23/08/2026
ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԸ ՅԻՇԱՏԱԿԵՑ ՔԱՂԱՔԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԸ
Դալար Մարտիրոսեան-Սիմոնեան
Գամիշլիի հիմնադրութեան հարիւրամեակը սոսկ ժամանակագրական յոբելեան մը չէ, այլ՝ Ճեզիրէի սրտին մէջ խաղաղ գոյակցութեան, ազգային ու կրօնական տարբեր բաղադրիչներու փոխադարձ յարգանքի եւ մշակութային բազմազանութեան մէկդարեայ պատմութեան կարեւոր հանգրուան մը։ Այս պատմական ընթացքին մէջ հայութիւնը ունեցած է հիմնարար եւ անփոխարինելի դերակատարութիւն։
Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիները հաստատուելով Գամիշլի, եղան քաղաքի հիմնադիր սիւներուն մէկ մասը։ Անոնք իրենց հետ բերին արհեստի, առեւտուրի, կրթութեան, մշակոյթի եւ հասարակական կեանքի կազմակերպման հարուստ փորձառութիւն։ Իրենց աշխատանքով ու նուիրումով նշանակալի ներդրում ունեցան քաղաքի տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ հասարակական կեանքի ձեւաւորման մէջ՝ իրենց դրոշմը դնելով Գամիշլիի ինքնութեան եւ զարգացման ընթացքին վրայ։
Այսօր, հիմնադրութենէն հարիւր տարի ետք, հայ համայնքը կը շարունակէ մնալ շրջանի բազմազան բաղադրիչներու միասնականութեան, խաղաղ գոյակցութեան եւ պատմական ժառանգութեան հաւատարիմ պահապանը։
Այս ոգիով, Հինգշաբթի, 20 Օգոստոս 2026-ի երեկոյեան, Գամիշլիի քաղաքապետարանին հովանաւորութեամբ, «Ազատի» զբօսայգիին մէջ մեծ շուքով յիշատակուեցաւ քաղաքի հիմնադրութեան 100-ամեակը։
Յոբելենական հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի հասարակական, զինուորական, ապահովական եւ քաղաքական տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ քաղաքի ազգային եւ համայնքային տարբեր բաղադրիչներ։
Հանդիսութեան ներկայ էին Հասիչէի փոխնահանգապետ Ահմետ Հիլալի, Հասիչէ նահանգի Ներքին Ապահովութեան Ուժերու հրամանատար զօրավար Մրուան ալ-Ալի, Սուրիոյ ժողովրդավարական Ուժերու (Քասատ) ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի, Գամիշլիի քաղաքապետ Ճիհան Հասան, մշակութային գրասենեակի փոխտնօրէն Ապտուլ Հաֆիզ Քալէշ, ինչպէս նաեւ Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու Նախարարութեան ներկայացուցիչ Իպրահիմ Խալաֆ։
Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Գամիշլիի հայկական եւ բարեսիրական միութիւններու վարչութեանց անդամներ, ինչպէս նաեւ համայնքային տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ։
Պաշտօնական բացման արարողութենէն ետք հնչեցին տօնական եւ քաղաքական բնոյթի ելոյթներ։
Իր ելոյթին մէջ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի անդրադարձաւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող քաղաքական եւ ապահովական զարգացումներուն։ Ան շեշտեց Սուրիոյ մէջ նոր քաղաքական փուլի մը ձեւաւորման կարեւորութիւնը եւ ընդգծեց, որ քրտական ազգային իրաւունքներու ապահովումը, մայրենի լեզուով կրթութեան հնարաւորութիւնը եւ երկրի բոլոր բաղադրիչներու իրաւունքներու երաշխաւորումը պէտք է իրենց տեղը գտնեն Սուրիոյ նոր սահմանադրական ու քաղաքական համակարգին մէջ։
Իր կարգին, Հասիչէի փոխնահանգապետ Ահմետ Հիլալի կարեւոր համարեց շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող բազմազանութիւնն ու գոյակցութեան ոգին՝ նշելով, որ Գամիշլին մշտապէս եղած է տարբեր ժողովուրդներու, կրօնական եւ ազգային բաղադրիչներու միատեղ կեանքի քաղաք։ Ան ընդգծեց, որ նոր փուլը պէտք է հիմնուի օրէնքի գերակայութեան, միասնական քաղաքացիութեան եւ բոլոր բաղադրիչներու փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն վրայ։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան անունով եւ անոր Քաղաքական Յարաբերութեանց Խորհուրդի անդամ Բարշ. Յակոբ Ա.Սրկ. Պարսումեան հանդէս եկաւ արաբերէն լեզուով՝ ներկայացնելով Առաջնորդական Փոխանորդութեան խօսքը։
Իր ելոյթին մէջ Յակոբ Ա. Սրկ. Պարսումեան անդրադարձաւ շրջանի բոլոր բաղադրիչներուն՝ քիւրտերուն, արաբներուն, ասորիներուն, եզիտիներուն եւ հայերուն միջեւ առողջ, ամուր եւ բարեկամական յարաբերութիւններու պահպանման կարեւորութեան։
Ան ընդգծեց, որ Գամիշլիի անցած հարիւրամեայ պատմութիւնը տարբեր ժողովուրդներու եւ համայնքներու միատեղ աշխատանքի, փոխադարձ յարգանքի եւ գոյակցութեան պատմութիւն է։ Ըստ անոր՝ այսօրուան միատեղ կեանքն ու խաղաղ գոյակցութիւնը մեր նախնիներուն կողմէ մեզի աւանդուած թանկագին ժառանգութիւն մըն է, որ պէտք է պահպանուի եւ փոխանցուի գալիք սերունդներուն։
Բարշ. սարկաւագը իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար ընդգծեց, որ քաղաքի հիմնադրութեան հարիւրամեակը պէտք է առիթ հանդիսանայ ոչ միայն անցեալը յիշելու եւ արժեւորելու, այլեւ ապագայի նկատմամբ միասնական պատասխանատուութիւն ստանձնելու։
Ան շեշտեց, որ Գամիշլիի բազմազանութիւնը պէտք է դիտուի որպէս հարստութիւն եւ ուժ, իսկ քաղաքի ապագան պէտք է կառուցուի բոլոր բաղադրիչներու արժանապատիւ եւ հաւասար մասնակցութեան, փոխադարձ վստահութեան եւ գործակցութեան հիման վրայ։
Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ պարգեւատրման արարողութիւն՝ նուիրուած այն անձերուն, որոնք երկար տարիներու իրենց գործունէութեամբ նշանակալի ներդրում ունեցած են շրջանի զարգացման, հասարակական կեանքի ամրապնդման եւ տարբեր բաղադրիչներու գոյակցութեան ու բարեկամութեան խթանման մէջ։
Առաջին յետմահու պարգեւատրումը շնորհուեցաւ հանրայայտ երաժիշտ, երգահան եւ քրտական ու արեւելեան մշակոյթին մեծ ներդրում ունեցած երջանկայիշատակ Արամ Տիգրանին։
Արամ Տիգրանի անունը իր ուրոյն տեղը ունի շրջանի մշակութային կեանքին մէջ։ Հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու մշակութային կապերու ամրապնդման եւ երաժշտական ժառանգութեան զարգացման մէջ անոր թողած ժառանգութիւնը ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն։
Արամ Տիգրանի անունով շնորհուած պարգեւը ստանձնեց Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Վարդան Մուրատեան։
Երկրորդ պարգեւատրումը շնորհուեցաւ Զաւէն Գասպարեանին՝ ի գնահատումն շրջանի պետական, ազգային եւ հասարակական կեանքին մէջ անոր երկարամեայ եւ բազմակողմանի վաստակին։
Զաւէն Գասպարեան տասնամեակներ շարունակ իր գործունէութեամբ ծառայած է Գամիշլիի հասարակական եւ ազգային կեանքին՝ իր ներդրումը բերելով կրթական, եկեղեցական, մարզական, համայնքային եւ հասարակական տարբեր ոլորտներու զարգացման։
Գամիշլիի հիմնադրութեան հարիւրամեակի հանդիսութիւնը այսպիսով դարձաւ ոչ միայն քաղաքի անցած ճանապարհը արժեւորելու, այլեւ անոր բազմազան հասարակութեան միասնական կեանքն ու ապագայի հանդէպ յանձնառութիւնը վերահաստատելու առիթ մը։
Հարիւր տարիներու պատմութիւն ունեցող Գամիշլին այսօր եւս կը շարունակէ կրել միատեղ ջանքերուն դրոշմը այն ժողովուրդներուն եւ համայնքներուն, որոնք իրենց աշխատանքով, ստեղծագործութեամբ եւ նուիրումով մասնակցեցան քաղաքի հիմնադրութեան, կերտման եւ զարգացման գործընթացին։
Այս պատմութեան մէջ հայութեան ներդրումը անբաժանելի մասն է Գամիշլիի ինքնութեան եւ պատմական յիշողութեան։ Հայ համայնքը, իր ազգային, եկեղեցական, կրթական, մարզական, մշակութային եւ հասարակական կառոյցներով, հարիւր տարի շարունակ իր գործուն մասնակցութիւնը բերած է քաղաքի կեանքին եւ զարգացման։
Հարիւրամեակի յիշատակումը, հետեւաբար, ոչ միայն անցեալի մը յիշատակն ու արժեւորումն էր, այլեւ պատգամ մը՝ պահպանելու Գամիշլիի բազմազանութեան ոգին, ամրապնդելու փոխադարձ վստահութիւնն ու յարգանքը եւ նոր հարիւրամեակը դիմաւորելու միասնական կամքով, հաւաքական պատասխանատուութեամբ եւ խաղաղ գոյակցութեան հաստատուն յանձնառութեամբ։