09/12/2025
Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2025-ին, «Ֆանար»ի «Ս. Երրորդութիւն» Մատրան Տիկնանց Յանձնախումբը իր նախաձեռնութեամբ կազմակերպեց Լէյլաւան–Ֆանարի տարեցներու կաղանդի տարեկան ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ «Է. Ակնունի» ակումբէն ներս։
Ճաշի օրհնութիւնը կատարեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Առաքել քահանայ Տմտմեան։ Ապա, յանձնախումբի ատենապետուհի տիկ. Անի Տուտագլեան, բարի գալուստի իր բարեմաղթանքները ուղղեց ներկաներուն եւ շնորհաւորեց բոլորին տօնական օրերը։
Օրուան հիւրերը՝ մեր սիրելի Մամիկներն ու Պապիկները, տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն եւ կաղանդ պապուկին մասնակցութեամբ, միասին վայելեցին ուրախ մթնոլորտ մը՝ զարդարուած երգերով, պարերով եւ ամանորեան տրամադրութեամբ։
Աւարտին, անոնք ստացան իրենց կաղանդի նուէրները եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները։