14/09/2026
Երանաշնորհ Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու երրորդ օրը՝ Փատովա քաղաքի Սուրբ Ֆրանչիսկոս եկեղեցւոյ մէջ
__________________________
Կիրակի՝ 13.09.2026-ին, Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակին նուիրուած սեպտեմբերեան եռօրեայ ձեռնարկներու վերջին օրը սկսաւ Մխիթարեան Մայրավանքին մէջ՝ Խաչվերացի տօնին առիթով մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով։
Սուրբ Պատարագէն ետք, միաբան հայրերու առաջնորդութեամբ, խումբը ուղղուեցաւ դէպի Փատովա քաղաք, ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոս եկեղեցւոյ մէջ «Սաղմոսերգու» եւ «Գեղարդ» երգչախումբերու կատարմամբ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգային յայտագիր։
Երգչախումբերը սկիզբը՝ առանձին-առանձին, ապա՝ միասնաբար, երկսեռ երգեցողութեամբ հանդիսատեսին ներկայացուցին հայ հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու զանազան կատարումներ։
Ընտրուած էին թէ՛ անցեալի եւ թէ՛ ներկայի հայ տարբեր երգահաններու ստեղծած ու մշակած նշանաւոր գործեր։
Եկեղեցին լեփ-լեցուն էր հայ խմբերգային երաժշտարուեստի գոհարները ունկնդրելու եկած հանդիսատեսով, որուն յոտնկայս ծափահարութիւններուն ներքեւ ալ իրենց աւարտին հասան Երանաշնորհ Մխիթար Աբբահօր ծննդեան նուիրուած հանդիսութիւններու այս փուլը։
Կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնենք այն բոլոր բարերարներուն, որոնց աջակցութեամբ հնարաւոր եղաւ իրականացնել այս գեղեցիկ հանդիսութիւնները։