Armenian Evangelical Church of Cambridge

Armenian Evangelical Church of Cambridge The Armenian Evangelical Church meets in St. Luke's United Church, Cambridge

Our 16th Annual Charity Golf Tournament is coming up on Thursday, June 25, 2026. We have a few spots left. Register toda...
06/16/2026

Our 16th Annual Charity Golf Tournament is coming up on Thursday, June 25, 2026. We have a few spots left. Register today!

Revelation 21:4“And God shall wipe away all tears from their eyes; and there shall be no more death, neither sorrow, nor...
05/06/2026

Revelation 21:4
“And God shall wipe away all tears from their eyes; and there shall be no more death, neither sorrow, nor crying, neither shall there be any more pain: for the former things are passed away.”

Սրտի խոր ցաւով կը գուժենք մահը Մարինա Կարապետեանի որ տեղի ունեցաւ, Երկուշաբթի 4 Մայիս, 2026-ին, եւ խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանիքին:
Թող Սուրբ Հոգին, մխիթարէ Կարապետեան, Քահգէճեան Գերդաստանը և բոլոր հարազատները։

Գէմպրիճի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ եւ Հոգաբարձութիւն։
--
With profound sorrow, we announce the passing of Marina Garabetian, a beloved member of our church community, on May 4, 2026. Our thoughts and prayers are with her husband, children, parents, and all her family members during this difficult time. May they find comfort, peace, and strength in the Lord’s loving embrace.

It is important to look past the traditions of the world and remember what Easter is really about, that is that Christ w...
04/05/2026

It is important to look past the traditions of the world and remember what Easter is really about, that is that Christ was crucified for each and every one of our sins, paying the price in full. Yet, he triumphed over death, and rose from the grave! He who can conquer death holds the authority to grant eternal life. Alleluia, Amen.

1 Peter 1:3

Blessed be the God and Father of our Lord Jesus Christ! According to his great mercy, he has caused us to be born again to a living hope through the resurrection of Jesus Christ from the dead

Շատ կարեւոր պահ մը այս աշխարհի աւանդութիւններէն անդին նայինք եւ անդրադառնանք Զատկուան իրաւ իմաստը։ Այն է՝ որ Քրիստոս մեր փոխարէն խաչուեցաւ ու մեր մեղքերուն համար գինը ամբողջութեամբ վճարեց։ Սակայն, Յարութիւն առնելով գերեզմանէն, յաղթեց մահուան։ Ան՝ որ կրնայ յաղթել մահուան, նաեւ կարող է եւ կ՜իշխէ մարդոց փրկելու յաւիտենական կեանք տալով ։ Ալէլուիա, Ամէն։

Ա. Պետրոսի 1:3

Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը

03/22/2026
𝑾𝒆𝒍𝒍 𝒅𝒐𝒏𝒆, 𝒈𝒐𝒐𝒅 𝒂𝒏𝒅 𝒇𝒂𝒊𝒕𝒉𝒇𝒖𝒍 𝒔𝒆𝒓𝒗𝒂𝒏𝒕! 𝒀𝒐𝒖 𝒉𝒂𝒗𝒆 𝒃𝒆𝒆𝒏 𝒇𝒂𝒊𝒕𝒉𝒇𝒖𝒍 𝒘𝒊𝒕𝒉 𝒂 𝒇𝒆𝒘 𝒕𝒉𝒊𝒏𝒈𝒔; 𝑰 𝒘𝒊𝒍𝒍 𝒑𝒖𝒕 𝒚𝒐𝒖 𝒊𝒏 𝒄𝒉𝒂𝒓𝒈𝒆 𝒐𝒇 𝒎𝒂𝒏𝒚 𝒕𝒉𝒊𝒏𝒈𝒔....
01/27/2026

𝑾𝒆𝒍𝒍 𝒅𝒐𝒏𝒆, 𝒈𝒐𝒐𝒅 𝒂𝒏𝒅 𝒇𝒂𝒊𝒕𝒉𝒇𝒖𝒍 𝒔𝒆𝒓𝒗𝒂𝒏𝒕! 𝒀𝒐𝒖 𝒉𝒂𝒗𝒆 𝒃𝒆𝒆𝒏 𝒇𝒂𝒊𝒕𝒉𝒇𝒖𝒍 𝒘𝒊𝒕𝒉 𝒂 𝒇𝒆𝒘 𝒕𝒉𝒊𝒏𝒈𝒔; 𝑰 𝒘𝒊𝒍𝒍 𝒑𝒖𝒕 𝒚𝒐𝒖 𝒊𝒏 𝒄𝒉𝒂𝒓𝒈𝒆 𝒐𝒇 𝒎𝒂𝒏𝒚 𝒕𝒉𝒊𝒏𝒈𝒔. 𝑪𝒐𝒎𝒆 𝒂𝒏𝒅 𝒔𝒉𝒂𝒓𝒆 𝒚𝒐𝒖𝒓 𝒎𝒂𝒔𝒕𝒆𝒓’𝒔 𝒉𝒂𝒑𝒑𝒊𝒏𝒆𝒔𝒔! Matthew 25:21

♰ ՄԱՀԱԶԴ ♰

«Մատի՛ք առ Տէր եւ առէ՛ք զլոյս»

ԹՈՐՈՆԹՕ – Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը, ԱՄՆ-ի ու Գանատայի « Տիրամայր Նարեկի » Հայ Կաթողիկէ Թեմը, եւ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը խոր կսկիծով կը գուժեն վախճանումը՝ Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հ. Կ. եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Հ. Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանին, որ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, իր հոգին աւանդեց առ Հայր, Երկուշաբթի 26 Յունուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5:05-ին համանուն Եկեղեցւոյ Քահանայատան մէջ։

Նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Աաջնորդ` Արհի. Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի կատարուելիք յուղարկաւորութեան արարողութեան մանրամասնութիւնները պիտի հաղորդուին յառաջիկայ օրերուն։

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած՝ յաւիտենական հանգիստ հայցելով հոգելոյս Գերյարգելի Հօր հոգւոյն համար։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

Թորոնթօ, 26 Յունուար 2026



♰ OBITUARY ♰

“Approach the Lord and receive the light”

TORONTO – His Beatitude Raphael Bedros XXI Minassian, Catholicos Patriarch of the Armenian Catholic Holy See of Cilicia, the Patriarchal Congregation of Bzommar, the Armenian Catholic Eparchy of Our Lady of Nareg in the United States and Canada, and the community of St. Gregory the Illuminator Armenian Catholic Church of Toronto, with deep sorrow, announce the passing of the founding pastor, Very Rev. Fr. Elias (Yeghia) Kirijian. Following a long battle against cancer, he commended his soul to the Father on Monday, January 26, 2026 at 5:05pm, in the Rectory of St. Gregory the Illuminator Armenian Catholic Church in Toronto.

Details of Liturgical arrangements including the Sacerdotal Funeral Rite will be announced in the coming days, under the auspices of His Excellency Bishop Mikael Mouradian, Eparch of the Armenian Catholic Eparchy of Our Lady of Nareg in the United States and Canada.

We raise our prayers to God, asking for eternal rest for the soul of Very Reverend Father Elias. May the memory of the righteous be blessed.

Toronto, January 26, 2026

10/29/2025

Խոր ցաւով եւ վշտով կը յայտնենք պարոն Միհրան Ճիզմէճեանի մահը՝ աստուածավախ եւ նուիրեալ քրիստոնեայի մը, որ վաթսունամեայ իր անխոնջ ծառայութեամբ բարենպաստ եւ մնայուն ազդեցութիւն թողուց բազմաթիւ կեանքերու վրայ՝ կրթական, եկեղեցական եւ բարեսիրական ոլորտներու մէջ, Հալէպի, Կիպրոսի, Լիբանանի եւ Թորոնթոյի մէջ իր բացառիկ առաջնորդութեամբ։

1976 թուականէն ի վեր, պարոն Ճիզմէճեան անսակարկ հաւատարմութեամբ եւ նուիրումով ծառայեց Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ (AEC of Toronto) մէջ՝ կատարելով բազմաթիւ առաջնորդական եւ պատասխանատու պաշտօններ։ Ան միեւնոյն ժամանակ եղած է Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAC) հիմնադիր անդամներէն մէկը, ուր նաեւ երկար տարիներ իր նուիրեալ եւ յանձնառու ծառայութեամբ վարած է ընկերկցութեան նախագահութեան պաշտօնը։

Փոխան ծաղկեպսակներու, ընտանիքը յարգանքով կը խնդրէ որ նուիրատուութիւններ կատարուին՝ ուղղուած՝
🌿 AMAC – www.amacnews.org
կամ
🌿 AEC of Toronto – www.aectoronto.com/donate

09/13/2025
09/10/2025

«Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն» ձեռնարկին Այնճարէն յատկապէս հրաւիրուած է վեր. Յակոբ Ագպաշարեանը
զրոյը վարեց Քաթիա Տէր Յովակիմեանը

Կազմակերպութեամբ Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (Armenian Missionary Association of Canada), շաբաթ, 13 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն»-ը, Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:

Ձեռնարկին պատգամաբերն է Լիբանանէն յատկապէս հրաւիրուած՝ Այնճարի հայ աւետարանական վարժարանի տնօրէն ու Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ վեր. Յակոբ Ագպաշարեանը։ Ան պիտի խօսի Լիբանանի մէջ գործող hայկական դպրոցներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յաջողութիւններուն մասին։

«Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն» ձեռնարկին մասին աւելի մանրամասնութիւններ իմանալու միտումով՝ կը զրուցենք Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ՝ տոքթ. Անի Հասըրճեանին հետ:
Այս զրոյցը տեղի ունեցաւ «Նոր հայ հորիզոն»-ի եթերով. տեսերիզին յղումը՝ մեկնաբանութիւններուն մէջ:

***

Քաթիա Տէր Յովակիմեան- 2024 տարեշրջանին Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (Armenian Missionary Association of Canada) կազմակերպած «Միասին արցախահայութեան կողքին» եւ «Միասին լիբանանահայութեան կողքին» զոյգ հանգանակային միջոցառումները տեղի ունեցան Թորոնթոյի եւ Մոնթրէալի մէջ։ Կ՚իմանանք, որ AMAC-ն դարձեալ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, ու այս անգամ պիտի հիւրընկալուի Այնճարի հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին տնօրէնը: Կարելի՞ է Այնճարի այդ վարժարանին եւ գիշերօթիկ բաժնին մասին տեղեկութիւններ փոխանցել։

Անի Հասըրճեան- Սիրով եւ մեծ հաճոյքով։ Նախ որպէս Այնճարի հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտ եւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ, բոլոր ընկերներուս անունով՝ կը փափաքիմ երախտագիտութիւն յայտնել «Նոր հայ հորիզոն» հեռատեսիլին եւ «Թորոնթոհայ» ամսագիրի անձնակազմերուն, որոնք միշտ պատրաստ են քաջալերելու ընկերակցութեան գործունէութիւնը:

Անցնելով ձեր հարցումին, կարճ պատմական ակնարկով մը հետեւեալը կարելի է ըսել․ երբ 1939 թուականին Մուսա Լեռան ժողովուրդը՝ իր ետին թողած տուն, ստացուածք եւ ամէն բան, իբրեւ գաղթական, անտուն հասաւ Այնճար, Լիբանան, Ֆրանսական պետութեան օժանդակութեամբ, ղեկավարներուն առաջնահերթ մտահոգութիւնն էր կառուցել եկեղեցի եւ դպրոց։

Եւ այսպէս, 1942-ին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողքին կը հիմնուի Այնճարի հայ աւետարանական վարժարանը, հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու մատղաշ սերունդին։ 1947-ին, իբրեւ կարեւոր ծրագիր, դպրոցին կողքին կը բացուի գիշերօթիկի բաժանմունքը, ոչ միայն ուսում տալու, այլ հեռաւոր կամ աղքատ ընտանիքներէ եկած, ոչ միշտ, բայց ընդհանրապէս որբ կամ կարիքաւոր երեխաներուն հոգ տանելու եւ ապահով հանրակացարան մը ընծայելու համար։

Եւ այսպէս մօտաւորապէս ութսուն տարիներէ ի վեր՝ շնորհիւ գերմանական «Հիլֆսպունտ» ընկերակցութեան նուիրեալ միսիոնարներու, ինչպէս քոյր Հետուիկի, քոյր Մարիի, քոյր Հաննայի, Շուեսթըր Հաննայի, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներու եւ երէցկիներու նաեւ շատերու ջանքերուն, գիշերօթիկը եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ երկրորդ տուն, ուր ուսուցիչները եւ խնամակալները կը ջանան ոչ միայն դասեր սորվեցնել, այլեւ անոնք մայրական եւ հայրական սէր կը փոխանցեն, որպէսզի երեխաները որբ եւ անտէր չզգան։
Տարիներու ընթացքին, գիշերօթիկը հազարաւոր պատանիներու տուած է կեանքի նոր հորիզոն: Շատեր բարձր ուսում ստանալով եղած են բժիշկներ, ճարտարապետներ, հոգեւորականներ եւ ազգային ծառայութեան նուիրուած անհատներ։

Մինչեւ օրս անոնցմէ շատեր կը շարունակեն հարազատ քոյրերու եւ եղբայրներու նման, սերտ յարաբերութիւններով կապ պահել իրարու հետ, որովհետեւ գիշերօթիկը կը մնայ բոլորին հոգիին մէջ այն յիշատակով եւ ուր առաջին անգամ իրենք զգացած են ընտանեկան ջերմութիւն:

Սակայն Գիշերօթիկը միայն «շէնք» մը չէ այլ վայր մըն է, ուր կը շարունակուի կերտուիլ ապագայ սերունդներ՝ պատսպարելով հայ պատանին առանց համայնքային խտրութեան: Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը 1956-էն ի վեր ունեցած է կրթական բոլոր բաժանմունքները՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական։

Ներկայիս սփիւռքի միակ վարժարանն է, ուր բնակարանային հոգածութիւն եւ ուսում կը ստանան կարիքաւոր աշակերտները։ Վարժարանի առաքելութիւններէն են՝ ապահով միջավայր տրամադրել բոլոր անոնց, որոնք կարիք ունին ընկերային եւ հոգեբանական օգնութեան, ակադեմական բարձր մակարդակով կրթութիւն տալ, աշակերտները հայեցի եւ քրիստոնէական արժէքներով դաստիարակել:

Տէր Յովակիմեան- «Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն» ձեռնարկի նպատակին, բնոյթին եւ յայտագրի կապակցութեամբ ի՞նչ կրնայ սպասել հանդիսատեսը։

Անի Հասըրճեան- «Կրթութեան եւ անձնական զարգացման տօնախմբութիւն»-ը կազմակերպուած է Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կողմէ։ Ինչպէս յաճախ, այս մէկն ալ բարեսիրական հանգանակային միջոցառում մըն է, օժանդակելու համար Լիբանանի հայկական վարժարաններուն։

Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAA)-ը 1918-էն ի վեր եւ Գանատայի ընկերակցութիւնը (AMAC) 1984-էն ի վեր նուիրուած են որակաւոր եւ բարձրագոյն կրթութեան ջահակիրներ ըլլալու բոլոր հայկական գաղութներուն մէջ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելք, Հայաստան ու Արցախ։

Ամենէն ցայտուն օրինակը սփիւռքի միակ հայկական համալսարանը՝ Հայկազեան համալսարանն է, որ կը վայելէ Հայ աւետարանական համայնքի եւ Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հովանաւորութիւնը։

Ինչպէս յիշուեցաւ, այս ձեռնարկին համար յատկապէս Լիբանանէն հրաւիրուած է որպէս պատգամաբեր՝ Այնճարի հայ աւետարանական վարժարանի տնօրէն ու Այնճարի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ վեր. Յակոբ Ագպաշարեանը։ Ան պիտի խօսի Լիբանանի մէջ գործող հայկական դպրոցներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յաջողութիւններուն մասին։

Դպրոցին գիշերօթիկի բաժնին մէջ մասնաւորաբար վերջերս հոգեբուժական աջակցութիւն կը տրուի որոշ ուսանողներու, որոնց մտային առողջութիւնը խաթարուած է զանազան ընկերային եւ տնտեսական վերիվայրումներու պատճառով։ Անոնցմէ շատեր կը պայքարին վախի եւ ինքնավստահութեան պակասի դէմ։

Նոր կեդրոն մը հաստատուած է «Բուժման նաւահանգիստ» (Healing Harbour) անունով, ուր շուտով հոգեբուժական առաքելութիւնը պիտի ընդարձակուի՝ տրամադրելու մասնագիտական դարմանումներ (professional therapy), խմբային խորհրդատուութիւն (group counseling) եւ այլն։

Գանատայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը պատրաստակամ է եւ ճիգ չի խնայեր «Բուժման նաւահանգիստ»-ի առաքելութեան օժանդակելու, որպէսզի մանուկներն ու պատանիները կարենան յաղթահարել ներքին խոչընդոտները եւ Աստուծոյ շնորհած պարգեւները յայտնաբերեն ու զարգանալով ըլլան յաջողակ չափահասներ կեանքի ասպարէզին մէջ։ Ձեռնարկի ընթացքին լսատեսողական ներկայացումով եւ տեսերիզներու ընդմէջէն մանրամասնութիւններու պիտի ծանօթանայ հանդիսատեսը։ Յայտագրին մէջ կայ զանազան անակնկալներով գեղարուեստական բաժին մը, ուր ոգեշնչող երաժշտական կատարումներով ելոյթ պիտի ունենան գանատահայ տաղանդաւոր երաժիշտներ։

Տէր Յովակիմեան- Ինչպէ՞ս կարելի է տոմս ապահովել: Ե՞րբ եւ ո՞ւր տեղի պիտի ունենայ այս ձեռնարկը։

Հասըրճեան- Ուրախութեամբ յայտնեմ, թէ տօնախմբութեան մուտքը ազատ է, այսինքն՝ ձրիաբար բաց է բոլորին համար անխտիր։ Ուրեմն՝ տոմսեր չեն վաճառուիր եւ տոմս ապահովելու հարկ չկայ։ Միջոցառումը տեղի կ՚ունենայ շաբաթ, 13 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Թորոնթոյի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ եւ կիրակի, 14 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին, Մոնթրէալի հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ մէջ:
Պիտի խնդրէի՝ անոնք, որոնք կը ճանչնան Այնճարի հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը, մասնաւորաբար գիշերօթիկի բաժինը յաճախած անցեալի աշակերտներ, ըլլան շրջանաւարտ կամ ոչ, թող բարեհաճին անպայման անոնց տեղեակ պահել այս տօնախմբութիւններու կապակցութեամբ։

Յայտարարութիւնները կարելի է տեսնել AMAC-ի ընկերային ցանցերուն վրայ, Facebook, Instagram, ինչպէս նաեւ ARMENOPOLE Global Calendar of Armenian Events-ի կայքէջի վրայ, ուր նուիրատուութեան մանրամասնութիւններն ալ կարելի է գտնել։
Շնորհակալութիւններ եւ կը յուսանք տեսնուիլ ձեռնարկին:

Address

1620 Franklin Boulevard
Cambridge, ON
N3C1P2

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Armenian Evangelical Church of Cambridge posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Share