evening service; Alla Karapetian, Narin Kilindjian, Arsho Bostalian, Arin Basmadjian, Ani Galstian, Nathalie Kasnakian, Elena Matinian, Melissa Gejakoushian, Talar Avedian & Anna Tsovikian, as well as their parents for their encouragement. God bless you all.

Լաւալի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Ծաղկազարդի հանդիսաւոր Ս. Պատարագը տեղի ունեցաւ Paroisse St-Martin Եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան պատարագի...
04/12/2017

Լաւալի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Ծաղկազարդի հանդիսաւոր Ս. Պատարագը տեղի ունեցաւ Paroisse St-Martin Եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան պատարագիչ էր Հոգեւոր Հովիը՝ Արժն. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան, իր կողքին ունենալով սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը սքանչելի կերպով կատարեց «Էջմիածին» դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ Դպրապետ Բրշն. Վահէ Սրկ. Փուչիկեանի: Ս. Պատարագին յաջորդեց Ծաղկազարդի թափօրը՝ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի եւ ներկայ երեխաներուն մասնակցութեամբ: Արարողութեան աւարտին Տէր Հայրը մէկ առ մէկ օրհնեց բոլոր երեխաները: Աստուած օրհնէ բոլորդ եւ Շնորհաւոր Ծաղկազարդ:

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնի առիթով, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի օրհնութեամբ...
04/03/2017

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնի առիթով, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի օրհնութեամբ Լաւալի Ս. Խաչ Եկեղեցին կազմակերպեց 12-օրեայ ուխտագնացութիւն դէպի Ս. Երուսաղէմ: 12 ուխտաւորներէ բաղկացած խումբը կ'առաջնորդէր Լաւալի Ս. Խաչ Հայց. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժն. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան:
Յունուար 16-ին՝ ուխտաւորները հասնելով Երուսաղէմ, երեկոյեան այցելեցին Հայոց Վանք եւ Պատրիարքարանի վեհաշուք դահլիճէն ներս, հանդիպում ունեցան Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Ամէնապատիւ Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանին հետ՝ ստանալով Պատրիարք Սրբազան Հօր օրհնութիւնը: Ջերմ ու սիրալիր հանդիպման ընթացքին, ուխտաւորներու հետաքրքիր հարցադրումներով զուգորդուած, Պատրիարք Հայրը ուխտաւորներուն խօսեցաւ Հայ Երուսաղէմի եւ սրբատեղեաց Հայոց դարաւոր իրաւունքներուն, Ս. Երկրէն ներս Պատրիարքութեան կարեւոր դէրին եւ նշանակութեան մասին:
Յաջորդ օրը՝ Յունուար 17-ին խումբը մեկնեցաւ Գէթսէմանիի պարտեզ, ուր Սբ. Աստուածամօր Տաճարին մէջ, ուխտի Սբ. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Կոյսի գերեզմանին վրայ: Պատարագիչն էր՝ Արժն. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան: Սբ. Պատարագէն ետք ուխտաւորները այցելեցին Գեթսէմանիի Հայոց պարտեզ, ուր հիւրասիրուելէ յետոյ բռնեցին Խաչի ճանապարհը ու մտնալով հին քաղաք՝ Երուսաղէմ, աղօթքներով, շարականներու երգեցողութեամբ, Ս. Գրային համապատասխան ընթերցանութեամբ եւ բովանդակալից բացատրութիւններով, քայլ առ քայլ անցան Խաչի ճանապարհի բոլոր կայաններով, որոնցմով անցած է մեր Տէրը՝ Քրիստոս հասնելով մինչեւ Գողգոթայ: Խաչի ճանապարհը վերջ գտաւ Սբ. Յարութեան Տաճարին մէջ: Տաճարին մէջ ուխտաւորները մեծ երկիւղածութեամբ ու հաւատքով իրենց աղօթքն ու ուխտը կատարեցին Գողգոթայի բարձունքին, Տիրոջ Ս. Գերեզմանին եւ այլ տնօրինական սրբատեղեաց մէջ, որոնք կը գտնուին Սբ. Յարութեան Տաճարէն ներս:
Երուսաղէմի մէջ Հայոց Սբ. Ծնունդը կը տօնախմբուի համաձայն հին տոմարի՝ Յունուար 18 եւ 19-ին: Հետեւաբար յիշեալ օրը, խումբը, Հայոց Պատրիարքութեան Զինուորեալ Միաբանութեան, ժառանգաւոր սաներուն եւ ուխտաւոր ժողովուրդին հետ միասին մեկնեցաւ Բեթղեհէմ, կատարելու համար մեր Տիրոջ եւ Փրկչի՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սբ. Ծննդեան տօնը: Դէպի Բեթղեհէմ ճանապարհն անցաւ հրէայ եւ պաղեստինեան հեծեալ զինուորներուն ուղեկցութեամբ, կարճ դադար մը առնելով ճանապարհի կիսուն գտնուող հունական Սբ. Եղիայ վանքին առջեւ: Բեթղեհէմի Ծննդեան հրապարակի մուտքին, Ուխտաւոր հոծ բազմութիւնը, հայկական սկաուտական խումբեր եւ ժառանգաւոր սաներ դիմաւորեցին Հայոց Պատրիարքի շքախումբը, որուն մաս կը կազմէին հոգեւորականաց դասը, Պաղեստինեան կառավարութեան պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ովքեր Միաբանութեան հետ միասին պաշտօնապէս մուտք գործեցին Սբ. Ծննդեան Տաճար: Այս պաշտօնական մուտքէն ետք ուխտաւորներուն խումբը առաջնորդութեամբ՝ Տէր Կոմիտասի, այցելեցին Կաթի Քարայր լատինաց Եկեղեցին: Այս սրբավայրը կ'առնչուի նորածին Մանուկ Յիսուսի դէպի Եգիպտոս փախուստին, երբ Մարիամ փախուստի ճանապարհին կերակրած է իր Մանկանը: Նոյն օրը խումբը այցեցեց նաեւ Բեթղեհէմէն ոչ հեռու գտնուող Հովուաց դաշտ, ուր հրեշտակները հովիւներուն աւետեցին Յիսուսի ծննդեան աւետիսը: Այցելութիւններէն յետոյ խումբը վերադարձաւ Սբ. Ծննդեան Տաճար եւ մասնակցեցաւ Սբ. Ծննդեան հոգենորոգ արարողութիւններուն:
Հինգշաբթի, Յունուար 19-ի առաւօտ կանուխ, ուխտաւորները ներկայ գտնուեցան Սբց. Յակոբեանց Մայր Տաճարի մէջ մատուցուած Սբ. Պատարագին եւ Ջրօրհնեաց արարողութեանը, որմէ ետք շարունակեցին այցելութիւնները դէպի Հայոց Սբ. Փրկիչ վանք, Վերնատուն՝ ուր Յիսուս ունեցաւ Իր վերջին ընթրիքը աշակերտներուն հետ, Դաւիթ մարգարէի գերեզման, Պետրոսի ուրացման Եկեղեցի, Հայոց Սբց. Հրաշտակապետաց վանք, Թարգմանչաց վարժարան եւ Կիւլպէնկեան մատենադարան:
Յաջորդ օրը՝ Յունուար 20-ին, ուխտաւորները այցելեցին Երուսաղէմի շուրջը գտնուող սրբավայրերը՝ Համբարձման լեռան ստորոտը գտնուող Բոլոր Ազգաց Եկեղեցի, Մարի Մագդաղենացիի Եկեղեցի, արտասման եկեղեցի - Dominus Flevit - ուր Քրիստոաս լացաւ Երուսաղէմի վրայ, Տիրոջ Համբարձման սրբավայր եւ Հայր Մեր-ի եկեղեցի, որուն պատերուն վրայ կարելի է գտնել 120-է աւելի լեզուներով Տէրունական աղօթքը, որոնց շարքին նաեւ հայերենով:
Շաբաթ՝ Յունուար 21-ին, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարի Սբ. Գլխադիր մատրան մէջ մատուցուեցաւ սբ. եւ անմահ Պատարագ ի ներկայութեան Սբ. Ծննդեան տօներուն առիթով ժամանած բոլոր ուխտաւորներուն: Օրուան ուխտի պատարագը կը մատուցեր Արժն. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան: Սբ. Պատարագի աւարտին բոլոր ուխտաւորներուն խնդրանքով կատարուեցաւ մասնաւոր Հոգեհանգստեան պաշտօն իրենց ննջեցեալներուն հոգիներուն ի հանգիստ: Արարողութենէն յետոյ ուխտաւորները այցելեցին Սբ. Թորոս ձեռագրատուն, ուր մեծ խնամքով եւ ապահով կը պահուին 4000 հզ. հատոր անգին ձեռագիր մատեաններ: Հայաստանի Ազգային Մատենադարանէն յետոյ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ձեռագրաց հաւաքածոն կը նկատուի աշխարհի երկրորդ մեծագոյն հաւաքածոն: Աւարտելով Ս. Թորոս այցելութիւնը, ուխտաւորները ուղեւորուեցան դէպի Յոպպէի Սբ. Նիկողայոս Հայոց Վանք, որը կը գտնուի անմիջապէս Միջերկրականի ափին: Ս. Նիկողայոսի Հայոց վանքը հիմնուած է 17-րդ դարի վերջին, որպէս հիւրատուն՝ նաւերով եկող ուխտաւորներուն համար: 1799 թ. Յոպպէ քաղաքը գրաւուելէ յետոյ, վանքը նաեւ ծառայած է իբրեւ հիւանդանոց՝ Նապալէոնի բանակի զինուորներուն համար: Ուխտաւորներուն խումբը հաճելի օր մը անցնելով Միջերկրականի ափին, երեկոյան Սբ. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ Տ. Կոմիտասի առաջնորդութեամբ կատարեցին Հսկման հոգեպարար արարողութիւն եւ ապա բաժնուեցան դէպի Երուսաղէմ:
Կիրակի, Յունուար 22-ին ուխտաւորներուն խումբը մեկնեցաւ դէպի Յորդանան գետ: Ճանապարհի առաջին կանգառը՝ աւետարանին մէջ յիշուած Բարի Սամարացիին պանդոկն էր, ուր բաւականաչափ տեղեկութիւններ ստանալով, մեկնեցան դէպի Յորդանան գետ՝ միանալու Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութանը, որ ի յիշատակ Տիրոջ Սբ. Մկրտութեան, եկած էին կատարելու Ջրօրհնէքի հոգեզմայլ արարողութիւն Յորդանանի ջուրերուն մէջ՝ այն վայրը ուր կը կարծուի թէ Քրիստոս մկրտուած է Յովհաննէս Մկրտչի ձեռամբ: Արարողութեան նախագահեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Ամէնապատիւ Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան: Յորդանան գետէն, խումբը մեկնեցաւ դէպի Երիքով՝ Փորձութեան լեռ, ճանապարհին կանգ առնելով Զակքէոսի ծառին մօտ: Ճանապարհին այցելեցին նաեւ Քումրան հնագիտական վայր, ուր 1940-ական թուականներուն պէտուին հովիւներու կողմէ հսկայ կարասներու մէջէն գտնուեցան Աստուածաշնչական հնագոյն ձեռագրեր: Քումրանի մէջ ճաշելէ ետք խումբը մեկնեցաւ Մեռեալ ծով, որը կը համարուի աշխարհի ամէնէն ցածր կետը (ծովի մակարդակէն 425մ. ցած) ինչպէս նաեւ ունի աշխարհի ամէնէն աղի ջուրը եւ օրուան մնացեալ մասը, խումբին անդամները վայելեցին Մեռեալ ծովի առողջարար ջուրն ու գեղատեսիլ շրջապատը:
Երկուշաբթի, Յունուար 23-ին, առաւօտ կանուխ, խումբը մեկնեցաւ դէպի երկրի հիւսիսակողմը գտնուող ծովեզերեայ Հայֆա քաղաք՝ ճանապարհին կանգ առնելով Կեսարիա, Քարմէլ լեռ, Պահայի կրօնքին պատկանող մեծագոյն սրբատեղին եւ պարսկական գեղատեսիլ պարտեզներ: Նոյն օրը ուղղեւորուեցան Հայֆայի Հայոց Սբ. Եղիայ վանք, ուր դիմաւորուեցան Հոգեւոր Հովիւի կողմէ: Կարճ հանգիստէ եւ աղօթքէ յետոյ խումբը մեկնեցաւ դէպի Գալիլիա: Այդ օրը ուխտաւորները գիշերեցին Գալիլիոյ մէջ:
Յաջորդ օրը՝ Յունուար 24-ին առաւօտեան նախաճաշէն ետք, ուխտաւորները ուղղուեցան դէպի Թաբոր լեռ՝ այցելելով լեռան բարձունքին գտնուող ֆրանչիսկեան միաբանութեան պատկանող Տիրոջ Պայծառակերպութեան սրբավայր: Այնտեղէն մեկնեցան դէպի Նազարէթ՝ այցելելով Աստուածամօր Աւետման եկեղեցի, Հայր Յովսեփի եկեղեցի, Սինակոկ Եկեղեցի եւ Մարիամի ջրհոր: Դէպի հիւրանոց վերադարձի ճանապարհին, ուխտաւորները այցելեցին Գալիլիայի Կանա քաղաղի այն սրբավայրը, ուր Քրիստոս՝ մեր Տէրը կատարեց Իր առաջին հրաշքը՝ ջուրը գինիի փոխելով: Այդ օրը եւս ուխտաւորները գիշերեցին Գալիլիոյ մէջ:
Չորեքշաբթի՝ Յունուար 25-ին, ուխտաւորները շրջայց կատարեցին Գալիլիոյ լճի շուրջ գտնուող սրբավայրերը, մասնաւորաբար այցելելով՝ Երանիներու սրբավայր՝ ուր Քրիստոս իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն ուսուցանեց «9 երանիները», Տապղա՝ ուր Քրիստոս կատարեց հացի բազմացման իր երկու հրաշքները, ինչպէս նաեւ Սբ. Պետրոսի Եկեղեցի, Կափառնայում՝ հունաց Սբց. Առաքելոց Եկեկեցի: Բոլոր սրբավայրերուն այցելութիւններուն ընթացքին Տ. Կոմիտասի կողմէ կը տրուեր բացատրութիւններ, աւետարանական ընթերցումներ ու աղօթք: Նոյն օրը՝ յետ միջօրէի, խումբը նաւապտոյտ մը ունեցաւ Գալիլիոյ լճին վրայ, ապա ճաշի դադար մը առնելով եւ համտեսելով Սբ. Պետրոսի յայտնի ձուկը: Երեկոյեան խումբը վերադարձաւ Երուսաղէմ՝ ճանապարհին այցելելով Սողոմոնի տաճարի մնացորդաց «Լացի Պատ» կամ Արեւմտեան պատ, որն առ այսօր կը նկատուի որպէս հրէաներուն մեծագոյն սրբավայր:
Հինգշաբթի՝ Յունուար 26-ի առաւօտեան, ուխտաւորները ընկերակցելով Միաբանութեանը, պաշտօնական մուտք ունեցան Սբ. Յարութեան Տաճար՝ նշելու համար Անուանակոչութեան տօնը: Համաձայն եկեղեցական տօնացոյցի, մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Սբ. Ծնունդէն 7 օրեր յետոյ կը յիշատակուի Անուանակոչութեան տօնը: Այս առիթով հայերը Երուսաղէմի մէջ, մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ կը կատարեն յիշեալ տօնը՝ հանդիսաւոր Սբ. Պատարագ մատուցելով Տիրոջ Սբ. Գերեզմանի վրայ: Օրուան հանդիսաւոր արարողութենէն յետոյ, դարձեալ Միաբանութեան հետ, ուխտաւորները վերադարձան Հայոց Պատրիարքարան, ուր Պատրիարք Սրբազան Հօր հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Սբ. Աթոռի աւանդական Տնօրհնէքը: Աւարտին ուխտաւոր ժողովուրդը ստացաւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութիւններն ու մէկական նարինջ: Օրուան մնացեալ մասը յատկացուած էր ազատ ժամանակի: Ամփոփելով հոգենորոգ եւ անմոռանալի ուխտագնացութեան պահերը եւ դարձեալ այցելելու փափաքով՝ խումբը պատրաստուեցաւ յաջորդ օրուան տուն վերադարձին:
«Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փառք, խաղաղութիւն երկրի վրայ
եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղուկ. 2։14)։

03/11/2017

On March 8, 2017, His Grace Bishop Vrtanes Abrahamyan, Head Chaplain of the Armenian Armed Forces, accompanied by Rev. Archpriest Fr. Zareh Zargarian, Vicar of the Armenian Diocese of Canada, Parish Priest of Holy Trinity Armenian Church of Toronto, and Levon Isakhanyan, Diocesan Chancellor, visited the Canadian Forces Chaplain School and Centre (CFChSC) in Borden, Ontario.
On March 1-11, 2017, His Grace Bishop Vrtanes Abrahamyan, Head Chaplain of the Armenian Armed Forces, is paying an official visit to Canada on invitation of the Chaplain General of the Canadian Armed Forces, and in collaboration with the Armenian Diocese of Canada, to promote mutual learning about the respective chaplaincies and discuss ways to promote collaboration between the chaplains of Canada and Armenia.

Address

4464 Boulevard Saint-Martin Ouest
Laval, QC
H7T2Y2

Opening Hours

Monday 9am - 4pm
Tuesday 9am - 4pm
Wednesday 9am - 4pm
Thursday 9am - 4pm
Friday 9am - 4pm
Saturday 9am - 4pm
Sunday 9am - 4pm

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Holy Cross Armenian Church of Laval Սուրբ Խաչ Հայց. Եկեղեցի posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Share